Կիրակի, 29 յուլիսին իր աւարտին հասաւ Ֆրանսայի հեծելարշաւի շրջավազքը, ծանօթ` «Թուր տը Ֆրանս» անունով, երբ տեղի ունեցաւ 21-րդ հանգրուանի մրցումը:
Այս վերջին հանգրուանի մրցումին տիրացաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու խումբին մաս կազմող նորվեկիացի Ալեքսանտր Քրիսթոֆ, որ արձանագրեց 2 ժամ 46’36” արդիւնք մը: Այս վերջին հանգրուանը աւարտեցաւ Շան զ՛Էլիզէի մէջ, ուր տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:
«Թիմ Սքայ» խումբին մաս կազմող անգլիացի Կերընթ Թոմաս տիրացաւ այս շրջավազքի տիտղոսին եւ դեղին շապիկին, երբ արձանագրեց 83 ժամ 17’13” արդիւնք մը: Երկրորդ դիրքը 1’51” ուշացումով գրաւեց Հոլանտայի Թոմ Տումոլին («Սանուեպ»), իսկ երրորդ դիրքը` «Թիմ սքա»-ի երկրորդ անգլիացի վարորդը` Քրիս Ֆրում (2’24” ուշ):
32 տարեկան Թոմաս առաջին անգամ ըլլալով կը տիրանայ այս տիտղոսին, մինչ ֆրոմ անոր տիրացած է 4 անգամ:
Թոմաս այս վերջին` 21-րդ հանգրուանին (116 քմ) հանդիսացաւ 67-րդ:
Կէտերու դասաւորման մէջ առաջին հանդիսացաւ Փիթըր Սական (Սլովաքիա, «Պորա-Հենսկրոհէ»), որ ապահովեց 477 կէտ:
Լեռնային հանգրուանի վերջնական դասաւորման մէջ առաջին հանդիսացաւ ֆրանսացի Ժիւլիան Ալաֆիլիփ («քուիք-սթեփ-ֆլորզ»), որ ապահովեց 170 կէտ:
Իսկ խմբային դասաւորման մէջ առաջին հանդիսացաւ «Մովիսթար» խումբը (250 ժամ 24’53”):