Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Պաալպեք-Հերմելի նահանգապետ Պաշիր Խտըրը, որուն հետ քննարկեց Պաալպեքի վերաբերող շարք մը հարցեր:
Զօր. Աուն ընդունեց նաեւ Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Աունը, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող իրադարձութիւնները:
Զօր. Աունի այցելեցին նաեւ «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանի ընդհանուր տնօրէն Փիեռ Տահեր, ինչպէս նաեւ Պաալպեքի միջազգային փառատօնի յանձնախումբի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ փառատօնի յանձնախումբի նախագահ Նէյլա տը Ֆրէյժի: