Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երուանդ Թերզեանին ՆԱՍԱ-ի Բարձրագոյն Մրցանակ Պիտի Շնորհուի

Յուլիս 3, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱՍԱ-ն իր բարձրագոյն պարգեւը` «Նշանակալի հանրային ծառայութեան համար» շքանշանը պիտի յանձնէ աստղագէտ, Քոռնելի համալսարանի փրոֆեսէօր Երուանդ Թերզեանին:

«Նիուզ.քոռնել» կայքը կը հաղորդէ, որ շքանշանը պիտի յանձնէ ՆԱՍԱ-ի վարիչ Ճիմ Պրայտենշթայն` ՆԱՍԱ-ի Հիուսթընի մէջ գտնուող Ճոնսընի անուան տիեզերական կեդրոնին մէջ: Յայտնի է, որ արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 2 օգոստոսին եւ պիտի հեռարձակուի «ՆԱՍԱ Թի.Վի.»-էն:

«Դոկտոր Երուանդ Թերզեան իր կեանքը նուիրած է կրթութեան, հանրային ծառայութեան եւ գիտական հետազօտութիւններուն: Ան իր խանդավառութիւնը օգտագործած է տիեզերքը ուսումնասիրելու, ուսանողներու եւ առհասարակ հանրութեան համար ոգեւորիչ փորձառութիւններ ապահովելու համար:

«Դոկտոր Երուանդ Թերզեան մեծ ազդեցութիւն ունեցած է երիտասարդ ուղեղները ոգեշնչելու եւ կրթելու հարցին մէջ:

«Այս ձեռքբերումներն ու անոր մարդկային բարձր որակները կ՛ապացուցեն, որ Թերզեան արժանի է «Նշանակալի հանրային ծառայութեան համար» շքանշանին», նշուած է ՆԱՍԱ-ի` պարգեւին համար նախապատրաստուած խօսքին մէջ:

Աղբիւրը կ՛աւելցնէ, որ Թերզեան 8 տարի աշխատած է ՆԱՍԱ-ի յանձնախումբերուն մէջ, 20 տարի ղեկավարած է ՆԱՍԱ-ի` Նիւ Եորքի տիեզերական դրամաշնորհներու համախմբումը, որ կը ներառէ 19 համալսարան եւ գիտական կեդրոն:

Բացի ատկէ, Թերզեան 12 տարի աստղագիտութեան նիւթով դասախօսութիւններ տուած է Ամերիկացի աստղագէտներու ընկերակցութեան անդամներուն համար` այդ ընթացքին ճամբորդելով նահանգէ նահանգ:

Կը նշուի, որ հայազգի գիտնականը յայտնի է աստղային եղափոխութեան ոլորտին մէջ իր ուսումնասիրութիւններով, ինչպէս նաեւ հեռաւոր մոլորակային համակարգերու միջեւ ջրածնային գօտիներու յայտնագործումով:

Յայտնի է, որ Թերզեան աւելի քան 235 գիտական յօդուածի համահեղինակ է եւ 7 գիրքի խմբագիր:

Նախապէս ան իր ձեռքբերումներուն համար ՆԱՍԱ-ի կողմէ արժանացած է «Լայֆթայմ Աչիվմընթ» մրցանակին:

Թերզեան ծնած է 9 փետրուար 1939-ին, Եգիպտոսի Աղեքսանդրիա քաղաքին մէջ: Հայրը հայ էր, իսկ մայրը` յոյն: Դպրոցը աւարտած է Աղեքսանդրիոյ մէջ եւ ուսանած Գահիրէի ամերիկեան համալսարանին մէջ: 1960-ին տեղափոխուած է Միացեալ Նահանգներ, 1963-ին Ինտիանա համալսարանէն ստացած է աստղագիտութեան գծով մագիստրոսի, իսկ աւելի ուշ` 1965-ին` գիտութիւններու դոկտորի աստիճան: Նոյն տարին, Թերզեանի գիտական եւ մանկավարժական գործունէութիւնը կապուած է Քոռնելի համալսարանին հետ:

 

Նախորդը

Զօրակցութիւն Արցախի Ականազերծման Ջանքերուն

Յաջորդը

«Ազատ Լսարան» Ծրագրի Քաղաքական Հերթական Դասընթացքը` Աղուերանի Մէջ

RelatedPosts

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի  Քաղաքական Բանտարկեալներուն  Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի Քաղաքական Բանտարկեալներուն Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Ուղղակի Հաղորդակցութիւն Չունինք, Սակայն Շրջանին Մէջ Ունինք Գործընկերներ, Որոնք Կուսակցութեան Հետ Կը Խօսին»
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներ Մինչեւ Տարեվերջ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հետ Առաջին Աշխատանքային Խումբերը Պիտի Ստեղծեն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Շարունակենք Լռել
Հայկական

Թրամփ Դարձեալ Խօսած Է Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպումի Մասին

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?