Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Տնտեսական խորհուրդներու նախագահ Մոհամետ Շքէյրը, Դրամատուներու միութեան նախագահ Ժոզեֆ Թարապէյը եւ Միջերկրականի գործարարներու համադաշնակցութեան նախագահ Ժաք Սարրաֆը, որոնց հետ քննարկեց երկրին տնտեսական եւ ելեւմտական իրավիճակը:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ երկրին տնտեսական տագնապին լուծումը պիտի ըլլայ նոր կազմուելիք կառավարութեան առաջնահերթութիւններէն, յատկապէս նկատի ունենալով մշակուած տնտեսական նոր ծրագիրը, որուն արդիւնքները իրենց ազդեցութիւնը պիտի ունենան տնտեսական, ընկերային եւ ապրուստի հարցերուն, ի մասնաւորի արդիւնաբերական մարզերուն վրայ:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ երկրին ենթակառոյցներուն, ճամբաներուն եւ շինարարական աշխատանքներու վերաբերող շարք մը այլ ծրագիրներ պիտի օժանդակեն Լիբանանի տնտեսական բարգաւաճումին` աւելցնելով, որ անոնք զուգահեռ պիտի ընթանան տնտեսական այն բարեկարգումներուն, որոնք կառավարութիւնը խոստացած է իրագործել` «Սետր»-ի խորհրդաժողովին լոյսին տակ:
Հանրապետութեան նախագահը հաստատեց լիբանանեան պետութեան հաւաքական աշխատանքը ամրապնդելու կարեւորութիւնը` կոչ ուղղելով բոլորին երկրին տնտեսական կացութեան հետ առարկայական եւ իրապաշտ մօտեցումով վարուելու, վերջ տալով լրատուամիջոցներուն փոխանցուած եւ ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն շրջանառութեան մէջ դրուած անճիշդ տեղեկութիւններուն:
Նախագահ Աուն ընդունեց Պէյրութի քաղաքապետ Ժամալ Այթանին, որ նախագահին ներկայացուց Պէյրութի քաղաքապետութեան գործունէութեան 2016-2018 երկամեայ տեղեկագիրը:
Նախագահ Աունի այցելեց Արքուպի եւ Մազարեհ Շեպաայի բնակիչներուն խորհուրդը, որուն ներկայութեան ան հաստատեց, որ Լիբանան ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ ազատագրելու իր հողերը:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Արքուպի եւ Մազարեհ Շեպաայի հողերը լիբանանեան են, կալուածները լիբանանեան են եւ բնակիչները լիբանանցիներ են: «Այդ իմաստով անկարելի է, որ սակարկութիւն արձանագրուի», ըսաւ նախագահ Աուն:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն իր այցելուներուն հետ ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին շեշտեց, որ ի վերջոյ կառավարութիւնը պիտի կազմուի գիտական եւ առարկայական հիմքերով:
Ան նշեց, որ երկրին սահմանադրութեան համաձայն, կառավարութեան կազմութեան պարտականութիւնը յանձնուած է վարչապետին, որ այդ աշխատանքը կը կատարէ հանրապետութեան նախագահին հետ համադրաբար:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ ինք իր կարծիքը ունի յայտնելիք կառավարութեան կազմութեան գծով` աւելցնելով, որ իր դերակատարութիւնը պարզապէս ստորագրութեամբ մասնակցութիւն չէ:
Ան շեշտեց, որ կառավարութիւնը ուշ կամ կանուխ պիտի կազմուի` քաղաքական ուժերուն փոխադարձ զիջումով, աւելցնելով, որ ինք կառչած կը մնայ հանրապետութեան նախագահին յատկացուած նախարարներու չափաբաժինի իրաւունքին:
Անդրադառնալով երկրին տնտեսական եւ ելեւմտական կացութեան` նախագահ Աուն յայտնեց, որ իրավիճակը դժուար է, սակայն ան փուլ գալու սեմին չի գտնուիր, իսկ պետութիւնը սնանկալու վտանգին ենթակայ չէ: «Տնտեսական տագնապը երեսուն տարիէ ի վեր առկայ է, եւ բնական է, որ ան իր ժխտական ազդեցութիւնը ունենայ գրեթէ բոլոր մարզերուն վրայ, սակայն լաւը այն է, որ մենք կարողութիւն ունինք այդ բոլորին առաջքը առնելու», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ վերջապէս ելեկտրականութեան հարցը վերջնական լուծումի ընթացքին մէջ է:
«Պէտք չէ մոռնալ սակայն, որ մենք ահաբեկչութիւնը եւ ահաբեկիչները վտարեցինք երկրէն եւ կրցանք ամրապնդել Լիբանանը` շրջանին մէջ բռնկած հրդեհներէն», ըսաւ նախագահ Աուն:
Ան շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ իր հանդիպումներուն նպատակն է ներքին լիբանանեան կայունութեան պահպանումը:
Նախագահ Աուն ընդգծեց միջքրիստոնէական եւ Լեռնալիբանանի հաշտութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը:
 
			


