Ռէալ Մատրիտի կալեսցի միջնապահ Կերըթ Պէյլ պիտի շարունակէ հանդէս գալ արքայական ակումբին հետ, հակառակ անոր որ Պայէրն Միւնիխ մեծ աշխատանք կը տանի իր կազմին միացնելու ֆութպոլիստը:
Ռէալի նոր մարզիչ Խուլիեն Լոփեթեկի կրցաւ համոզել Պէյլը, որ չփոխէ իր ակումբը, յայտնեց «Տը Թելեկրաֆ»:
Ան 2013-ին Թոթենհամէն փոխանցուեցաւ Ռէալ Մատրիտին:
Անդրադառնալով իր իրագործելիք ծրագիրներուն` Ռէալի նոր մարզիչը ըսաւ. «Ես վերադարձայ աշխարհի լաւագոյն ակումբին, ուր մեծցած եմ: Այժմ մենք կը պատրաստուինք Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ տեղի ունենալիք Եւրոպայի գերբաժակի մրցաշարքին գծով կատարուելիք ճակատումին: Ունինք շատ զօրաւոր խումբ մը եւ պատրաստ ենք սկսելու 2018-2019 տարեշրջանի բոլոր մրցաշարքերուն»:
51 տարեկան ֆութպոլի մասնագէտը, 2018-ի մոնտիալի ազդանշանին տրուելէն մէկ օր առաջ հեռացուեցաւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչի պաշտօնէն, որովհետեւ առանց Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը տեղեակ պահելու պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Ռէալ Մատրիտի հետ:
Ան 2016-էն ի վեր կը գլխաւորէր Սպանիոյ ազգային խումբը:



