Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենը մտադիր է դարձեալ աղմկայարոյց փոխանցումի մը նախաձեռնել` 270 միլիոն եւրօ առաջարկելով Պարսելոնայի եւ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Ֆելիփէ Քութինիոյի համար:
«Մունտօ Տեփորթիւօ» կը հաղորդէ, որ անոր ստորագրած պայմանագիրով փոխանցման գինը սահմանուած է 400 միլիոն եւրօ:
Կը նշուի, որ անոր այս հաւանական փոխանցման մէջ մեծ աշխատանք կը տանի Փարիզ Սեն Ժերմենի մաս կազմող պրազիլցի Նէյմար:
Նախորդ տարեշրջանին Քութինիօ «Լա լիկա»-ի 18 մրցումի ընթացքին նշանակեց 5 կոլ եւ կատարեց 8 էսիսթ:
Այլ գետնի վրայ, Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին բերդապահ Ճիանլուիճի Պիւֆոն իր փորձերուն սկսաւ Սեն Ժերմենի հետ` պաշտօնապէս ստորագրելէ ետք ակումբին տոմարներուն վրայ:
40 տարեկան Պիւֆոն, որ 2001-էն ի վեր մաս կը կազմէ Եուվենթուսի, մինչեւ յուլիս 2019 պայմանագրութիւն մը ստորագրեց ֆրանսական խումբին հետ:




