Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը երէկ ուշ գիշերին խորհրդակցական սենեակէն վերադառնալով` որոշեց կալանաւորել 1998-2008 թուականներու Հայաստանի նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը: Այդ մասին լրագրողներուն յայտնեց Քոչարեանի փաստաբան Արամ Օրբելեանը:
Յիշեցնենք, որ յատուկ քննչական ծառայութիւնը հինգշաբթի օր «Մարտի 1»-ի գործով վկայի կարգավիճակով հարցաքննութեան հրաւիրուած Քոչարեանին մեղադրանք առաջադրեց եւ միջնորդութիւն ներկայացուց Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի դատարան` նախկին նախագահին նկատմամբ կալանաւորումը իբրեւ խափանման միջոց ընտրելու համար:
Միւս կողմէ, Յատուկ քննչական ծառայութիւնը նախապէս տեղեկացուցած էր, թէ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Եուրի Խաչատուրով «Մարտի 1»-ի գործով` վկայի կարգավիճակով այցելած է ծառայութեան կեդրոն, որմէ ետք անոր մեղադրանք առաջադրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան քրէական օրէնսգրքի 300.1-ի յօդուածի Ա. մասով` այն բանի համար, որ ան, այլ անձերու հետ նախնական համաձայնութեամբ, տապալած է Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական կարգը` 1 մարտ 2008-ին Երեւան քաղաքին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն հարցով:
Երէկ երեկոյեան Եուրի Խաչատուրովի փաստաբան Միհրան Պօղոսեան լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարը 5 միլիոն դրամ գրաւի դիմաց ազատ պիտի արձակուի: