Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԽՕՍՔԸ. ԵԹԷ ՀԱՅՐԵՆԱՍԷՐ ՉԵՍ, ՆԱԵՒ ՉԵՍ ԱՍՏՈՒԱԾԱՍԷՐ…

November 28, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սիրելի՛ ընթերցող, կը խնդրեմ, որ ինծի թոյլ տաս մէջբերում մը կատարելու կիրակնօրեայ քարոզէս. «Եթէ հայրենասէր չես, դուն չես կրնար ըլլալ աստուածասէր: Եթէ ազգասէր չես, դուն չես կրնար ըլլալ եղբայրասէր»:

Յստակ ըլլալու է բոլորին, որ աստուածասէրը հայրենասէր է, անպայմա՛ն, եւ եղբայրասէրը ազգասէր է, անկասկա՛ծ: Ա՛յս է հայ քրիստոնեան: Ա՛յս է քրիստոնեայ հայը:

Դուն գիտես, թէ մեր քրիստոնէական կրօնին առաջին պատուիրանն է. «Պիտի սիրես քու Տէր Աստուածդ ամբողջ սրտովդ, ամբողջ հոգիովդ, ամբողջ մտքովդ եւ ամբողջ կարողութեամբդ»: Ահաւասիկ նաեւ երկրորդը. «Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս»: Այս երկու պատուիրաններէն աւելի մեծը չկայ» (Մրկ. 12,30-31):

Երկմասնեայ պատուիրանը լաւագոյն պահողն եղաւ Մարիամ Սիրամայրը` «Հայոց խնկելի Աստուածածինը», որուն այս կապակցութեամբ տրուած հայադրոշմ տիտղոսները մէկը միւսէն իմաստագեղ են: Այսօր մեր Եկեղեցին կը կատարէ` «տօն ընծայման սրբոյ Կուսին Մարիամու Աստուածածնի»:

Մարիամ, սակայն, Աստուածամայր է, ուստի, այս իր սրբազնասուրբ հանգամանքով` բարեմասնութիւններու գանձարանը եւ առաւելութիւններու կատարն է: Ոչ միայն օրինակն է մարդերուն, այլ նաեւ Դաստիարակը` բոլոր առաքինութիւններուն մէջ:

Նկատի առած նաեւ, որ վաղը, նոյեմբեր 22-ին, Լիբանանի անկախութեան տօնն է, ջանացի որոնել աշխարհական հայ հեղինակութիւն մը, որ իր կեանքով, գործով ու գրիչով կը համադրէ վերի երկու մէջբերումները` երկու յիշեալ տօներուն դիմաց:

Գտած անձնաւորութիւնս Գրիգոր Մագիստրոս Պահլաւունի (990-1059) իշխանն է, որ իր բազմաբնոյթ գործունէութեամբ ու վաստակով օրինակ կրնայ ըլլալ ամէն տեսակի ու մարզի մէջ բոլոր ղեկավարներուն, բայց յատկապէս` ներկայ Հայաստանի իշխանաւորներուն:

Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի ազգատոհմէն սերած իշխան Վասակ Պահլաւունի Նահատակին որդին` Վահրամ  Պահլաւունի հռչակեալ սպարապետին եղբօրորդին եւ Գրիգոր Ա. Վկայասէր կաթողիկոսին (1066-1105) հայրը` Գրիգոր Մագիստրոս, որ միատեն մատենագիր, թարգմանիչ, բանաստեղծ, շարականագիր, գիտնական, փիլիսոփայ, շինարար, քաղաքագէտ ու զինուորական գործիչ էր, աշխատեցաւ իր ժողովուրդին բարօրութեան եւ արդիւնաբերեց իր երկրին բարգաւաճումին համար: Հոս կը թուեմ անոր գործերէն հետեւեալները լոկ:

Իր հայրենիքին անկախութեան ու ազատութեան ի խնդիր` Բագրատունի Գագիկ Բ. թագաւորին աջակցեցաւ եւ Կ. Պոլիս գնաց միջնորդելու համար Բիւզանդիոնի կայսեր մօտ:

Կառուցած բազմաթիւ եկեղեցիներէն եւ վանքերէն ծանօթ են Բջնիի Ս. Աստուածածինը, Կեչառիսի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչն ու Հաւուց Թառի Ս. Ամենափրկիչը:

Հիմնեց բարձրագոյն տիպի իր սեփական դպրոց-ճեմարան-լսարանը, որուն մէջ կը դասաւանդէր իր ժամանակին նիւթերը, ինչպէս` քերականութիւնը, ճարտասանութիւնը, իմաստասիրութիւնը, թուաբանութիւնը եւ այլ գիտութիւններ:

Հարաւային Հայաստանի ու Միջագետքի կայսերական կուսակալ 1048-էն սկսեալ` Գրիգոր Մագիստրոս անարիւն, բայց շատ բուռն պայքար մղեց երկրին աղէտ ու ազգին փորձանք դարձած թոնդրակեցիներուն դէմ` արգիլելով, սակայն, որ իր բանակայինները խոշտանգեն, աղուէսակնիքով խարանեն եւ սպաննեն զանոնք:

Գրիգոր Մագիստրոս` բազմահմուտ միտքն ու կատարեալ համայնագէտը, լաւատեղեակ էր` հայ եւ յոյն դիցաբանութեան, բնական գիտութիւններու, պատմութեան, գրականութեան, արուեստի, երկրաչափութեան, բժշկագիտութեան, աստղաբաշխութեան, երաժշտութեան, կենսաբանութեան ու տիեզերագիտութեան:

Գրիգոր Մագիստրոս մեծ աստուածաբան էր: Բնագիտութիւնն ու բնազանցութիւնը համադրելով`  ոչ միայն ընդունեցաւ գերագոյն Էակին գոյութեան տիեզերաբանական փաստը, այլ նաեւ սորվեցուց Արարիչ Աստուծոյ`  բարձրագոյն Գոյին ստեղծագործութեան ճանաչումը բնութեան միջոցով:

Գրիգոր Մագիստրոս խոր աստուածաշնչագէտ էր: Անոր բազմասեռ գրականութեան չափածոներու մէջ ամենայայտնի երկն է «Հազարտողեան» գեղօնը` հասցէագրուած «Առ Մանուչէ», արաբ լեզուագէտ ու հայերէնաճանաչ մատենագրին, որուն հանդիպեցաւ 1044-ին, Բիւզանդիոն:

Հայ իմաստունը շահեցաւ գրաւը` երեք օրէն հեղինակելով 1016 տողերէ բաղկացած բանաստեղծութիւնը, որ Հին եւ Նոր Կտակարաններուն համառօտ յանգաւորեալ վերապատումն է Ադամի ստեղծումէն մինչեւ Յիսուսի երկրորդ գալուստն աշխարհի կատարածին: Մանուչէ գիտնականը, սքանչանալով լսած «Հազարտողեան»-էն, մկրտուեցաւ:

Վերջապէս, Գրիգոր Մագիստրոս` հայ մշակոյթին ու պատմութեան մէջ անջնջելի հետք ձգած աստուածասէր-հայրենասէր եւ ընկերասէր-ազգասէր դէմքը լուսափայլ, իր Վահրամ որդիին գրած նամակին մէջ կը շեշտէ. «Քեզմէ կը խնդրեմ, որ երբեք չմոռնաս մեր աւանդութիւնները եւ մեր Աստուած Քրիստոսի հանդէպ սիրոյ եռանդը, ինչպէս ալ` չթոյլատրել մեր նախնիներու ճրագին լոյսին մարումը…»:

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Այնճար, 21 նոյեմբեր  2011

 

Նախորդը

ԹՈՒՐՔԻԱ ԿԸ ՁԳՏԻ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀՆԴԻԿՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ԱՌԵՒՏՐԱՅԻՆ ՄԵՆԱՇՆՈՐՀԻՆ ՏԻՐԱՆԱԼՈՒ

Յաջորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. ՆԸԺՄԵԹ ՍԱՀՐԱ – ՀՄԸՄ` 2-2

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Դաշնակցական Ընկերոջ Օրինակը Ընկեր Մ. Պարոնեան

November 25, 2026
Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը` Հաստատութենական Հեռանկարով

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։