Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա, որ տարեկան «Ժառա» երաժշտական փառատօնին ներկայ գտնուելու նպատակով այցելած է Պաքու, «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան ազրպէյճանական ծառայութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած է խումբ մը ռուս քաղաքագէտներու վերջերս Ազրպէյճան այցելութեան, որուն ընթացքին անոնք խօսած էին «Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մասին»:
Զախարովա յայտնած է, որ ժողովրդավարական հասարակութիւն ունեցող որեւէ երկրի մէջ գոյութիւն ունին բազմաթիւ փորձագէտներ եւ քաղաքական գործիչներ, ատիկա պետական դիրքորոշում չէ, սակայն անոնք ունին ատոր իրաւունքը, իսկ Ռուսիոյ դիրքորոշումը այդ հարցին մէջ անփոփոխ է:



