Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուլթան Էրտողան Եւ Թուրքիոյ Տնտեսական Իրավիճակը

Յուլիս 17, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՃՐՏԳ. ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Գաղտնի բան չէ, որ ներկայիս Թուրքիոյ տնտեսական ցուցանիշը որոշ չափով անկումի մէջ է, եւ այդ մէկը պարզ է երկրի դրամանիշի արժէքի կորուստներուն պատճառով: 2005-ին Թուրքիոյ պետութիւնը երկրի ազգային դրամանիշէն` լիրայէն վեց զերոներ ջնջելով` ստեղծեց Թուրքիոյ «նոր լիրա»-ն (Yeni Turk Liras). այդ օրերուն, երբ ամերիկեան տոլարը մօտաւորապէս մէկուկէս միլիոն լիրա կ՛արժէր, զերոներուն ջնջումով հաւասար եղաւ 1.344 նոր լիրայի: Սակայն լիրան չկրցաւ կայուն մնալ` հակառակ պետութեան թափած բոլոր ջանքերուն եւ յաճախ արժեզրկումի ենթարկուեցաւ ու տակաւին կ՛ենթարկուի` այդ երկրին տնտեսական վատ վիճակը ցոյց տալով: 2010-ին տոլարը 1.550 լիրա կ՛արժէր, իսկ 2015-ին` 2.189 լիրա, սակայն 2017-ի վերջերը անիկա 3,77 լիրա եղաւ, մայիս 2018-ին` 4,47 լիրա, իսկ յունիս 2018-ին (մէկ ամիս ետք) բարձրացաւ 4,68 լիրայի… եւ այսպէս, լիրան կը շարունակէ անկումի մէջ մնալ: Այս բոլորը տարիներու տնտեսական, դիւանագիտական եւ ռազմական անյաջող ու սխալ քաղաքականութիւններու հետեւանք են:

Ուստի, ի՞նչ վիճակի մէջ պիտի յայտնուի Թուրքիոյ տնտեսութիւնը յառաջիկայ տարիներուն: Արդեօք պիտի շարունակէ վատանա՞լ, թէ՞ պիտի բարելաւուի:

Անտարակոյս, Թուրքիոյ տնտեսութեան տկարութեան ամենամեծ պատասխանատուն ի՛նք` սուլթան Էրտողանն է… իր սուլթանական երազները, մենատիրական որոշումները, քիւրտերուն հետ ներքին խռովութիւնները եւ քիւրտերու հետապնդումը Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ, դրացի երկիրներու նկատմամբ վարած իր թշնամական քաղաքականութիւնը եւ ստեղծած պատերազմները, աւելի՛ն, իր նոր կայսրութիւնը հիմնելու տենչանքը եւ անոր իբրեւ հետեւանք` իր հիմնած զինուորական խարիսխները երկրէն դուրս` Իրաքի, Սուտանի, Սոմալիի եւ Քաթարի մէջ եւ անոնց հետ առնչուող ծախսերը, իր դիւանագիտական կոպիտ յարաբերութիւնները Եւրոմիութեան երկիրներու եւ այլ պետութիւններու հետ եւ այդ բոլորին հետեւանք եղող տնտեսական վնասները, «Իսլամ եղբայրներ»-ուն իր աջակցիլն ու Եգիպտոսի, Սէուտական Արաբիոյ, Միացեալ Էմիրութիւններու նման եւ այլ կարեւոր շուկաներ կորսնցնելը, Կիւլենի հարցով Ամերիկայի հետ փակուղի հասնիլն ու շատ այլ պատճառներով Ամերիկայի հետ իր յարաբերութիւններուն վատթարացումը, եւ` բազմաթիւ ուրիշ խնդիրներ…

Էրտողան կ՛երազէ երկիրը սուլթանական խալիֆայութեան վերադարձնել, իսկ ինք իսալամներու նոր խալիֆան ըլլալ: Անն Հոֆ այս առթիւ Middle East Quarterly-ի յունիս 1-ի թիւին մէջ գրած է. «Թուրքիոյ կառավարութեան ղեկավարած Կրօնական գործերու տնօրէնութիւնը («Տիանաթ») կը վճարէ երկրին 110.000 կղերականներու (իմամներու) աշխատավարձերը եւ կը վերահսկէ անոնց ուրբաթօրեայ քարոզներու բովանդակութեան»: Բնականաբար անոնք սուլթան Էրտողանը կը փառաբանեն` միաժամանակ մեծ բեռ հանդիսանալով երկրի տնտեսութեան վրայ: Միւս կողմէ` Էրտողանի կառուցած նոր պալատը հարիւրաւոր միլիոններու ծախս եղաւ պետութեան համար, միաժամանակ ան միլիոնաւոր լիրաներով կը սատարէ Թուրքիոյ պետական «TRT» հեռատեսիլի կայաններուն, որոնք դարձած են իր քարոզչութեան գլխաւոր աղբիւրը:

Նաեւ` Թուրքիոյ երկրագործութեան արտադրանքը պէտք է ապահովէ երկրին ամենամեծ եկամուտը` նկատի առած ընդարձակ հողերու գոյութիւնը, առատ ջուրը, յարմար կլիման, մարդուժի ներկայութիւնն ու այլեւայլ պատճառներ: Սակայն, իրական պատկերը այդպէս չէ՛… Թէեւ պետութիւնը միլիառներ ծախսած է եւ տակաւին կը ծախսէ` սկսած «Աթաթիւրք» ջրամբարէն մինչեւ վերջերս «Ալիսոյ» ջրամբարէն շինարարութիւնը եւ բացումը, նաեւ պարարտանիւթ կ՛ապահովէ եւ որոշ չափով հողագործութեան համար անհրաժեշտ մեքենաներ կը հայթայթէ, սակայն երկրագործութիւնը կը մնայ անկայուն վիճակի մէջ:

Ըստ թուրք լրագրող Մեհմետ Չետինքուլէքի, «Թուրքիոյ կառավարութիւնը քննադատութիւններու ենթարկուած է գիւղատնտեսութեան ոլորտի խառնաշփոթութեան պատճառով, որուն անկումով սննդամթերքի գիները աճած են, եւ պետութիւնը ստիպուած եղած է հիմնական սննդատեսակներ ներածելու, ինչպէս` ցորեն, լուբիա, միս եւ նոյնիսկ յարդ»: Այս անկումը սկսաւ վարչապետ Թորկութ Օզալի օրերէն` 1980-էն, երբ վերջինս տնտեսական ազատականութեան հաւատարիմ քարոզիչ մը ըլլալով` շարք մը գիւղատնտեսական ներածուող արտադրանքներու վրայ դրուած հարկերը զերոյի հասցուց. բան մը, որ տակաւին կը շարունակուի Էրտողանի օրով. թէեւ այդ միջոցառումը սննդամթերքի գիներուն աճը զսպած է, սակայն, միւս կողմէ, տարիներու ընթացքին տեղական արտադրութեան վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցած է եւ տակաւին կ՛ունենայ:

Կառավարութիւնը, օրինակ, միս կը ներածէ անոր գիները նուազեցնելու համար: Ըստ Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան երեսփոխան Օրհան Սարիպեէլի, 2010 թուականէն սկսեալ Թուրքիա ներածած է 2,9 միլիոն եզ, 2,5 միլիոն ոչխար եւ այծ ու 236 հազար թոն կարմիր միս, որոնք միլիառներով ծախս եղած են պետութեան համար: Սարիպել, որ երկրագործութեան մասնագէտ է, ըսած է, թէ 2002-ին երկրի հողագործները կը կազմէին բնակչութեան 35 տոկոսը, իսկ ներկայիս այդ համեմատութիւնը նուազած է 19-ով:

Ինչ կը վերաբերի ճարտարարուեստին եւ արդիւնաբերական արտադրանքին, ապա Թուրքիա կ՛արտադրէ հիւսուածեղէն, պահածոյ սննունդ, մեքենաներ, ելեկտրոնային սարքեր, ածուխ, պղինձ, պողպատ, շինարարական նիւթեր, փայտ, թուղթ եւ այլն, սակայն կը ներածէ ծանր ու բարդ մեքենաներ եւ արդի ճարտարարուեստական իրեր: Թուրքիա ունի նաեւ ռազմական արտադրութիւն, սակայն անոր շուկան շատ սահմանափակ է, որովհետեւ ունեցածը սովորական զէնքեր են եւ կարողութիւնը չունի բարդ ու նոր տիպի զէնքեր արտադրելու:

Նաեւ` Թուրքիա կը մնայ խիստ կախուած` ներածուած քարիւղէն եւ կազէն. թէեւ ան կ՛օգտուի իր հողերէն անցնող խողովակներուն միջոցով Իրաքի քարիւղի արտածումէն, ինչպէս նաեւ աժան գինով կազ կը ստանայ Ազրպէյճանէն, իսկ վերջերս նաեւ տարածուած է այն լուրը, որ իբր թէ սուրիական քարիւղը եւս կը ստանայ ապօրինի ու աժան գիներով, սակայն այդ բոլորը բաւարար չեն 80 միլիոն բնակիչ ունեցող երկրի մը, որ իր սեփական քարիւղն ու կազը չ՛արտադրեր եւ պաշար չունի:

Ծառայութիւններ մատուցող ոլորտը ամենամեծն է Թուրքիոյ համար. մինչ երկրագործութիւնը երկրի եկամուտին միայն 6,7 տոկոսը կ՛ապահովէ, արդիւնաբերական արտադրանքը` 31,8 տոկոսը, ծառայութիւններու մարզը անոր տնտեսութեան 61,4 տոկոսը կ՛ապահովէ` ըստ 2017-ի տուեալներուն: Սակայն այս ոլորտը, ի մասնաւորի` զբօսաշրջութիւնը, մնայուն վտանգի մէջ է երկրին անկայուն վիճակին պատճառով:

Թուրքիոյ տնտեսութեան անկայունութեան ազդեցիկ պատճառներէն մէկը 15 յունիս 2016-ի յեղաշրջումն է, որմէ շատ օգտուեցաւ ինք` Էրտողանը, իր դիրքերը ամրապնդելու համար: Ան տասնեակ հազարներով պետական պաշտօնեաներ պաշտօնազուրկ ընելու կողքին, թրքական բանակի շարքերէն հեռացուց բոլոր կասկածելիները, անոնց մէջ ըլլալով նաեւ «F-16» ինքնաթիռի ռազմաօդաչուներ: Ըստ nationalinterest.org կայքին, Միացեալ Նահանգներու ռազմաօդային ուժերը գնահատած են, որ «F-35» ինքնաթիռին համար, զոր ունենալ կը ջանայ Թուրքիան, նոր օդաչու պատրաստելը 11 միլիոն տոլարի ծախս կը նախատեսէ իսկ վեթերան օդաչուներու տարիներու փորձառութիւնը ինքնին արդէն արժէքաւոր է: Այսպէս, ազգ մը, որ իր մարտիկ օդաչուները կը բանտարկէ, ոչ միայն գումար կը վատնէ, այլեւ` չափազանց արժէքաւոր հարստութիւն: Այնուամենայնիւ, քաղաքական հաշիւներով, Թուրքիոյ կառավարութիւնը վտարած կամ բանտարկած է մեծ թիւով օդաչուներ, եւ այդ պակասը լրացնելու համար Էրտողան ստորագրած է հրամանագիր մը, ըստ որուն, 330 նախկին քաղաքացիական օդաչուներ չորս տարի ժամկէտով պէտք է վերադառնան օդային ուժերու ծառայութեան, սպառնալով անոնց` հրամանին չենթարկուելու պարագային: Թուրքիոյ օդային ուժերու տկարութիւնը եւ «F-16» օդաչուներու թիւի կրճատումը պատճառ եղան, որ պետութիւնը մեծապէս շահագրգռուի ցամաքային օդային հրթիռներով, եւ այս մէկը եղաւ ռուսական «S-400» հրթիռներու գնման ու ֆրանսական-իտալական հրթիռներ արտադրող «Eurosam» ընկերութեան հետ հակաօդային զէնք արտադրելու պայմանագիրի կնքումին պատճառը: Այս բոլորը, սակայն, հսկայական բեռ եղան երկրի տնտեսութեան վրայ:

Թուրքիոյ տնտեսութիւնը այլ հարուած մըն ալ ստացաւ, երբ Ամերիկայի նախագահ Թրամփ պողպատի եւ ալիւմինիոմի ներածմանն համար հարկեր որոշեց: Թուրքիոյ պողպատի առեւտուրին դիմագրաւած դժուարութիւնները ասով ալ չսահմանափակուեցան. անիկա կը դիմագրաւէ օտարերկրեայ մրցակցութիւն` ի՛ր իսկ հողին վրայ: Ամերիկեան եւ եւրոպական շուկաներուն կողքին, անիկա Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ եւ Իրանի աժան պողպատին դէմ կը պայքարի նոյնիսկ իր շուկային մէջ: Յիշենք նաեւ, որ Ամերիկայի եւ Թուրքիոյ միջեւ ընդհանուր առեւտուրը Միացեալ Նահանգներու օգտին է: Արդարեւ, 2017-ին Թուրքիոյ ներածումները Ամերիկայէն կազմած են 11,9 միլիառ տոլար, իսկ արտածումները` 8,6 միլիառ տոլար:

Նաեւ, ըստ www.cia.gov կայքին, 2017-ի տուեալներով, Թուրքիոյ ընդհանուր արտածումները կազմած են 157,3 միլիառ տոլար, իսկ ներածումները` 196,8 միլիառ. Թուրքիոյ արտարժոյթի եւ ոսկիի պահուստները եղած են 107,5 միլիառ, իսկ անոր արտաքին պարտքը` 429,6 միլիառ տոլար: Այս բոլորով հանդերձ, երբե՛ք կարելի չէ ակնկալել, որ Թուրքիոյ տնտեսական վիճակը պիտի վատթարանայ այն աստիճան, որ երկիրը քայքայուի: Այո՛, լիրայի արժեզրկումը կը շարունակուի` վնաս պատճառելով երկրի բնակչութեան եւ տնտեսութեան, սակայն Թուրքիան մեծ երկիր է եւ շատ միջոցներ ունի զարգացնալու, եթէ ժողովրդավա՛ր կառավարութիւն ունենայ:

Ըստ Պոլսոյ «Մարմարա» թերթին (տես «Ասպարէզ», 20 յունիս 2018), «Թուրքիոյ մասնագէտներ ու քաղաքագէտներ կր պնդեն, թէ Թուրքիա հասած է տնտեսական կործանման սեմին, մինչ Թուրքիոյ ղեկավարները կը պաշտպանեն այն տեսակէտը, որ երկիրը կ՛ընթանայ դէպի տնտեսական շատ փայլուն ապագայ»: Իր կարգին, համաշխարհային համբաւի տիրացած տնտեսագէտ Տարօն Աճեմօղլուն անխուսափելի կը նկատէ Թուրքիոյ մէջ տնտեսական ծանր տագնապ մը: «Կարելի չէ սպասել հրաշքի մը: Համայնապատկերը սեւ է, անխուսափելի է տագնապը: Բազմաթիւ ընկերութիւններ պիտի սնանկանան, անգործութիւնը աւելի պիտի սաստկանայ, եւ կը մաղթենք, որ աւելի գէշը չպատահի», ըսած է ան: Աճէմօղլու նաեւ Թուրքիոյ «Ճումհուրիյէթ» թերթին յայտնած է, որ` «Թուրքիոյ տնտեսութիւնը կը դիմագրաւէ կտրուկ անկումի վտանգը»:

Վերջապէս, մեծ երկիրները, ինչպէս` Ամերիկան, Ռուսիան, Չինաստանը եւ Եւրոմիութեան հզօր երկիրները (Գերմանիա, Անգլիա, Ֆրանսա, Իտալիա), ամենայն հաւանականութեամբ թոյլ պիտի չտան, որ Թուրքիան բոլորովին քայքայուի: Նախ` անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր շահերը ապահովել կը ձգտի, ապա անոնցմէ ոմանք, դաշնակից ըլլալով հանդերձ, իրարու դէմ մրցակցութեան ելած են` թուրքերուն բարեկամութեան ձգտելով, ամէն տեսակէտով օգտուելու համար անկէ (երբ Գերմանիա Թուրքիոյ շուկայէն հեռանայ, Անգլիա աւելի՛ կը ներխուժէ): Նոյնպէս, երկու հակառակ քաղաքականութիւններ վարող կողմերը` Ամերիկան եւ Ռուսիան, կ՛աշխատին սիրաշահիլ Թուրքիան (երբ Ամերիկա մէկ քայլ հեռանայ, Ռուսիա երկու քայլ կը մօտենայ Թուրքիոյ). Չինաստանն ալ միշտ ներկայ է այնտեղ, իսկ Թուրքիան, լաւատեղեակ ըլլալով այս բոլորէն, ինչպէս նաեւ իր աշխարհագրական կարեւոր դիրքին` առաւելագոյնս կը փորձէ օգտուիլ բոլորէն:

hampomg@yahoo.com

Լոս Անճելըս
Յունիս 2018

Նախորդը

Հեքիաթանման Դէպք Մը` Անցեալէն Այսօր Աներեւակայելի Իրականութիւն Է Եղեր…

Յաջորդը

Կատարեալ Կեղտոտ Պիզնես

RelatedPosts

Ստորագրութիւններ Յանուն (Ոչ)ինչի՞
Անդրադարձ

Ստորագրութիւններ Յանուն (Ոչ)ինչի՞

Օգոստոս 21, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Պատգամին Հետքերով

Օգոստոս 20, 2025
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հարեւանիս Շան Հաջոցը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Սիրտս Արդեօք Յանցաւո՞ր Է

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?