Լոնտոնեան Չելսիին մաս կազմող Էտեն հազար որոշեց ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակել Ռէալ Մատրիտի հետ:
Նշուեցաւ, որ պելճիքացի ֆութպոլիստը կապի մէջ մտնելով Ռէալի պատասխանատուներուն հետ, համաձայնութեան եկած է անոնց հետ: Սակայն երկու ակումբներուն միջեւ պաշտօնական հանդիպում ցարդ տեղի չէ ունեցած:
Ռոնալտոյի Եուվենթուս տեղափոխուելէն ետք, արքայական ակումբը նոր յառաջապահի մը փնտռտուքի աշխատանքին մէջ է:



