Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ոգին Հայկական

Յուլիս 14, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԱՐԷՏ ՔՀՆՅ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ

Մեծ յուզումով եւ մտահոգութեամբ կը հետեւիմ Սուրիոյ տխուր դէպքերուն: Ամէն օր լրատուական կայաններէն կը լսեմ ու կը տեսնեմ կացութիւնը եւ անհամբեր կը սպասեմ պատերազմին աւարտը: Պատահածը, ըստ ինծի, պատերազմ չէ, այլ ահաւոր ոճիր` սուտ խորագիրներով ծածկուած:

Մէկ կողմէ աշխարհը կը զարգանայ, միւս կողմէ` Սուրիոյ պատերազմը կը ներկայացնէ աշխարհի միւս երեսը: Տգիտութեան եւ վայրագութեան պատկերը: Պատերազմէն անկախ` մարդակերութիւն: Կը տեսնենք գլխատում, հրկիզում, քարկոծում եւ այլ ձեւերով մարդասպանութիւն: Հարիւր հազարաւոր մարդիկ մահացան, եւ տակաւին կը շարունակուի: Հաւաքական թաղումներ կը կատարուին` առանց հարազատի ու աղօթքի, իսկ շատերու մարմինները տակաւին կը մնան անյայտ: Միլիոնաւոր մարդիկ իրենց հայրենի հողը լքեցին եւ գաղթեցին դէպի դրացի երկիրներ, Եւրոպա, Քանատա եւ Աւստրալիա: Նոր լեզու, նոր մշակոյթ, նոր ապրելակերպ ու այլ նոր դժուարութիւններ` անոնց համար: Երկիրը հիմնովին կը կործանի:

Սուրիահայ պատմական ու պատուական գաղութը այդ փոթորիկին մէջ կը գտնուի: Քանդուեցան կամ վնասուեցան հայկական բազմաթիւ բնակարաններ, եկեղեցիներ, դպրոցներ ու կեդրոններ: Առաւել եւս, նահատակուեցան Սուրիոյ բանակին մէջ ծառայող հայ զինուորներ ու անհատներ: Եւ շատեր վերստին գաղթի ճամբան բռնեցին: Պէտք է ըսել, որ վերստին բառը հոս յատուկ նպատակով գրեցի:

Հարիւր տարիներ առաջ, Մեծ եղեռնի աղէտէն ճողոպրած հայութեան համար Սուրիան դարձաւ ապահով գետին: Մեծ թիւով գաղթական հայեր հասան Սուրիա` Տէր Զօրի անապատէն անցնելով: Հոն փոխադրուեցաւ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Աթոռը: Սուրիան դարձաւ Միջին Արեւելքի հայութեան դուռը: Ժամանակ մը ետք շատեր այդտեղէն մեկնեցան` Լիբանան, Յորդանան, Եգիպտոս եւ Իրաք:

Պատմութիւնը կը վկայէ, որ արաբ ու մեծ մասամբ իսլամ սուրիացի ժողովուրդը յարգանքով ու հոգատարութեամբ ընդունեց գաղթական հայերը, ապա անոնց տուաւ քաղաքացիութիւն: Սուրիահայութիւնը կարճ ժամանակի ընթացքին իր վրայէն թօթափեց անապատի փոշին, գաղթականի անունը եւ ինքզինք վերականգնեց: Պահեց իր անունն ու մականունը, կրօնը, լեզուն, մշակոյթն ու սովորութիւնները: Գաղթակայանը բնակարանի վերածեց եւ հաւաքավայրը` եկեղեցիի, դպրոցի ու ակումբի: Ունեցաւ պետական երեսփոխան եւ Տէր Զօրի մէջ կանգնեցուց Մեծ եղեռնի յուշակոթողը: Հայը ինքզինք գտաւ եւ գաղութի վերածուեցաւ` շնորհիւ հայկական ոգիին: Սուրիահայութիւնը տեղւոյն պետութեան եւ ժողովուրդին վստահութիւնը շահեցաւ իր ճակտի քրտինքով ու հայու արժանապատուութեամբ: Իսկ արտաքին ճակատի վրայ, լիբանանահայութեան կողքին, ան դարձաւ սիւնը սփիւռքահայութեան: Դաժան պատմութիւնը այսօր անգամ մը եւս իր էջը կը բանայ այդ գաղութին դիմաց, որուն մէջ դեր ունի նաեւ մեր պատմական թշնամին` թուրքը:

Լիբանանցի հայ եմ: Գիտեմ` ի՛նչ կ՛ըսեմ ու կը գրեմ, որովհետեւ ապրած եմ պատերազմի անբաղձալի փորձառութիւնը: Լիբանանի հայութիւնը եւս 1975 թուականէն սկսեալ դիմագրաւեց նոյնանման տագնապ: Մօտ 17 երկար տարիներ ան ապրեցաւ պատերազմի շրջան, որուն պատճառով կրեց շատ մեծ վնասներ: Ի վերջոյ, գաղութը աւերակներէն յաղթական դուրս եկաւ` շնորհիւ իր հայկական ոգիին: Բազմաթիւ դէպքերէն իմ մտքին մէջ միշտ թարմ կը մնան երկուքը, որոնց կը փափաքիմ անդրադառնալ.

– Փոքր տարիքէս մաս կը կազմէի Պուրճ Համուտի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ դպրաց դասին եւ, առանց բացակայութեան, կը մասնակցէի շաբաթ օրերու կիրակմուտքի ժամերգութեանց ու կիրակի օրերու պատարագներուն: Շաբաթ օր մը, ժամերգութեան ընթացքին, սկսաւ ռմբակոծումը: Քահանայ հայրը, դպրապետն ու ժամկոչը մտահոգ իրարու նայեցան եւ աչքի նշաններով համաձայնեցան շարունակելու արարողութիւնը: Մենք ու հաւատացեալները ուժ առինք անոնցմէ եւ հետեւեցանք աղօթքին: Յաջորդ օրերուն երկու ռումբեր հարուածեցին եկեղեցին եւ մեծ վնաս հասցուցին: Հարկ է նշել, որ մինչեւ եկեղեցւոյ նորոգութիւնը` արարողութիւնները շարունակուեցան բնականոն ձեւով:

– Դպրոցական օր մըն էր, երբ դասապահի ընթացքին յանկարծ սկսաւ ռմբակոծումը: Դպրոցին մէջ` վախ ու իրարանցում: Շատերը կու լային, ուրիշները կը ճչային, միւսները իրենց մայրերը կ՛ուզէին: Տնօրէնն ու ուսուցչական կազմը ի՞նչ ընէին կամ որո՞ւ հասնէին: Չափազանց մեծ պատասխանատուութիւն` իրենց ուսերուն վրայ: Կրնա՞ք երեւակայել այդ պահուն մօտ հազար աշակերտներով դպրոցի մը ներքին վիճակը: Արագօրէն մեզի ճաշասրահ հաւաքեցին ու ժամեր ետք, երբ կացութիւնը քիչ մը հանդարտեցաւ, տնօրէնութիւնը հազար ու մէկ վախով արձակեց մեզ: Եւ` նման այլ դէպքեր ու դէմքեր:

Հայկական գաղութներ շատ անգամներ քաղաքական խաղաղ պայմաններու մէջ կը տագնապին իրենց ինքնութիւնը պահելու համար: Մինչ սուրիահայութիւնը այսօր կը քալէ դէպի նոր Գողգոթա: Սուրիահայութիւնը այսօր մէկ պատերազմի դաշտին վրայ երեք տարբեր ճակատամարտեր կը մղէ: Ապրելու, հողը պաշտպանելու եւ ինքնութիւնը պահելու պայքար: Եւ հակառակ մեծ վնասներուն ու կորուստներուն` այդ գաղութը մինչեւ այսօր կը տոկայ: Այդտեղի հայերը մինչեւ այսօր կը դիմանան` շնորհիւ իրենց հայկական ոգիին: Լուսաւորչի հաւատքով, Մամիկոնեանի սուրով եւ Մաշտոցի այբուբենով զօրացած` անոնք կը մղեն իրենց լինելութեան ճակատագրական պայքարը:

Աւերակ քաղաքներուն, մահի սարսափին, վէրքին ու սուգին մէջ տակաւին կ՛ապրի հերոս հայու ոգին: Կը շնչէ ու իւրաքանչիւրին վերապրելու յոյսը կը նորոգէ: Կը շնչէ ու կամքի տոկունութիւն կը շնորհէ: Կը շնչէ ու հեռաւոր ապագայի փայլուն հորիզոնը ցոյց կու տայ: Ու այս բոլորին փաստը վերաշինումի ու վերականգնումի խօսուն պատկերն է: Հպարտութեամբ կը տեսնենք, որ հակառակ շարունակուող պատերազմին` հայերը արդէն սկսած են վերանորոգել իրենց բնակարաններն ու խանութները: Հաւաքական ու միասնական ուժերով կը վերաշինեն հայկական դպրոցները, սրահներն ու կեդրոնները: Կը վերականգնեն եկեղեցիներու գմբէթներու խաչերը: Այո՛, բնակարանը անհրաժեշտ է իւրաքանչիւր մարդու համար, բայց նոյնքան անհրաժեշտ են եկեղեցին ու դպրոցը հայուն համար: Անոնք մեր նուիրական կառոյցներն են, ուր յաւերժ կ՛ապրի հայկական ոգին եւ այնտեղէն կը տարածէ իր շունչը եւ կը սփռէ իր լոյսը: Այսպիսով, Սուրիոյ հայկական գաղութի հոգեւոր ու ազգային կեանքը եւս սկսաւ աշխուժանալ:

Միւս կողմէ` աշխարհով մէկ տարածուած հայութիւնը ջանք չխնայեց ամէն ձեւով օգտակար դառնալու իր կարեւոր մէկ հատուածին: Ա՛յս է հայկական ոգին, որ հրաշքներ կը գործէ: Ա՛յս է Քրիստոսի յարութեան գաղափարին հաւատացող հայ ժողովուրդը, որուն ազգային ոգին հիմնաքարն է իր գոյութեան: Ոգին լոկ երեւակայական պատկեր մը չէ կամ` ճառախօսութեան պայթուցիկ բառեր: Անիկա ներգործող ուժ մըն է, որ դէպի արտաքին աշխարհ կ՛արտացոլացնէ իր աշխատանքն ու յաջողութիւնը:

Գաղութներու պատմութեան մէջ կը պատահին դժուարին ժամանակաշրջաններ, որոնք լինելու ու չլինելու հրամայականին առջեւ կը դնեն հայութիւնը: Սուրիոյ հայկական գաղութը այսօր այդ հրամայականին դիմաց կը գտնուի եւ արդէն ընդհանուր զօրաշարժ յայտարարած է: Ան պիտի յաղթէ եւ պէ՛տք է յաղթէ, որպէսզի մեծ օրինակ եւ մղիչ ուժ դառնայ բոլորին, ինչպէս նաեւ վերստին ստանձնէ սփիւռքահայութեան մէջ իր կարեւոր դերը:

Այնտեղ, ուր հայու ոգին կ՛ապրի, հայը բնա՛ւ չի մեռնիր:

 

Նախորդը

Հարցազրոյց Պօղոս Շահմելիքեանին Հետ` «Յիշատակներ… Անցած Օրեր» Գիրքին Անգլերէնով Հրատարակութեան Առիթով

Յաջորդը

«Մենք Խոնարհ Ժողովուրդ Ենք»

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?