Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան մտադիր է նոր կազմուող կառավարութեան մէջ ներառել հայ աշխարհահռչակ տնտեսագէտ Տարօն Աճեմօղլուն: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս տեղեկութիւնը կը յայտնէ թրքական «Հապերթիւրք»-ի լրագրող Նակեհան Ալչըն:
«Աշխարհի լաւագոյն տնտեսագէտներէն մէկը նկատուող Աճեմօղլուն թրքական տնտեսութեան կառուցուածքային խնդիրները լուծելու տեսլականով պատմական գործ կրնայ ընել», գրած է Ալչըն:
Հիմնուելով անանուն, սակայն «կարեւոր աղբիւրներու» վրայ` լրագրողը յայտնած է, որ բոլորը մշտապէս զարմացնող Էրտողանը «Աճեմօղլուին կրնայ առաջարկել բոլոր լիազօրութիւններով ղեկավարել թրքական տնտեսութիւնը»:
Այս լուրը տարածուած է թրքական մեծ թիւով լրատուամիջոցներու ճամբով:
Թուրքիոյ մէջ 24 յունիսին տեղի ունեցած խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրութիւններով երկիրը կառավարման խորհրդարանական համակարգէն անցում կատարեց նախագահական համակարգին:
Երկրի նախագահ վերընտրուած Էրտողան այսուհետեւ իրեն վերապահուած լիազօրութիւններով պիտի նշանակէ կառավարութեան անդամները:
Տարօն Աճեմօղլու ծնած է 1967-ին, Թուրքիա` հայ ընտանիքի մէջ: Ան դասախօս է Մասաչուսեց համալսարանի ճարտարագիտութեան հիմնարկին մէջ եւ արժանացած բազմաթիւ մրցանակներու ու պարգեւներու:



