Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐ ԱՐՄԷՆ ԱՇՈՏԵԱՆ ԺԱՄԱՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆ

November 25, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախարարներ Աշոտեան եւ Տիապ

Երէկ երեկոյեան երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Լիբանան ժամանեց Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան` ընդառաջելով լիբանանցի իր պաշտօնակիցին` Հասսան Տիապի հրաւէրին:

Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ Ա. Աշոտեան եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցան Լիբանանի կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Հասսան Տիապի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեանի եւ Մարդկային պաշարներու «Փիւնիկ» հիմնադրամի նախագահ Գաբրիէլ Չեմպերճեանի կողմէ:

Նախարար Տիապ բարի գալուստ մաղթեց Ա. Աշոտեանին, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր:

Օդակայանի պատուոյ հիւրերու սրահին մէջ կարճ հանդիպումէ մը ետք, «Ազդակ»-ի թղթակիցին հարցումներուն պատասխանելով նախարար Աշոտեան

յայտնեց, որ իր այցելութիւնը ունի բազմաթիւ նպատակներ: Ան ըսաւ, որ

հայ-լիբանանեան երկկողմանի յարաբերութիւնները աւանդականօրէն խարսխուած են քաղաքակրթական նմանութիւններու վրայ:

«Կարեւոր է, որ այդ յարաբերութիւնները գոյութիւն ունենան ոչ միայն քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային մարզերուն մէջ, այլեւ` խարսխուին նաեւ կրթական ծրագիրներու վրայ, որոնց շնորհիւ կարելի ըլլայ ապահովել միջմշակութային երկխօսութիւնը եւ փոխադարձ օգտակարութիւնը` փոխանակելով ծրագիրներ եւ կրթական բարեփոխումներ», ըսաւ Աշոտեան:

Ան աւելցուց, որ Հայաստանի եւ Լիբանանի նախարարութիւններուն միջեւ երկար ատենէ ի վեր պաշտօնական յարաբերութիւններ գրեթէ գոյութիւն չունին, եւ յոյս յայտնեց, որ ինք Տիապի հետ կարենայ այս յարաբերութիւններուն նոր

շունչ տալ, կրթական ոլորտին վերաբերող ծրագիրներու փոխանակում կատարել` փոխադարձ օժանդակութիւն կատարել, ակնկալելով, որ Լիբանան իր կարգին հետաքրքրութիւն ցուցաբերէ այդ յարաբերութիւնները թարմացնելու ջանքերուն առնչութեամբ:

Արմէն Աշոտեան հաստատեց, որ իր այցելութեան նպատակներէն է նաեւ հայկական դպրոցներու եւ լիբանանահայութեան ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումներ ունենալ` քննարկելու համար ներկայիս հայկական դպրոցներուն դիմագրաւած հարցերը, կարիքները եւ այն ինչ որ պէտք է Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը կատարէ` սփիւռքի եւ յատկապէս Լիբանանի մէջ գործող հայկական վարժարաններուն կարիքները գոհացնելու իմաստով:

Իր կարգին, նախարար Տիապ «Ազդակ»-ին ըսաւ, որ Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ կրթական առումով երկկողմանի յարաբերութիւնները հեզասահ են եւ անոնք նոր թափ պիտի ստանան` հիմնուելով երկու նախարարութիւններուն միջեւ նախապէս ստորագրուած համաձայնագիրներուն վրայ:

Տիապ հաստատեց, որ նախարար Աշոտեանի Լիբանան այցելութիւնը պիտի ըլլայ նաեւ առիթ մը` վերանորոգելու համար այն համաձայնագիրը, որ կը վերաբերի երկու երկիրներուն միջեւ տարրական, բարձրագոյն ուսման, ինչպէս նաեւ թեքնիք ու արհեստից ուսման եւ արաբերէնի ուսուցման ծրագիրներուն:

Նախարար Տիապ դրական նկատեց այն իրականութիւնը, որ Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ ուսման համակարգերը նոյնն են, այն առումով, որ անոնք կ՛ընգրկեն տարրական, բարձրագոյն եւ թեքնիք ուսման մարզերը:

Նախարար Տիապ յայտնեց, որ այսօրուան հանդիպումը պիտի ըլլայ նաեւ առիթ մը, որուն ընթացքին լիբանանեան պետութիւնը շնորհակալութիւն պիտի յայտնէ Հայաստանին` լիբանանեան 120 պետական վարժարաններու անոր նուիրած 120 տարրալուծարաններուն համար:

Տիապ նշեց նաեւ, որ ինք յառաջիկայ դեկտեմբերին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանին պիտի ընկերակցի` Հայաստան կատարելիք իր պաշտօնական այցելութեան շրջագիծին մէջ` յոյս յայտնելով, որ երկկողմանի գործակցութիւնը կարելի ըլլայ լաւագոյն կերպով աշխուժացնել եւ ամրապնդել:

Նշենք, որ այսօր կրթութեան նախարարութեան մէջ տեղի պիտի ունենայ աշխատանքային հանդիպում մը, որմէ ետք պիտի կատարուի Հայաստանի կառավարութեան կողմէ 120 տարրալուծարաններու յանձնումը` Լիբանանի կրթութեան նախարարութեան ճամբով լիբանանեան 120 պետական վարժարաններու:

Նախորդը

ԱԿՆԱՐԿ. ԹԱԼԷԱԹԸ ՀԻԹԼԵՐԷՆ ԱՌԱՋ ԵՒ ՔՈՅՐ ՔԱՂԱՔՆԵՐՈՒ ԽՈՐԹՈՒԹԻՒՆԸ

Յաջորդը

ՌՈՒՍԻՈՅ ՃԱՏՐԱԿԻ ՏՂՈՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՒՄԲԸ Կ՛ՈՒՆԵՆԱՅ ՀԱՅ ՄԱՐԶԻՉ

RelatedPosts

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները  Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանին

November 27, 2026
Հայկական Երկաթուղիի  Ռուսական Կառավարումը  Պիտի Ազդէ ԹՐԻՓՓ-ի Նախագիծին Վրայ
Հայկական

Հայկական Երկաթուղիի Ռուսական Կառավարումը Պիտի Ազդէ ԹՐԻՓՓ-ի Նախագիծին Վրայ

November 27, 2026
Իրանի Գերագոյն Հոգեւոր Պետին Խորհրդականը  Կը Զգուշացնէ «Կեղծ Ուղիներ» Օգտագործելէ
Գլխաւոր լուրեր

Իրանի Գերագոյն Հոգեւոր Պետին Խորհրդականը Կը Զգուշացնէ «Կեղծ Ուղիներ» Օգտագործելէ

November 26, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։