Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Հայաստանի ոստիկանութեան ներքին զօրքերու տեղակայումը զինուորական արկածախնդրութիւն է եւ պիտի վատթարացնէ ղարաբաղեան տագնապի լուծման շուրջ իրավիճակը: Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Հիքմեթ Հաճիեւ:
«Հայաստանի նոր կառավարութեան այդ քայլը զինուորական արկածախնդրութիւն է եւ կը ծառայէ իրավիճակի վատթարացման», ըսած է Հաճիեւ:
Ազրպէյճանցի պաշտօնատարը նշած է, որ Ղարաբաղի տարածքին մէջ ներքին զօրքերու տեղակայումը «ակնյայտօրէն կը վկայէ հայկական բանակի վատ վիճակին եւ անձնակազմով համալրման հետ կապուած խնդիրներու մասին: Ան աւելցուցած է, որ ստեղծուած իրավիճակի ամբողջ պատասխանատուութիւնը Հայաստանի վրայ է:
Հայրենի «Հրապարակ» օրաթերթը գրած էր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան գործադիր իշխանութիւնը որոշած է ոստիկանութեան ներքին զօրքերը ուղարկել սահման` ծառայելու: Շաբաթ օր Հայաստանի ոստիկանապետ Վալերի Օսիպեան հանդիպած է ստորաբաժանման հետ եւ յայտնած, որ պաշտպանութեան նախարարութենէն առաջարկ ստացած է ու համաձայնած, թէեւ որոշումը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանինն է: Օսիպեան ըսած է, թէ 15 օգոստոսէն սկսեալ 15-օրեայ հերթափոխութեամբ ներքին զօրքերը պիտի գործուղուին Արցախ` սահմանները պաշտպանելու, այդ օրերուն համար նաեւ յաւելավճար պիտի ստանան:



