Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանի ներկայ ապահովական, քաղաքական եւ տնտեսական կացութեամբ, ինչպէս նաեւ նոր կառավարութեան կազմութեամբ, ընթացիկ տարին կրնայ լաւագոյնը ըլլալ:
Ա. Կիտանեան շեշտեց, որ Լիբանան եկած զբօսաշրջիկներուն թիւը աճ արձանագրած է` աւելցնելով, որ զբօսաշրջիկներուն մեծ մասը եւրոպացիներ են, ամերիկացիներ եւ լատինամերիկացիներ, «բայց եւ այնպէս մեծ ետքայլ արձանագրուած է արաբական եւ Ծոցի երկիրներէն, յատկապէս Սէուտական Արաբիայէն Լիբանան հասնող զբօսաշրջիկներուն թիւին պարագային», հաստատեց ան:
Նախարար Կիտանեան նշեց, որ Ծոցի երկիրներէն Լիբանան ոչ ոք կը յանդգնի զբօսաշրջութիւն կատարել` նկատի ունենալով այդ երկիրներուն պետութիւններուն կողմէ կատարուած զգուշացումները: «Այս կացութիւնը ամբողջութեամբ կրնայ շրջուիլ` եւ հաւանական է, որ շրջուի` Լիբանանի կառավարութեան կազմութենէն ետք: Սակայն այնքան ատեն որ Լիբանան կառավարութիւն չունի, ուրեմն անկարելի է ակնկալել, որ Ծոցի երկիրներէն մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ այցելեն Լիբանան», ըսաւ Ա. Կիտանեան:
Ան ընդգծեց, որ Լիբանան կը փորձէ արաբ զբօսաշրջիկներուն բացակայութիւնը հատուցել եւրոպացի եւ ամերիկացի զբօսաշրջիկներով` աւելցնելով, որ այս պատճառով ալ Լիբանան զբօսաշրջութեան նոր շուկաներ կը բանայ Եւրոպայի, Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Հնդկաստանի եւ Չինաստանի հետ: «Այս նոր շուկաներուն պատճառով է, որ Լիբանանի մէջ զբօսաշրջութեան մարզը անցեալ տարուան հետ բաղդատած 2 առ հարիւրի համեմատութեամբ աճ մը արձանագրած է», նշեց ան:
Նախարար Կիտանեան մաղթեց, որ Լիբանանի եւ Ռուսիոյ միջեւ զբօսաշրջական յարաբերութիւնները բարգաւաճին` հաստատելով, որ լիբանանեան զբօսաշրջութեան մարզը կրնայ տարբեր ճաշակներ գոհացնել, յատկապէս նկատի ունենալով ռուս զբօսաշրջիկը, որ ուղղակիօրէն կը հմայուի մշակութային, քաղաքակրթական եւ կրօնական զբօսաշրջութեամբ:
«Լիբանանի ապահովական կացութիւնը բացառիկ լաւ վիճակի մէջ է. անիկա զբօսաշրջիկներուն համար ամէնէն ապահով երկիրն է», շեշտեց Կիտանեան:
 
			


