Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շաբաթավերջին Պաապտայի մէջ ընդունեց մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրին, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ երկրին քաղաքական բեմը յուզող հիմնական հարցը` կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:
Հանդիպումէն ետք Խուրի յայտնեց, որ յառաջիկայ օրերուն պիտի դրսեւորուին կառավարութեան կազմութեան առումով նախագահ Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ունեցած վերջին հանդիպումին արդիւնքները:
Խուրի մաղթեց, որ քաղաքական մթնոլորտին մէջ դրական արդիւնքներ արձանագրուին` նկատի ունենալով, որ յառաջիկայ օրերուն կառավարութեան կազմութեան ջանքերը դիւրացնելու համար կարգ մը նախաձեռնութիւններ պիտի առաջադրուին:



