Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա Պաքուի մէջ յայտարարած է, թէ Ռուսիա կ՛ողջունէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով Պաքուի եւ Երեւանի հաղորդակցութիւնները: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»:
Պաքուի մէջ երէկ քաղաքական խորհրդակցութիւններ տեղի ունեցած են Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւններու պաշտօնական ներկայացուցիչներու միջեւ:
«Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել ազրպէյճանցի գործընկերներուն հրաւէրին համար, մենք աւանդական համագործակցութիւն ունինք: Մենք տարբեր հարցերու շուրջ փոխանակած ենք կարծիքներ, ատիկա հիանալի կարելիութիւն է դասաւորելու այն աշխատանքը, որ մենք կը կատարենք: Համաձայնած ենք աշխուժ կերպով կարծիքներու փոխանակում կատարել, որոշած ենք միջազգային հարթակներու վրայ միջազգային համագործակցութեան ուրուագիծերը», Պաքուի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Զախարովա:
Անոր համաձայն, «Ռուսիան, իբրեւ միջնորդ երկիր, ինքզինք արդիւնաւէտ եւ կառուցողական կերպով դրսեւորած է ղարաբաղեան տագնապի լուծման հարցին մէջ»:
«Ռուսիան հիանալի կերպով կը տիրապետէ նիւթին: Տագնապի լուծման հարցով հանդիպումները տեղի կ՛ունենան տարբեր մակարդակներու վրայ: Մենք կ՛ողջունենք Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ բոլոր հանդիպումները, որոնց մասին կը համաձայնին կողմերը եւ որոնք կառուցողականօրէն կ՛անցնին», յայտարարած է ան:



