Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Հայաստանի Ա. Անկախութեան 100-ամեակի Նուիրուած Ձեռնարկներ
Սուրիա
Հովանաւորութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Սուրիոյ 100-ամեակի Կեդրոնական մարմինին, կազմակերպութեամբ Քեսապի երեք համայնքներուն, 1 յունիսին, «Սարդարապատ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան 100-ամեակին եւ Քեսապի ազատագրման 4-րդ տարեդարձին նուիրուած հանդիսութիւն:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ օրուան հանդիսավար Արա Քէշիշեանը, որ շեշտեց, թէ Քեսապը Կիլիկիոյ մէկ մասնիկն է, անոր բնակչութիւնը ենթարկուած է թալանի եւ տեղահանութեան, սակայն կրցած է գոյատեւել:
Օրուան բանախօս տոքթ. Ռուբէն Գէորգեանը ներկայացուց օրուան խորհուրդը` նկատել տալով, որ հայ ժողովուրդի թշնամին նոյնն է, սակայն հայ ժողովուրդը այնպիսի ժողովուրդ մըն է, որ իր կրած բազում կորուստներէն ետք կրնայ վերականգնիլ եւ վերագտնել իր ուժը: Ան ըսաւ, որ այդ օրհասական եւ դժուար օրերուն, Արամ Մանուկեան կրցաւ ժողովուրդը միացնել եւ միասնակամ առաջնորդել դէպի անկախութիւն: Մեր հերոսները յաղթեցին մահուան: Անոնք հսկայական զոհողութիւններով կերտեցին անկախ հայրենիք եւ պետականութիւն:
Հանդիսութեան ընթացքին ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, որ կ՛ընդգրկէր` մեներգ, խմբերգներ, ասմունք, խմբային պար եւ «Մայիս 28» խորագիրը կրող տեսերիզի ցուցադրութիւն:
Միացեալ Նահանգներ
9 յունիս-ին Տիթրոյթի Լիվոնիա քաղաքի Կըրինմիտ պատմական զբօսավային մէջ փառատօնով մը նշուեցաւ Հայաստանի Ա. անկախութեան 100-ամեակը` ներկայութեամբ աւելի քան 2.000 հանդիսականներու: Ներկաները առիթը ունեցան վայելելու հայկական երաժշտութիւն, պար, ինչպէս նաեւ` համեղ եւ աւանդական ուտելիքներ եւ հայկական բնաբաններով արուեստի գործեր: Այս փառատօնին մաս կը կազմէր նաեւ հայկական գորգերու մասնագէտ Հրաչ Կէօզիւպէօյիւքեանը, որ հետը բերած էր հին գորգեր եւ ձեռագործներ` ցուցադրելու ներկաներուն եւ բացատրութիւն կու տար հետաքրքրուողներուն:
Փառատօնին իրենց մասնակցութիւնը բերին երգիչներ` Շան Պլեքմենը, Օննիկ Տինքճեանը, Սոֆի Մխէեանը, Շանթ Մասոյեանը եւ Գառնիկ Սարգիսեան: Ելոյթ ունեցան նաեւ Համազգային «Արաքս» պարախումբը` «Ջէյրան բալա», «Գետաշէն», «Տօնական», «Զանգեզուրի», «Շիրակի շարան», «Տաւիղ» եւ այլ պարերով` առաջնորդութեամբ պարուսոյց Նայիրի Կարապետեանի:
Օրուան բանախօսն էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Խաչիկ Մուրատեանը, որ իր խօսքով խրախուսեց բազմութիւնը եւ կոչ ուղղեց ներկայ երիտասարդութեան` քաջալերելով անոնց ոգեւորութիւնն ու մասնակցութիւնը այս պատմական բնոյթ ունեցող ձեռնարկին:
*
* *
Սուրիա
Խոստման Արարողութիւն
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Սուրիոյ պատանեկան միութեան ընդհանուր վարիչ մարմինին, 24 յունիսին «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Պատանիի օր» ձեռնարկը:
Հայերէնով արտասանած բացման խօսքին մէջ Մեղեդի Աւագեանը ըսաւ, որ «Պատանիի օր»-ը պարզ օր մը չէ հայ պատանիին համար, որովհետեւ ան մաս պիտի կազմէ ՀՅԴ-ի մեծ ընտանիքին: Ան հաստատեց, որ իբրեւ դաշնակցական պատանիներ` հաւատարիմ պիտի մնան իրենց տուած խոստումին, որովհետեւ իրենք են հայ ժողովուրդին ապագան, նաեւ` տէրը հայոց լեզուին, հայկական պարին, երգին, մշակոյթին ու հայ դատին: Արաբերէնով արտասանած բացման խօսքին մէջ Արփի Գէորգեանը ըսաւ, որ` «Հաւաքուած ենք նշելու երկու առիթներ. Հայաստանի անկախութեան 100-ամեակը եւ Սուրիոյ բանակին յաղթանակը»: Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն յաջորդեց 113 պատանիներու խոստման արարողութիւնը:
Օրուան բանախօս Սեւան Շահպազեանը յայտնեց, որ ՀՅԴ Սուրիոյ պատանեկան միութիւնը կը ձգտի հայ պատանիին մէջ ձեւաւորել մէկ ու ամբողջական ազգի ու հայրենիքի պատկանելու եւ ծառայելու գիտակցութիւնը, հայ պատանիին ջամբել ազգային, բարոյական, գաղափարական, ֆիզիքական եւ քաղաքացիական դաստիարակութիւն եւ միութենական գործունէութեան ընդմէջէն հայ պատանին վարժ դարձնել հաւաքական կազմակերպ աշխատանքի: Ան շեշտեց, որ դաշնակցական պատանիներու խանդավառութեան չափանիշը կերտուած է ու կը շարունակէ կերտուիլ իւրաքանչիւր նահատակի ամբողջական ու անսակարկ ինքնանուիրումին եւ հերոսական իւրաքանչիւր խոյանքին հետ:
Աւարտին, իր օրհնութեան խօսքը արտասանեց Տաթեւ Ա. քհնյ Միքայէլեանը, որ ուրախութիւն եւ հպարտանք համարեց մեծ թիւով պատանիներու խոստման արարողութեան մասնակցիլը, աւելցնելով, որ անոնց շնորհիւ վստահ ենք, որ երէց սերունդներուն սկսած ազգանուէր գործը պիտի շարունակուի նոր ոճով, նոր թափով, նոր մտածելակերպով: «Պատանիի օր»-ուան ձեռնարկը վերջ գտաւ «Մշակ բանուոր» քայլերգին երգեցողութեամբ:
Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Միջնակարգի Շրջանաւարտ Հունձքը
16 յունիսին Ճեմարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ միջնակարգի 2017-2018 ուսումնական տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը:
Բացման խօսքը արտասանեցին հայերէնով Սարին Պօղոսեանը, իսկ արաբերէնով` Սալբի Մաթոսեանը: Անոնք նկատել տուին, որ սոյն կրթական օճախը իրենց փոքրիկ Հայաստանն է, որուն մէջ կը կերտուի նախաձեռնող եւ մտածող հայ մարդը: Անոնք ուխտեցին բարձր պահել դպրոցին անունը ` ծառայելով հայրենիքին եւ ազգին:
Հանդիսութեան ընթացքին ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, որ կ՛ընդգրկէր խմբերգներ, ասմունքներ, հայկական պար: Շրջանաւարտներուն անունով արաբերէնով ուղերձ արտասանեց Աբրահամ Աշճեանը, որ շեշտեց, թէ դպրոցը բանալին է կրթութեան եւ գիտութեան, նաեւ մեր մտքերն ու հոգիները լուսաւորող արեւն է:
Հայերէն ուղերձը արտասանեց Արփի Գէորգեանը, որ յիշեց, թէ ակնթարթի մը նման անցան Ճեմարանի մեծ ընտանիքէն ներս ուսումնական առաջին երեք տարիները, աւելցնելով, որ այդ ծանր ժամանակաշրջանին համատարած անապահովութիւնը անընդհատ կ՛ամպոտէր պատանեկան տարիքի իրենց ուրախ մթնոլորտը, եւ իրենք հարց կու տային իրարու, թէ արդեօ՞ք Ճեմարանի բակին մէջ պիտի ստանային միջնակարգի վկայականները: Եզրափակելով իր խօսքը` ան հաստատեց, թէ վերադառնալով Ճեմարան, իրենց վարժարանին վրայ կուտակուած տարիներու փոշին թօթափեցին ու վերագտան անոր պայծառ դէմքը: Ճեմարանի պետական տնօրէն Աիշա Քապալանը շնորհակալութեան խօսք ուղղեց սերունդներ կերտողներուն, անոնց ապագան ուրուագծողներուն, իրենց ժամանակն ու հոգին սերունդներու դաստիարակութեան ի սպաս դնողներուն, Ճեմարանի ուսուցիչ-ուսուցիչներուն` Աստուծմէ խնդրելով Սուրիոյ խաղաղութիւն եւ բարօրութիւն ու յարատեւ վերելք Ճեմարանին:
Ճեմարանի տնօրէն Յակոբ Քիլեճեանը դիտել տուաւ, որ Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանը հալէպահայութեան եւ աշխարհասփիւռ հայութեան համար այն ամրակուռ հաստատութիւնն է, որ իր զուտ հայկական միջավայրով եւ ջամբած հայեցի դաստիարակութեամբ կը պատրաստէ գիտակից եւ պահանջատէր սերունդներ, որոնք կը ծառայեն աշխարհասփիւռ հայկական կառոյցներուն մէջ` ազատ, անկախ, Միացեալ Հայաստանի տեսլականով:
Ճեմարանի գործադիր տնօրէն Վահէ Ղազարեանը խօսք առնելով` շեշտեց, որ Ճեմարանը հոգատար է բոլորին նկատմամբ եւ խտրութիւն չի դներ աշակերտներուն միջեւ: Ղազարեան ծնողները հրաւիրեց գործակցութեան ոգիով առաջնորդուելու եւ առողջ քննադատութեամբ եւ հաւատքով վարժարանը լուսաւոր ուղիի վրայ պահելու, հայեցի կրթութիւնը առաջնահերթ համարելու եւ գնահատելու աշակերտներուն ձեռքբերումներն ու ձիրքերը:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ պարգեւատրում եւ վկայականաց բաշխում: Եզրափակիչ պատգամը յղեց Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանը, որ շնորհաւորելով շրջանաւարտները` ըսաւ, թէ Ճեմարանը, նորոգող եւ նորոգուող իր ներկայութեամբ, մեր ազգային կեանքի կրթական ինքնուրոյն օճախն է, մեր իմացական բանակի բանակավայրն է: Ան նկատել տուաւ, որ զինուորական ուժը կարեւոր Է հայրենիքի ու ժողովուրդի պաշտպանութեան համար, սակայն ազգերը կը գոյատեւեն նաեւ իմացական բանակով, որուն գեղեցիկ պատկերը կը տեսնէ բեմին վրայ:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Ճեմարանի քայլերգով եւ սրբազան հօր «Պահպանիչ»-ով:
Շուէտ
Շուէտի Սոտէրթէլիոյ Շրջանի Ներկայացուցիչներուն Հանդիպումները Քաղաքապետին Հետ
2 յունիս 2018-ին Հիւսիսեան կոմիտէն «Սարդարապատ» Հայ կեդրոնին մէջ ընդունեց Սոտէրթէլիոյ քաղաքապետ Պուէլը, ընկերակցութեամբ` Սոցիալ դեմոկրատ շուէտական կուսակցութեան երիտասարդական թեւէն Սարգիս Խաչատուրեանը:
Հանդիպման ներկայ էին` կոմիտէի կազմի երեք անդամներ Սիմոն Տէր Սահակեանը, Սմբատ Գրիգորեանը եւ Մասիս Երէցեանը, ինչպէս նաեւ Հայ դատի Շուէտի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Արամ Եանըքեանը, ՀՄԸՄ-ի, ՇԵՄ-ի, ՀՕՄ-ի, Համազգայինի ներկայացուցիչները:
Արամ Եանըքեանի եւ Սիմոն Տէր Սահակեանի բարի գալուստի խօսքերէն ետք քաղաքապետին ներկայացուեցաւ «Սարդարապատ» կեդրոնի յարկին տակ գտնուող միութիւնները, առաջին հերթին ծանօթացուցին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան գործունէութեան անցեալը, ներկան եւ Ընկերվար միջազգայինի մէջ իր դերակատարութիւնը, ապա հերթական յարակից միութիւններու եւ Հայ դատի աշխատանքները այսօր Շուէտի տարածքին:
Քաղաքապետ Պուէլ խօսք առնելով բացատրեց իր այցելութեան դրդապատճառը. իր խօսքին մէջ ընդգծեց, թէ Սոտէրթէլիոյ ժողովուրդին մէկ երրորդը ցեղասպանութենէն վերապրողներու ժառանգորդներԷ, խոստացաւ հետագային ջանք ի գործ դնել կառավարութեան կողմէ ցեղասպանութեան ընդունման ի խնդիր:
Առիթը տրուեցաւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն առաջարկներ եւ կարծիքներ փոխանակելու:
Ա.- Ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձանի տեղադրում Սոտէրթէլիոյ քաղաքին մէջ` ի յիշատակ բոլոր տեսակի ցեղասպանութիւններու:
Բ.- Դասագիրքերու մէջ Ցեղասպանութեան յիշատակում:
Գ.- Գաղափար մը ներկայացուեցաւ գէթ տարին մէկ օր յատկացնել Ցեղասպանութեան զոհ գացած ժողովուրդներու:
Դ.- Քոյր քաղաք հռչակել Հայաստանի քաղաքներէն մէկը եւ Շուէտի Սոտէրթէլիոյ քաղաքը:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ բարեփոխումներուն. նշուեցաւ, որ Սոտէրթէլիա կը հանդիսանայ բազմազգերու խճանկար մը, որ կը կարօտի զարգացման:
Տարբեր Նախաձեռնութիւններ Շուէտի Մէջ
Նախորդ շաբաթներուն Շուէտի շրջաններուն մէջ տեղի ունեցան տարբեր նախաձեռնութիւններ` զանազան առիթներով, որոնք իրենց շուրջ համախմբեցին տուեալ շրջանի հայութիւնը:
ՀՄԸՄ-ի Սթոքհոլմի մասնաճիւղի մեկուսի վարչութեան և Սկաուտական խորհուրդին կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակի հանդիսութիւն:
Սոտէրթէլիոյ Հայ օգնութեան միութեան «Աղթամար» մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ կայացաւ դասախօսական երեկոն` «Հայ կնոջ դերը մայիսեան փառապանծ յաղթանակներու ընթացքին» նիւթով:
Միացեալ Նահանգներ
Փասատինայի Քաղաքային Համալսարանը Ցեղասպանութեան Բանաձեւ Վաւերացուց
Այս տարի եւս Փասատինայի քաղաքային համալսարանի հոգաբարձութիւնը վաւերացուց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը:
Հոգաբարձութեան 23 մայիսի նիստին ընթացքին, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ շրջանի ՀՅԴ-ի եւ ՀԵԴ-ի անդամներ, միաձայնութեամբ վաւերացուած բանաձեւին բնօրինակը յանձնուեցաւ Փասատինայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչին:
Բանաձեւին ի նպաստ տպաւորիչ ելոյթ մը ունեցաւ հոգաբարձութեան ատենապետ դոկտ. Էնթընի Ֆելոն, որ ցաւ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները ցարդ յստակօրէն չեն ճանչցած Ցեղասպանութեան իրողութիւնը:
Բանաձեւին վաւերացման Հայ դատի ջանքերուն նպաստած են համալսարանին մեծ թիւով ուսանողները ներկայացնող Հայ ուսանողական միութիւնը` առաջնորդութեամբ ատենապետ Տարօն Ասատուրեանի, ինչպէս նաեւ` համալսարանի հոգաբարձութեան ուսանող անդամ Էմըլի Էքշեանին:
Մոնաքօ
Վրոյր Փենեսեան Մոնաքոյի Եկեղեցւոյ Նուիրեց Ս. Էջմիածինի Մէջ Օրհնուած Հայկական Գորգ-Խաչքար
Մոնաքոյի արքեպիսկոպոս Պեռնարտ Պարսին հիւրընկալեց Հայաստանէն ժամանած Վրոյր Փենեսեանը, որ իր կողմէ Մոնաքոյի եկեղեցւոյ նուիրեց Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր կեդրոնին` Ս. Էջմիածինի մէջ օրհնուած հայկական գորգ-խաչքար, որ իր ուրոյն տեղը պիտի ունենայ Մոնաքոյի նորակառոյց մատուռին մէջ: Հաւանաբար ասիկա առաջին անգամ է, որ հայկական խաչքարը պիտի ներկայացուի Մոնաքոյի եկեղեցւոյ մէջ, որ նաեւ խորհրդանշական վայր կրնայ դառնալ Մոնաքոյի հայկական համայնքին համար:
Գորգ-խաչքարի պատրաստութիւնը տեւած է 2 ամիս 10 օր (հումքը` բուրդ եւ մետաքս), համաշխարհային ճանաչում ունեցող հայկական «Մեգերեան Կարպետ» ընկերութեան մէջ, եւ որ կրկնօրինակուած է Գոշավանքի մէջ գտնուող 12-րդ դարու խաչքարի բնօրինակէն:
Վրոյր Փենեսեան նաեւ նախաձեռնողն է 2-3 սեպտեմբերին Մոնաքոյի մէջ տեղի ունենալիք Հայաստանի օրերուն, որոնց նպատակն է Հայաստանի եւ Մոնաքոյի միջեւ տնտեսական ու մշակութային կապերու ստեղծումը:
Մոսկուա
«Հայոց Միասնականութեան Մէկ Դարը» Խորագիրը Կրող Տօնական Երեկոյ
Նախաձեռնութեամբ Մոսկուայի Հայ դատի գրասենեակին, վերջերս Հայ առաքելական Ս. Պայծառակերպութիւն եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայոց միասնականութեան մէկ դարը» խորագիրը կրող տօնական երեկոյ նուիրուած Հայաստանի պետականութեան վերականգնման 100-ամեակին:
Երեկոյի բացման խօսքը արտասանեց Մոսկուայի Հայ դատի գրասենեակի տնօրէն Ներսէս Ներսէսեանը, որմէ ետք Յարութիւն աբղ. Կիրակոսեանը արտասանեց Ռուսիոյ եւ Նոր Նախիջեւանի հայոց թեմի առաջնորդ Եզրաս արք. Ներսիսեանին օրհնութեան խօսքը:
Գեղարուեստական բաժինով հանդէս եկաւ «Հայասա» ազգագրական պարային համոյթը, հնչեցին ազգային, հայրենասիրական երգեր, նաեւ ցուցադրուեցաւ փաստավաւերագրական ժապաւէն մը, որ կը ներկայացնէր հայ ժողովուրդի պատմութեան ամենահերոսական էջերը, երբ հայ ժողովուրդը կարողացաւ Սարդարապատի, ԲաշԱպարանի եւ Ղարաքիլիսայի ճակատամարտերուն հերոսական յաղթանակներ տանիլ` կերտելով վեց դար տեւողութեամբ կորսուած պետականութիւնը:










