«Ֆորմիւլա-1»-ի 2018-ի աշխարհի ախոյեանութեան, Հունգարիոյ կրան փրին աւարտեցաւ գործող ախոյեան, «Մերսետես»-ի անգլիացի վարորդ Լուիս Հեմիլթընի յաղթանակով, որ 70 լեփ ունեցող Պուտափեշթի այս կրան փրիին արձանագրեց 1 ժամ 37’16” արդիւնք մը:
Անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին «Ֆեռարի»-ի վարորդները` գերմանացի Սեպասթիան Վեթել (17″ ուշ) եւ ֆինլանտացի Քիմի Ռայքոնըն (20” ուշ):
Հեմիլթըն, որ այս տարեշրջանի իր հինգերորդ յաղթանակը, իսկ իր արհեստավարժ ասպարէզին 67-րդ յաղթանակը արձանագրեց, այժմ իր տրամադրութեան տակ ունենալով 213 կէտ, կը գրաւէ վարորդներու ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը: Երկրորդ դիրքին վրայ է Վեթել (189 կէտ), իսկ երրորդ դիրքին վրայ` Ռայքոնըն (146 կէտ): «Մերսետես»-ի երկրորդ վարորդը` ֆինլանտացի Վալթերի Պոթթաս կը գտնուի չորրորդ դիրքին վրայ (132 կէտ):
Ինչ կը վերաբերի խումբերու դասաւորման, «Մերսետես» առաջին է (345 կէտ), իսկ «Ֆեռարի»` երկրորդ (335 կէտ): Լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ «Ռետ Պուլ» (223 կէտ):