ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Գերմանացի զօրավար Ֆրետերիք Ֆրայհըր Քրես վոն Քրեսենշթայն (1870-1948) Ա. Աշխարհամարտին օսմանեան բանակի Կովկասեան ճակատի հրամանատարն էր, նաեւ` Սուրիոյ եւ Պաղեստինի սպայակոյտի պետը (անոր հանդիպեցանք «Հայաստանի անկախութեան առաջին օրերը» յօդուածաշարքի Ա., Դ., եւ Ե. բաժիններուն մէջ (1), (2), (3)):
Այդ ժամանակաշրջանին, երբ ան տարածաշրջանին մէջ կը գտնուէր, հաղորդեց, որ հայերուն նկատմամբ թրքական կառավարութեան կողմէ իրականացուող քաղաքականութիւնը, իբր թէ` «զինուորական անհրաժեշտութիւն», իրականութեան մէջ քաղաքականութիւն մըն էր «արդարացնելու համար հարիւր հազարաւոր մարդոց սպանութիւնը», գրած է ան: Վոն Քրես նաեւ իր տեղեկագիրներուն մէջ արհամարհական կը նկատէր թրքական իշխանութիւններուն կողմէ հայերու իրավիճակին վերաբերող (թէ` անոնք ապահով են) սուտ տեղեկատուութիւնը:
Ան յատուկ կերպով նաեւ նշած է, որ հայ գաղթականներուն օժանդակութիւն տրամադրելու մերժումը` արգելքը, ինքնին ապացոյց է, որ թրքական իշխանութիւնները որոշած էին բնաջնջել հայերը: «Թրքական կառավարութեան (հայերը) սովամահ ընելու քաղաքականութիւնը բացայայտ ապացոյց է թրքական որոշումին` բնաջնջելու հայերը: Հայերուն նկատմամբ թուրքերուն քաղաքականութիւնը յստակօրէն ուրուագծուած, ծրագրուած է:… Թուրքերը ոչ մէկ կերպով հրաժարած են հայերը ոչնչացնելու մտադրութենէն: Անոնք պարզապէս փոխեցին մարտավարութիւնը: Ուր որ կարելի է, հայերը կը գրգռեն, կը զայրացնեն եւ անոնց հակազդեցութիւնը իբրեւ պատրուակ կը գործածեն` անոնց վրայ նոր յարձակումներ կատարելու» (4):
Վահան Նաւասարդեան «Արամի կեանքից» գրութեան ծանօթագրութեան բաժինին մէջ գերման զօրավարին մասին կ՛ըսէ. «Հետագային միայն, Գերմանիոյ պարտութենէն եւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան շարք մը վաւերագիրերու հրատարակութենէն ետք պարզուեցաւ, որ դիւանագէտներու աշխարհին մէջ ի՛նչ բացառիկ ազնուութեան տէր մարդ եղած է վոն Քրեսը» (5): 31 յուլիս 1918-ին (Երեւանէն) «Թիֆլիս վերադարձին, գնացքին մէջ, Արշակ Ջամալեանը (Վրաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին դեսպան) մտերիմ զրոյց կ՛ունենայ վոն Քրեսին հետ` Հայաստան կատարած իր առաջին այցելութենէն վերադարձին: Զօրավարը իր կառավարութեան ուղարկելիք հեռագիրը ցոյց կու տայ:
«Այդ հեռագիրին մէջ,- Ջամալեան կը հաղորդէ Երեւանի (Հայաստանի) կառավարութեան,- ան (վոն Քրեսը) զարմանալի հմտութեամբ խտացուցած է այն մտահոգութիւնները, որ դուք արտայայտեցիք մեր առանձին ունկնդրութեան ընթացքին, եւ այդ մտահոգութիւնները (իւրացուցած) կը ներկայացնէ ո՛չ թէ ձեր, այլ ի՛ր անունով: Միայն հեռագիրին վերջաւորութեան ան մեր կառավարութեան անունով կը յայտնէ, որ վերջինս դէմ չ՛ըլլար, եթէ աւստրօ-հունգարական զօրքերը գան Հայաստան: Ես խնդրեցի, որ զօրավարը հեռագիրին մէջ մտցնէ նաեւ Ղարաբաղի զինաթափութեան խնդիրը, որ նաեւ կատարեց: Այդ հեռագիրին մէջ զօրավարը յոռեգոյն արտայայտութիւններով կը խօսի թուրքերուն մասին` անոնց քաղաքականութիւնը բնորոշելով երկու խօսքով` վրդովեցուցիչ թալան եւ հայ ժողովուրդը սովամահ դարձնելու ձգտում»:
«Նոյն տեսակցութեան ընթացքին վոն Քրեսը Ջամալեանին ըսած է, ի միջի այլոց, նաեւ, որ` «Մեր յարաբերութիւնները տաճիկներուն հետ բաւական վատացան անդրկովկասեան գործերուն մեր միջամտութեան պատճառով: Թուրքերը այս երկիրը իրենցը կը համարեն, ռուսերուն հեռանալէն ետք եւ, յանկարծ, մենք անոնց կ՛ըսենք` «halt!» կա՛ց, բնական է, որ մեր դէմ պիտի լարուին» (6): Թէեւ, 1918-ի ամրան, հայ-վրացական սահմանավէճին իբրեւ Վրաստանի դաշնակից, ան պաշտպանած էր վրացիներուն տեսակէտը:
Օթթօ վոն Լոսսովի հետ միասին վոն Քրես Գերմանիոյ կառավարութեան մօտ Կովկասի հայութեան պաշտպաններէն հանդիսացան:
Գերմանացի զօրաբաժինի զօրավար Օթթօ վոն Լոսսով (1868-1938) 16 յուլիս 1915-1918, մինչեւ պատերազմի աւարտը, Օսմանեան կայսրութեան մէջ գերման լիազօր զինուորական պատուիրակն էր Կոստանդնուպոլսոյ Գերմանիոյ կայսերական դեսպանատան մէջ: Ան գրած է հետեւեալը. «Թրքական քաղաքականութեան նպատակը, ինչպէս ես վերահաստատեցի, հայկական գաւառներուն տիրանալն ու հայերը բնաջնջելն է»:
– «(Մեհմետ, փաշա) Թալէաթի (օսման ներքին գործոց նախարար) կառավարութեան կուսակցութիւնը կ՛ուզէ բնաջնջել հայերը ո՛չ միայն Թուրքիոյ մէջ, այլ նաեւ` Թուրքիայէն դուրս»:
– «Թուրքերը ձեռնարկած են Անդրկովկասի մէջ հայերու ընդհանուր ոչնչացումին»:
– «Թիֆլիս եկած բոլոր զեկուցումներուն եւ լուրերուն հիման վրայ, կասկած չկայ, որ թուրքերը կանոնաւոր կերպով նպատակադրած են տակաւին ողջ մնացած քանի մը հարիւր հազար հայերը նաեւ բնաջնջել» (4), (7):
Գերմանացի հազարապետ Ֆրանզ Քարլ Էնտրեզ (1878-1954) երեք տարի ծառայեց օսմանեան բանակին մէջ` իբրեւ զօրավար Լիման վոն Սանտըրզի սպայակոյտի պետ: Էնտրեզ ինքզինք «Թուրք ժողովուրդին յատուկ բարեկամ» կը համարէ: Ան իր երկու գիրքերուն մէջ` «Արեւելքի աւերումը» 1919 (Die Ruine des Orients) եւ «Թուրքիա. երկրի եւ ժողովուրդի նկարներ եւ ուրուագիծեր» 1917 (Die Turkei: bilder und skizzen von land und volk) Հայոց ցեղասպանութեան մասին իր տեսակէտը կը յայտնէ եւ իբրեւ եզրակացութիւն` կը հաստատէ, որ մէկ միլիոն 200 հազար հայեր բնաջնջուեցան:
«(Հայերու) Այս տեղահանութիւնները պատերազմի ընթացքին, ուրիշ բան չէին, եթէ ոչ` կազմակերպուած զանգուածային սպանութիւն… Յղի կանայք եւ անմեղ մանուկներ չէին խնայեր»:
«Հաստատապէս, Ա. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին, աշխարհի վրայ ոչ մէկ ժողովուրդ այնքան տառապեցաւ որքան հայերը: Աւելի քան մէկ միլիոն 200 հազար հայեր բնաջնջուեցան» (4), (8):
Վենզուելացի վարձկան սպայ Ռաֆայէլ Տէ Նոկալես Մենտեզ (1879-1936), որ կը ծառայէր գերմանական բանակին մէջ, Ա. Աշխարհամարտին կը վարձուի օսմանեան բանակին կողմէ եւ կը մասնակցի Վանի պաշարումին իբրեւ ոստիկանութեան (ժանտարմա) սպայակոյտի պետ: Պատերազմէն ետք ան գրած է «Արկածախնդիր զինուորի մը յուշերը – Ռաֆայէլ Տէ Նոկալես Մենտեզի համաշխարհային մեծ արկածախնդրութիւնները» գիրքը, որուն մէջ ան կը վկայէ պատերազմին եւ անոր հետեւանքներուն հարազատ նկարագրականը: Այդ ժամանակաշրջանին ականատես եղաւ Օսմանեան կայսրութեան արեւելեան նահանգներու քրիստոնեաներուն սպանդին, որակելով այդ` «քրիստոնեաներու չարդարացուած սպանդներ»:
Ան համոզուած էր, որ այս (հայերուն) սպանդները կը գործադրուէին իր ծառայած 5-րդ արշաւազօրի (թեշքիլաթը մահսուսայի) հրամանատար Խալիլ (Քութ) պէյի կողմէ: Մենտեզ տեղեկագրեց, որ իշխանութիւնները կը նախընտրէին սպանութիւնները գիշերանց կատարել` տեղւոյն քիւրտերուն «օժանդակութեամբ»: Երբ Վանայ լիճի Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցին այցելած է, բացայայտած է շատ մը կղերականներու դիակները:
Մենտեզ (Տիգրանակերտ) Տիյարպեքիր կ՛այցելէ` բողոքելու նահանգապետ Մեհմետ Ռեշիտի, որ հետագային իբրեւ «Տիյարպեքիրի դահիճը» ճանչցուեցաւ: Ռաշիտ կը պատասխանէ, որ ուղղակի Թալէաթ փաշայէն (ներքին գործոց նախարար) հեռագիր մը ստացած է, որ կը հրամայէր` հայերը «Այրէ՛, բնաջնջէ՛, սպաննէ՛»:
Մենտեզ կը գրէ. «Արշալոյսին կրակոցներու աղմուկէն արթնցայ: Հայերը աւանին վրայ յարձակած էին (կարծեցի): Անմիջապէս ձիս նստայ եւ քանի մը զինեալ մարդոցմով գացինք տեսնելու թէ` ի՛նչ կը պատահէր: Զարմանքով տեսայ, որ յարձակողները հայերը չէին, այլ նոյնինքը քաղաքացիական իշխանութիւննե՛րը, քիւրտերուն եւ տեղւոյն ամբոխին օգնութեամբ, կը յարձակէին եւ կը թալանէին, կը խորտակէին հայկական թաղամասը: Վերջապէս յաջողեցայ առանց լուրջ պատահարի ուղղուիլ դէպի քաղաքապետարան եւ տեսայ, որ քաղաքապետը անձամբ կը ղեկավարէ սպանդը: Անմիջապէս հրահանգեցի դադրեցնե՛լ ջարդերը: Ան ապշեցուց զիս` պատասխանելով, որ ինք նահանգին ընդհանուր կառավարիչին յստակ հրահանգը կը գործադրէր` բնաջնջել բոլոր 12 տարիքը բոլորած հայ այր մարդիկը» (4)(9), (10): (Ողբերգական ահաւոր տեսարանները, դիակներու եւ բռնաբարումներու նկարագրութիւնը զանց առած եմ): Որմէ ետք, ամբողջովին յուսահատ ու զզուած, Մենտեզ կը հրաժարի այս պաշտօնէն:
Մայքըլ Մանն «Ժողովրդավարութեան մութ կողմը` ցեղային մաքրագործման բացատրութիւնը» գիրքին մէջ վկայակոչելէ ետք Մենտեզի այս յուշագրութիւնը, Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորկընթաուի եւ Թալէաթ փաշայի միջեւ տեղի ունեցած հետեւեալ զրոյցը կը մէջբերէ` «Հայաստան, ցեղասպանութիւն» Բ. գլուխին մէջ (էջ 153-179) էջ 154-155. Թալէաթ կ՛ըսէ. «Հայերուն դէմ մեր առարկութիւնը երեք յստակ հիմնաւորում ունի.
1.- Հայերը թուրքերուն հաշուոյն իրենք զիրենք հարստացուցած են:
2.- Անոնք վճռած են մեր վրայ տիրապետել եւ ստեղծել անկախ պետութիւն:
3.- Անոնք բացայայտօրէն զօրակցած են մեր թշնամիներուն: Անոնք Կովկասի մէջ Ռուսերուն օժանդակած են, եւ այնտեղի մեր ձախողութիւնը կը բացատրուի իբրեւ անոնց գործունէութեան հետեւանք:
Ուրեմն այս հիմնաւորումներով անփոփոխելի որոշում տուած ենք, պատերազմի աւարտէն առաջ զանոնք անզօր դարձնել»:
Մորկընթաու Թալէաթին կը թախանձէ լրջօրէն նկատի առնել հայերու զանգուածային տեղահանութեան ստեղծելիք տնտեսական աղէտալի հետեւանքները:
Թալէաթ կոշտ կերպով կը պատասխանէ. «Տնտեսական վնասները մեր հոգը չեն… Մենք անով բնաւ մտահոգ չենք… Անատոլիոյ որեւէ վայրի մէջ ոեւէ հայ չենք ուզեր տեսնել: Անոնք կրնան ապրիլ միա՛յն անապատին մէջ եւ ո՛չ մէկ այլ վայր»:
Անշուշտ առանց ունեցուածքի այս կիներն ու մանուկները չեն կրնար գոյատեւել անապատին մէջ, կ՛եզրակացնէ հեղինակը (10):
6 յունիս 1918
(Շար. 4)
—————————————-
(1) https://www.aztagdaily.com/archives/386524
(2) https://www.aztagdaily.com/archives/388703
(3) https://www.aztagdaily.com/archives/389448
(4) https://en.wikipedia.org/wiki/Witnesses_and_testimonies_of_the_Armenian_Genocide
(5) «Արամը», հրատարակութիւն ՀՅ Դաշնակցութեան, 1969, տպարան Համազգային, Պէյրութ, էջ 489:
(6) https://www.aztagdaily.com/archives/389448
(7) https://en.wikipedia.org/wiki/Otto_von_Lossow
(8) https://de.wikipedia.org/wiki/Franz_Carl_Endres
(9) https://en.wikipedia.org/wiki/Rafael_de_Nogales_Mendez
(10) Mann, Michael (2005).The Dark Side of Democracy: Explaining Ethnic Cleansing. Cambridge University Press. Էջ 154: (Միքայէլ Մանն, 2005, «Ժողովրդավարութեան մութ կողմը` ցեղային մաքրագործման բացատրութիւնը»):