Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Դեսպան Արշակ Փոլատեանի «Կողոպտուած Երազանքի Ծնունդը» Մենագրութեան Շնորհահանդէսը
Հովանաւորութեամբ Սուրիոյ մշակոյթի նախարար Մոհամետ Ահմատի, 4 յուլիսին Դամասկոսի «Ասատ» Ազգային գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆ. Արշակ Փոլատեանի` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրման 100-ամեակին նուիրուած «Կողոպտուած երազանքի ծնունդը» արաբերէն մենագրութեան շնորհահանդէսը:
Ելոյթ ունեցան Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Նորա Արիսեանը եւ սուրիացի հանրածանօթ մտաւորական ու հրապարակախօս, Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ, «Տար ալ Շարք» հրատարակչութեան տնօրէն դոկտ. Նապիլ Թոոմէն: Բանախօսները շեշտեցին, որ դեսպան Փոլատեանին գիրքը իր տեսակին մէջ բացառիկ է` որպէս հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան կարեւորագոյն եւ բախտորոշ ժամանակաշրջանին` հայոց պետականութեան վերականգնումին մասին արաբերէն մենագրութիւն: Անոնք բարձրօրէն գնահատեցին դեսպանին գիտական գործունէութիւնը եւ աշխուժ ներդրումը արաբական աշխարհին, յատկապէս Սուրիոյ հայագիտական ուսումնասիրութիւններու ասպարէզէն ներս:
Իր խօսքին մէջ դեսպան Արշակ Փոլատեանը ըսաւ, որ այս մենագրութիւնը գիտաճանաչողական աշխատութիւն է, որ առաջին անգամ արաբերէն լեզուով համապարփակ գիտելիք կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան, յատկապէս` 20-րդ դարու առաջին տասնամեակներու ազգային-ազատագրական պայքարին եւ անկախութեան հռչակման մասին:
Գիրքին մէջ ներկայացուած են այդ շրջանին Հայաստանի մէջ ղեկավար պաշտօններ ստանձնած այրերու յուշեր, նամակներ եւ այլ փաստաթուղթեր, որոնք լոյս կը սփռեն հայոց անկախութեան առաջին փորձառութեան դժուարութիւններուն վրայ:
Նպաստ Հալէպահայ Զինուորներուն
Ներկայութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, 26 յունիսին, Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի Հալէպի գործադիր մարմինը Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ կազմակերպեց հանդիպում մը` սուրիական բանակի հալէպահայ զինուորներուն եւ պահեստային զօրահաւաքի հրաւիրուած զինուորներուն յատուկ, որուն ընթացքին նիւթական նուէրներ բաշխեց անոնց:
Այս առիթով սրբազան հայրը մեծապէս գնահատեց Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն անոնց քաղաքացիական բարձր գիտակցութիւնն ու ծառայութեան ոգին, աւելցնելով, որ հայ համայնքը հպարտ է իր քաջարի երիտասարդներով, որոնք առանց ընկրկելու` մասնակցեցան Սուրիոյ պաշտպանութեան:
Միացեալ Նահանգներ
«Եու. Սի. Էս.»-ի Հայ Երաժշտութեան Բարեկամներու Վարչութեան Նախկին Ատենապետներու Մեծարանք
Կազմակերպութեամբ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի «Թորնթըն» երաժշտանոցին մէջ հայ երաժշտութիւնը տարածելու նպատակով կազմուած Հայ երաժշտութեան բարեկամներու խմբակին վարչութեան, վերջերս Լոս Անճելըսի «Լուվր» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ խմբակին կազմութեան 39-րդ տարեդարձին նուիրուած տօնակատարութիւն, որուն ներկայ էին նաեւ նշեալ երաժշտանոցի վարիչ դոկտ. Ռապըրթ Քութիեթան եւ համալսարանի բարձրաստիճան պաշտօնատարներէն դոկտ. Ֆինիքս Տելկատոն:
Հաւաքը նաեւ առիթ մը հանդիսացաւ մեծարելու վարչութեան նախկին ատենապետները, որոնք իրենց գնահատագիրները ստացան դոկտ. Քութիեթայէն: Մեծարեալներն էին` Էրիք Աւազեանը, Օտրի Կրեկորը, Ֆրետ Միքայէլեան Կրտսերը, Էլիզ Թաշճեանը, Արտեմիս Պետրոսը, Տիանա Յարութիւնեանը, Մարօ Մաքաշճեանը եւ Հիլտա Ֆիտանեանը:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը` մասնակցութեամբ Սօսի եւ Սալբի Քերքոնեաններուն եւ «Էլիքսիր» եռեակին (Լուիս Նարկիզեան, Ասթոր Փիզազոլա եւ Ֆանկ Ֆանկ Չի):
Տօնակատարութիւնը աւարտեցաւ Հայ երաժշտութեան բարեկամներու խմբակին ներկայ վարչութեան ատենապետ Այրին Սասունեանի փակման եւ շնորհակալական խօսքերով:
Ֆրանսա
ԹՈՒՄՕ-ի Կեդրոնի Հանրային Պաշտօնական Ներկայացում
28 յունիսին Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ «ԹՈՒՄՕ-Փարիզ» կեդրոնի հանրային պաշտօնական ներկայացումը` ներկայութեամբ քաղաքապետ Անն Հիտալկոյի եւ ԹՈՒՄՕ-ի գործադիր տնօրէն Մարի-Լու Փափազեանի:
Ձեռնարկին ընթացքին յայտարարուեցաւ, որ «ԹՈՒՄՕ-Փարիզ»-ը իր աշխատանքներուն պիտի սկսի 25 սեպտեմբերին, «Ֆորոմ տէ զ՛իմաժ» կեդրոնին մէջ:
«ԹՈՒՄՕ-Փարիզ»-ը, ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնի միջազգային առաջին կեդրոնն է: Անիկա անվճար կրթութիւն պիտի ապահովէ 12-18 տարեկան մօտաւորապէս 1500 պատանիներու: Կեդրոնին մէջ ուսանողները կարելիութիւնը պիտի ունենան ուսումնասիրելու բազմաթիւ ոլորտներ, որոնց շարքին` ժապաւէններու պատրաստութիւն, ծրագրաւորում, «կրաֆիք տիզայն», խաղերու պատրաստութիւն, եռաչափ ձեւաւորում, նկարչութիւն եւ երաժշտութիւն: «ԹՈՒՄՕ-Փարիզ»-ը կը գտնուի Ֆրանսայի ամենամեծ կեդրոնական կայարանին կից, եւ ըստ քաղաքապետ Անն Հիտալկոյի, ԹՈՒՄՕ-ն պիտի դառնայ երիտասարդութեան հաղորդակցութեան խաչմերուկ, ուր անոնք ոչ միայն պիտի կարենան ձեռք բերել նոր հմտութիւններ, այլ նաեւ պիտի կարենան իրագործել իրենց ամենաստեղծագործ գաղափարներն ու թուային փորձարկումները:
Կեդրոնի բացման գաղափարը ծնաւ 2016-ին, երբ Երեւանի ԹՈՒՄՕ իր այցելութեան ընթացքին, այս գաղափարով սքանչացած, Անն Հիտալկօ կեդրոնի պատասխանատու Մարի-Լու Փափազեանին հետ համաձայնեցաւ Փարիզի մէջ եւս նման կեդրոն մը բանալ:
Աշխատանքային բազմաթիւ այցելութիւններէ ետք ծրագիրը յարմարեցաւ ֆրանսականին եւ, ամէն ինչ ապահովելէ ետք, «ԹՈՒՄՕ-Փարիզ»-ը արդէն գրեթէ պատրաստ է բացումի:
3 յուլիսին փարիզեան կեդրոնին վերջերս միացած աշխատակիցները Ֆրանսայէն կը ժամանեն Երեւանի ԹՈՒՄՕ` սկսելու վերապատրաստման աշխատանքները:
ԹՈՒՄՕ-ի գործադիր տնօրէն Մարի-Լու Փափազեանը նկատել տուաւ, որ «ԹՈՒՄՕ-Փարիզ»-ի բացումը շատ կարեւոր իրադարձութիւն է, եւ այդ քայլով կը սկսի իրենց միջազգային տարածումը, որ թոյլ պիտի տայ ԹՈՒՄՕ-ի կրթական նոր մեթոտները հասանելի դարձնել միջազգային հանրութեան` նոյն ժամանակ ապահովելով Հայաստանի մէջ 25 ԹՈՒՄՕ կեդրոններ բանալու համար անհրաժեշտ նիւթականը եւ մարդուժը: Նշենք, որ «ԹՈՒՄՕ-Փարիզ»-ի տնօրէնութեան պատասխանատու պաշտօնին նշանակուած է ֆրանսահայ Կորիւն Խաչատուրեանը:
Սուրիահայ Լուսանկարիչ Յակոբ Վանէսեանը Արժանացաւ Մրցանակի
Վերջերս Փարիզի մէջ կայացած լուսանկարչական մրցումին մրցանակի արժանացաւ սուրիահայ լուսանկարիչ Յակոբ Վանէսեանը:
Ան մրցումին մասնակցած էր «Պատերազմ» բաժինին մէջ, ուր ներկայացուցած էր «Պատերազմի ճարտարապետութիւն», «Տարբեր պատմութիւններ» եւ «Պատերազմի դիմանկար» խորագիրով երեք լուսանկարներ:
Նշենք, որ 1970-ին Հալէպ ծնած լուսանկարիչ Յակոբ Վանէսեանը մասնագիտութեամբ արծաթագործ է. ան նկարչութեամբ կը զբաղի սիրողական մակարդակով: Սուրիոյ պատերազմին ընթացքին ան Հալէպի ժողովուրդին, տուներու եւ թաղամասերու իսկական պատկերները փաստագրած է նկարներու միջոցով` ցոյց տալով ժողովուրդին ապրած տառապանքը:
2014-ին ցուցահանդէսով հանդէս եկած է Դամասկոսի մէջ` ներկայացնելով «Հալէպ. քաղաքակրթութիւն եւ մոխիր» խորագիրով աշխատանքներու հաւաքածոն: 2015-ին «Մոռցուած մարդկութիւն» խորագիրին տակ ան մէկտեղած է լուսանկարներու շարք մը եւ զայն ցուցադրած` Նիւ Եորքի ՄԱԿ-ի շէնքին մէջ, իսկ 2016-ին` Ատանայի «Նազըմ Հիքմեթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ:
Անցեալ տարի ան իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ լուսանկարներու մրցանակաբաշխութեան միութեան կողմէ կազմակերպուած մրցումի մը` արժանանալով մրցանակի` «Պատերազմ ու հակամարտութիւն» բաժինին մէջ, իր «Վերջին նկար» խորագիրով լուսանկարին համար:
Յայտնենք, որ Յակոբ Վանէսեանը նշանաւոր է իր սեւ ու սպիտակ նկարներով:
Իրաք
«Հայրենադարձութիւն» Խորագիրով Դասախօսութիւն
Հովանաւորութեամբ Իրաքի Ազգային կեդրոնական վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ՊՀԵԵ միութեան, 3 յուլիսին տեղի ունեցաւ հանդիպում-դասախօսութիւն` «Վերադարձ Հայաստան» հասարակական կազմակերպութեան հիմնարկի տնօրէն Վարդան Մարաշլեանին հետ:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի մէջ աշխատանքի, ուսման եւ բնակութեան հարցերը:
Յայտնենք, որ վերոյիշեալ ոչ կառավարական եւ ոչ շահութաբեր կազմակերպութիւնը հիմնուած է 2012-ին: Անոր նպատակն է օգնել հայրենադարձներուն` հաստատուելու մայր հայրենիքին մէջ:
Թեհրան
Իրանահայ Գրող Վարանդի Գիրքին Շնորհահանդէսը
Կազմակերպութեամբ Իրանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, 19 յունիսին Թեհրանի «Չահարմահալ» միութեան Յովհաննէս Թումանեանի անուան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գրական-գեղարուեստական ձեռնարկ` նուիրուած իրանահայ գրող Վարանդի «Ժամանակակից պարսից պոէզիա. ակներ ակներեւ» ծաղկաքաղ-գիրքին, որ կը պարունակէ ժամանակակից իրանեան գրականութեան շուրջ 100 ստեղծագործութիւններու թարգմանութիւնը:
Նշենք, որ 2017-ին Վարանդ ժամանակակից իրանեան բանաստեղծութեան նուիրուած վերոնշեալ աշխատութեամբ մասնակցած էր Հայաստանի Գրողներու միութեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի հովանիին տակ իրականացուող «Կանթեղ» մրցանակաբաշխութեան` արժանանալով թարգմանչական գլխաւոր մրցանակին:
Իր ելոյթին մէջ Իրանի մէջ Հայաստանի դեսպան Արտաշէս Թումանեանը, շնորհաւորելով Վարանդը եւ բարձր գնահատելով անոր կատարած աշխատանքը, յատուկ անդրադարձ մը կատարեց Հայաստան-Իրան յարաբերութիւններու ծիրին մէջ միջմշակութային կապերու ամրապնդման` ընդգծելով երկու ժողովուրդներու մշակութային արժէքները իրարու ներկայացնելու կարեւորութիւնը:
Իր կարգին, Վարանդ ներկայացուց իր ստեղծագործութիւնը, խօսեցաւ «Կանթեղ» մրցանակաբաշխութեան եւ իրանահայ համայնքի գրական-մշակութային կեանքին առնչուող շարք մը հարցերու մասին:
Ձեռնարկին կարդացուեցան Վարանդին հեղինակած եւ շարք մը այլ ստեղծագործութիւններ:
Պրազիլ
Հայկական Մշակոյթի Ներկայացում
Նախաձեռնութեամբ Սան Փաուլօ քաղաքի Ներգաղթի թանգարանին 9, 10 եւ 16 յունիսին տեղի ունեցաւ «Ֆեսթօ տօ իմիկրանթէ» փառատօնը, որ իր շուրջ համախմբեց Պրազիլ ապրող 50 ազգութիւններու ներկայացուցիչներ:
Փառատօնին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Համազգայինի Պրազիլի մասնաճիւղը, որ ներկայացուց հայկական մշակոյթը, հայկական ճաշատեսակներ: Գեղարուեստական բաժինով հայկական «Սամա» ակումբին երգչախումբը մեկնաբանեց Երեւանի հիմնադրման
2800-ամեակին նուիրուած հայկական երգեր` մասնակցութեամբ հայկական երգերու մեկնաբան Վահագն Մինասեանի, իսկ Համազգայինի երեք մանկական պարախումբերը` «Արեւիկ», «Կիլիկիա» եւ «Ծիրանի» ներկայացուցին հայկական ժողովրդական պարեր:










