Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան անցեալ շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին զբօսաշրջական կացութիւնն ու նախարարութեան վերաբերող հարցեր:
Ա. Կիտանեան Նախագահեց «Լիբանանեան-Ռուսական Զբօսաշրջական Օր»-ուան
Իր հիմնադրութեան 20-ամեակին առիթով, Լիբանանեան համալսարանի զբօսաշրջութեան եւ պանդոկներու վարչագիտութեան բաժանմունքը, գործակցութեամբ Մոսկուայի Զբօսաշրջութեան ակադեմիային եւ բարեկամութեան համալսարանին, անցեալ շաբաթավերջին կազմակերպեցին «Լիբանանեան-ռուսական զբօսաշրջական օր» մը, որ տեղի ունեցաւ Պիր Հասանի Լիբանանեան համալսարանի Զբօսաշրջութեան հիմնարկի հանդիսասրահին մէջ:
Զբօսաշրջական օրուան հանդիսութեան ներկայ գտնուեցաւ նախարար Ա. Կիտանեան, տեղեկատուութեան նախարարի ներկայացուցիչ Օմար Սամահա, Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինի ներկայացուցիչ, Ռուսիոյ մշակոյթի կեդրոնի տնօրէն Տընիզ Քանշիեւ, Լիբանանեան համալսարանի նախագահ Ֆուատ Այուպ եւ մեծ թիւով դասախօսներ ու ակադեմականներ:
Լիբանանի եւ Ռուսիոյ զոյգ քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, դոկտ. Մարինա Ֆարես արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ անդրադարձաւ թէ՛ Լիբանանի եւ թէ՛ Մոսկուայի մէջ զբօսաշրջութեան հիմնարկներու գործունէութեան կարեւորութեան եւ անոնց միջեւ փոխադարձ գործակցութեան ամրապնդումին:
Նախարար Կիտանեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ ընթացաւարտ կառավարութեան մէջ իբրեւ իր պաշտօնավարութեան վերջին փուլին մէջ գտնուող զբօսաշրջութեան նախարար, ինք կը վկայէ Սուրի եւ Ժիպէյլի մէջ Լիբանանեան համալսարանի Զբօսաշրջութեան հիմնարկի բարգաւաճումին` աւելցնելով, որ Լիբանանեան համալսարանը կը մնայ այդ մարզի բարգաւաճման ռահվիրան, առանց մրցակիցի:
Ան նշեց, որ Լիբանանեան համալսարանի Զբօսաշրջութեան հիմնարկի հիմնադրութեան դիմագրաւած հարցերէն ու դժուարութիւններէն ետք, ինք կրնայ պատկերացնել, թէ ինչքա՛ն յաջողութիւններ արձանագրած են անոր շրջանաւարտները, որոնք լիբանանեան զբօսաշրջական մարզին մէջ բարձր պաշտօններու արժանացած են: «Անոնք բարձր եւ պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած են նաեւ արաբական աշխարհին մէջ, եւ այդ իրականութիւնը կ՛իմանանք այդ երկիրները այցելելու ընթացքին», ըսաւ Ա. Կիտանեան:
Նախարարը շեշտեց, որ իրեն համար կարեւորագոյնը կը մնայ Լիբանանի եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութեան ամրապնդումը: «Ռուսիա բարգաւաճ եւ հսկայ երկիր մըն է, որուն բնակչութեան հսկայ համեմատութիւնը տարեկան դրութեամբ կ՛ուղղուի Լիբանանէն քառորդ ժամ հեռու գտնուող Կիպրոս: Անցեալ տարի Կիպրոս այցելած են 733 հազար ռուս զբօսաշրջիկներ, մինչդեռ մենք կը մնանք ձեռնածալ, եւ հակառակ երկու ժողովուրդներուն բարեկամութեան ու անոնց միջեւ խոր մտերմութեան, Լիբանան այցելող մեծաթիւ ռուս զբօսաշրջիկներ չունինք: Սխալը այս պարագային ռուսերունը չէ, այլ` Լիբանանինը: Մենք պէտք է ընդունինք, որ սխալած ենք, որովհետեւ ռուսերուն շատ քիչ տոկոս մը հազիւ գիտէ Լիբանանի եւ անոր զբօսաշրջական բարիքներուն ու կարելիութիւններուն մասին: Այս բոլորը կ՛ըսենք` գիտնալով հանդերձ, որ Կիպրոսի կողմէ տրամադրուած զբօսաշրջական բնական վայրերու գծով բանավէճ կայ», ըսաւ ան:
Ա. Կիտանեան շեշտեց, որ Ռուսիոյ մէջ իրենք կրնան Լիբանանի շուկայադրումը կատարել` աւելցնելով, որ այդ մէկը նպատակ մըն է, որ պէտք է իրագործուի: «Մենք կրնանք երկրին զբօսաշրջութեան եւ տնտեսութեան մակարդակը բարձրացնել, եթէ Լիբանանի եւ Ռուսիոյ ճամբորդական գրասենեակներուն միջեւ կարենանք գործակցութեան համաձայնագիր ստորագրել եւ ռուս զբօսաշրջիկները Լիբանան ուղղել: Անշուշտ այս նպատակը իրագործելու համար կարիքը ունինք ներդրումներու: Կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ ամիսներուն ռուսական ճամբորդական գրասենեակներ հրաւիրուին Լիբանան եւ ծանօթանան Լիբանանի ու անոր զբօսաշրջական բոլոր կարելիութիւններուն եւ բնական զբօսավայրերուն», շեշտեց նախարար Կիտանեան:
Ան իր խօսքը եզրափակեց հաստատելով, որ Լիբանան կրնայ ռուս եւ այլ զբօսաշրջիկներուն համար դառնալ զբօսաշրջութեան լաւագոյն կեդրոնը` շնորհիւ լիբանանեան զբօսաշրջական ոլորտի պատասխանատուներուն աշխատանքին ու ջանքերուն:




