Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութեան սահմանապահ վարչութեան աշխատակիցներու կողմէ ձերբակալուած է Հայաստան-Թուրքիա սահմանը խախտած Թուրքիոյ քաղաքացի մը: Այդ մասին «Արմէնփրես»-ին յայտնած են Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ռուսիոյ անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութեան սահմանապահ վարչութեան լրատուական ծառայութենէն: Ռուս սահմանապահները Թուրքիոյ քաղաքացին ձերբակալած են Գիւմրիի սահմանապահ ջոկատի տեսամասին մէջ` ճարտարապետական-ճարտարագիտական միջոցները յաղթահարելու փորձի ժամանակ:
Ստուգումներու ընթացքին սահմանը խախտածին մօտ յայտնաբերուած է բջիջային հեռաձայն, որուն մէջ գոյութիւն ունեցած են պետական սահմանի ճարտարապետական կառոյցներու եւ պատնէշներու լուսանկարներ եւ տեսերիզներ:
Օրէնսդրութեամբ սահմանուած կարգով սահմանը խախտած անձը յանձնուած է Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւապահ մարմիններուն: Ներկայիս տեղի կ՛ունենան անհրաժեշտ աշխատանքներ` դէպքին մանրամասնութիւնները յստակացնելու համար:



