ԱԲԵՂԱՅԱԿԱՆ ԱՆԴՐԱՆԻԿ
Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Կիրակի, 8 յուլիս 2018-ին, Տեառն Մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնին առիթով Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ աբեղայական անդրանիկ Ս. պատարագ պիտի մատուցէ եւ քարոզէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ԱՒԵՏԻՔ ԱԲՂՅ. ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու Ս. պատարագին եւ լսելու հայր սուրբին անդրանիկ պատգամը:
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
—————————————
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ
ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
(ՆՈՐ ՍԻՍ)
Ուրախութեամբ կու գանք յայտնելու, թէ կիրակի 8 յուլիս 2018-ին, Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնին առիթով Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ իր անդրանիկ պատարագը պիտի մատուցէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԱԲՂՅ. ՔԻՒՐԻՒՄԼԵԱՆ
Այս առիթով կը հրաւիրենք մեր բարեպաշտ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու եւ լսելու նորընծայ հայր սուրբին հոգեպարար պատգամը:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
—————————————
ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ
ՍՐԲՈՑ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Ֆանար-Լիբանան
Հեռ. 01891068 – 891099
2018-2019 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ
ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
2018-2019 կրթական տարեշրջանի արձանագրութիւնները կը շարունակուին յուլիս ամսուն` միայն ամէն երեքշաբթի եւ չորեքշաբթի օրերը, ժամը 8:30-էն 12:00:
Օգոստոս ամսուն վարժարանիս տնօրէնութեան եւ քարտուղարութեան գրասենեակները փակ կը մնան:
Երկուշաբթի, 3 սեպտեմբերին, արձանագրութիւնները կը վերսկսին ամէն օր (բացի շաբաթ օրերէն), առաւօտեան ժամը 8:30-էն 12:30:
Այս տարեշրջանին եւս վարժարանս կը շարունակէ ընդունիլ ծիլ դասարանէն մինչեւ 12-րդ կարգի աշակերտներ` երեք բաժանմունքներու մէջ.
– Ընդհանուր գիտութիւն (SG)
– Կենսաբանութիւն (SV)
– Ընկերատնտեսութիւն (SE)
Նորեկ աշակերտներու ծնողներէն կը խնդրուի ներկայանալ քարտուղարութեան` անհրաժեշտ փաստաթուղթերու եւ տեղեկութիւններու համար:
Ուսումնական նոր վերելքներու ակնկալութեամբ ամառնային բարի արձակուրդ կը մաղթենք մեր ծնողներուն ու աշակերտներուն:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ «ՆԻԿՈԼ ԴՈՒՄԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ-ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ` ԳԱՌՆԻԿ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԻ
ՇԱԲԱԹ, 14 ՅՈՒԼԻՍ 2018-ԻՆ


