Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստան Կրնայ «Հազարամեակի Մարտահրաւէր» Ընկերակցութեան Օգնութիւնը Ստանալ

July 4, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նոր Հայաստանը արժանի է Միացեալ Նահանգներու ամենալայն աջակցութեան: Այս մասին «Ամերիկայի Ձայն»-ին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին նշած է Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսական Ճեքի Գանչելեան-Սբիր:

Անոր համաձայն, քոնկրեսականներու եւ գործադիր իշխանութիւններու մակարդակով քննարկումներ կ`իրականացուին` Հայաստանին «Հազարամեակի մարտահրաւէր» ամերիկեան պետական ընկերակցութեան կողմէ մեծ օգնութիւն տրամադրելու վերաբերեալ:

«Ատիկա բարդ հոլովոյթ է, դիւրին չէ այդ մեծ օգնութեան վաւերացումը ստանալ, սակայն, ես լեցուած եմ զգուշ լաւատեսութեամբ», ըսած է ան:

«Հազարամեակի մարտահրաւէր»-ի հաստատման պարագային, Հայաստանին կրնայ տրուիլ աւելի քան 100 միլիոն տոլարի օգնութիւն:

Քոնկրեսականին համաձայն, իր լաւատեսութեան աղբիւրը նոր Հայաստանն է:

«Սկիզբը ես մտահոգ էի, կ՛անհանգստանայի, որ այդ իրադարձութիւնները Հայաստանը ետ կը մղեն, որ կրնայ արիւնահեղութիւն ըլլալ: Յետոյ տեսայ, թէ իրականութեան մէջ ինչ կը կատարուի, եւ ատիկա կարծես հրաշք ըլլար. մէկ քար չէ նետուած, մէկ ատրճանակ չէ կրակուած: Այդ յեղափոխութիւնը կարծես տօնակատարութիւն ըլլար: Երբ փոքր երեխաները իրենց խաղալիքներով կը փակէին փողոցները, այդ ամէնը ուղղակի անհաւատալի դրական զգացմունքներ կ՛արթնցնէր», նկատած է Ճեքի Գանչելեան-Սփիր:

Ան նշած է, թէ Միացեալ Նահանգները հետաքրքրուած են, որ Հայաստանը ծաղկի եւ բարգաւաճի: Ճարտարագիտութիւններու յառաջատար Սան Ֆրանսիսքոն ներկայացնող քոնկրեսականը ըսած է, թէ Միացեալ Նահանգները կրնան օգնել Հայաստանին ինքնուրոյն ապահովելու սեփական ուժային կարիքները, նոր աշխատատեղեր ստեղծելու` օգտագործելով նորագոյն ճարտարագիտութիւնները:

«Հաւանաբար մենք կրնանք ուղարկել Իլոն Մասքը, որ Հայաստանի մէջ արեգակնային ուժանիւթը զարգացնէ եւ վերջ դնէ երկրի կախուածութեան` արտերկրի ուժանիւթի կրիչներէն: Հաւանաբար, կրնանք ուղարկել Մարք Զաքերպըրկը, որ օգնէ զարգացնելու բարձր ճարտարագիտութիւնները: Հայաստանի տաղանդաւոր երիտասարդները կրնան երկիրը համաշխարհային ճարտարագիտութիւններու կեդրոնի վերածել, եթէ անոնց տրուին այդ միջոցները», նշած է ան:

Յառաջիկայ ամիսներուն Ճեքի Գանչելեան-Սփիր կը նախատեսէ Հայաստան բերել Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսականներու այլ խումբ մը եւս` ամերիկացի օրէնսդիրներուն Հայաստանը ներկայացնելու եւ անձամբ ծանօթանալու Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ:

«Ատիկա անչափ կարեւոր այցելութիւն պիտի ըլլայ: Ես կ՛ուզեմ մեր աջակցութիւնը ցուցաբերել Հայաստանի քաղաքացիներուն, Հայաստանի նոր կառավարութեան եւ նոր վարչապետին», նկատած է քոնկրեսականը:

 

Նախորդը

Աճեմօղլու Կը Հերքէ Թուրքիոյ Մէջ Նախարարի Պաշտօն Ստանձնելու Մասին Լուրերը

Յաջորդը

Ձերբակալուած Է «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Տնօրէն Արա Վարդանեան

RelatedPosts

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ

November 4, 2026
Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի,  Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը  Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»
Հայկական

Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի, Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»

November 4, 2026
Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի  Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի  Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»
Հայկական

Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.