Իտալիան` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի նախագահ, կրնայ աշխուժ դեր խաղալ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ: Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ` Իտալիոյ նախագահ Սերճիօ Մաթարելայի հետ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:
«Ես նախագահին տեղեկութիւն ներկայացուցած եմ տագնապին մասին, արտայայտած եմ Ազրպէյճանի դիրքորոշումը բանակցութիւններու ներկայ վիճակին մասին», ըսած է ան` նշելով, որ Ազրպէյճան կ՛ուզէ, որ տագնապը ստանայ շուտափոյթ լուծում:
Իտալիոյ նախագահը իր կարգին նշած է. «Իտալիան ԵԱՀԿ-ի նախագահութեան ծիրին մէջ իր աջակցութիւնը պիտի ցուցաբերէ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրին վերաբերեալ: Մենք կ՛ուզենք, որ այդ հարցին մէջ բանակցութիւններու ձեւաչափի փոփոխութեան փոխարէն, հակառակը, գտնուին բանակցութիւններ վարելու նոր ուղիներ, որոնք պիտի ապահովեն շրջանին մէջ անվտանգութիւնը: Որովհետեւ մեր կարծիքով, այդ տագնապը պէտք է լուծուի ոչ թէ զինուորական, այլ քաղաքական ճամբով: Այդ լուծումը պէտք է տեղի ունենայ կայունութեան, երկարաժամկէտութեան եւ միջազգային իրաւունքի ծիրին մէջ»: