ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն կոչ ուղղեց թրքական նաւերուն աշխատանքը կասեցնելու` հաստատելով, որ ելեկտրականութիւն հայթայթող թրքական այդ նաւերը երկրին պետական գանձարկղին մէջ արձանագրուած նիւթական բացին հիմնական պատճառներն են:
ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի յայտնեց, որ Մեհրապի համաձայնութիւնը առկայ է, «իսկ եթէ ոմանք կը փորձեն այդ համաձայնութենէն հեռանալ, ապա այդ մասին պէտք է իմանալ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կարծիքը», աւելցուց ան:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ նախարար Ռաէտ Խուրի յայտնեց, որ «Մըքքենզի»-ի տնտեսական ծրագիրը ամբողջ Լիբանանին կը վերաբերի եւ անիկա երկրին տնտեսութեան ընթացքը փոփոխութեան ենթարկելու ծրագիր մըն է:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ կարեւոր նկատեց, որ Լիբանանը յուզող հարցերը լուծուին եւ կառավարութիւնը ամէնէն մօտիկ ժամանակամիջոցին կազմուի:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը յապաղում արձանագրած է, սակայն այդ ջանքերը տակաւին տրամաբանական ժամկէտի շրջագիծին մէջ կը մնան:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ռոժէ Ազար հաստատեց, որ իրենք կառչած կը մնան միջմարոնիական հաշտութեան: «Պէտք է գիտնալ, թէ ո՞վ սկսաւ տագնապը եւ դաւաճանեց իշխանութեան», ըսաւ ան:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ուեհպէ Քաթիշա ընդգծեց, որ Լիբանան կը գտնուի սահմանադրական տագնապի մէջ, որուն ընթացքին արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ կը ջանայ տիրանալ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի իրաւասութիւններուն:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ հաստատեց, որ իրենք կառչած կը մնան երեք տիւրզի նախարարներու պահանջին:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժիհատ Սամատ շեշտեց, որ սիւննի անկախ երեսփոխանները իրաւունք ունին կառավարութեան մէջ ներկայացուելու:
ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ հոսանքի նախագահ, երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան դիմագրաւած հարցը արտաքին է:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող հարցերը վարչապետ Սաատ Հարիրիի պատասխանատուութիւնն են:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ռուլա Թապըշ յայտնեց, որ Մուսթաքպալի կողմէ խորհրդարանին ներկայացուցած են օրինագիծ մը` բնակարանային վարկերու դրութիւնը վերահաստատելու նպատակով:
ԲՆԱԿԱՐԱՆԱՅԻՆ վարկերու հաստատութեան ընդհանուր տնօրէն Ռոնի Լահուտ շեշտեց, որ տնօրէնութիւնը քաղաքացիներուն միջեւ խտրութիւն չի դներ` աւելցնելով, որ իրենք ճիգ չեն խնայեր լուծելու տագնապը եւ վերսկսելու բնակարանային վարկերու յատկացումները:
ԱՆՊԱՇՏՕՆ աղբիւրներ հաստատած են, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի դէմ հակադրութիւնը կը միացնէ Մեհրապը, Պնաշյին եւ Սայֆին:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ իր կուսակցութեան պատասխանատուներէն պահանջած է հանդարտեցնել կացութիւնը` վերջ տալով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներուն հետ ընթացող բանավէճին եւ փոխադարձ ցեխարձակումներուն:
ՊԷՅՐՈՒԹԻ միջազգային օդակայանի աղբիւրներ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնած են, թէ իրենց նախատեսութեամբ օգոստոս ամսուան ընթացքին օդակայանին մէջ արտակարգ խճողում պիտի արձանագրուի:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին, որ իրենք իրենց քաղաքական կեցուածքները պիտի չփոխեն:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ ինչ ալ ըլլան կառավարութեան կազմութեան պայմաններն ու դժուարութիւնները, ան պիտի չյուսալքուի կառավարութիւնը կազմելու իր պարտականութեան մէջ:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահութեան մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ ներկայ կացութիւնը երկար պիտի չտեւէ` աւելցնելով, որ մօտիկ ապագային քայլ մը պիտի առնուի:


