Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փայլան. «Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Խօսիլը Վիրաւորանք Չէ, Հերքելը Վիրաւորանք Է»

June 21, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան, որ 24 յունիսին տեղի ունենալիք խորհրդարանական կանխահաս ընտրութիւններուն քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած է Տիգրանակերտէն, թրքական «Պիանեթ» կայքին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին խօսեցաւ իրեն դէմ կատարուող հետաքննութեան մասին, որ բացուած է երկրի քրէական օրէնսգիրքի տխրահռչակ 301-րդ յօդուածին հիման վրայ:

Փայլան նշեց, որ 301-րդ յօդուածը դարձած է պոլսահայ լրագրող Հրանդ Տինքի մահուան պատճառը:

«Հայոց ցեղասպանութեան մասին խօսելու համար դէմս սկսած էր «թրքութիւնը վիրաւորելու» հիմնաւորումով հետաքննութիւն: Իրականութեան մէջ, սակայն, Հայոց ցեղասպանութիւնը հերքելը վիրաւորանք է: Անուանեցէ՛ք ինչպէս կ՛ուզէք` հայերու հետ տեղի ունեցած մեծ ողբերգութիւնը հերքելը կը վիրաւորէ թրքութիւնը», նշեց ան:

Փայլան դարձեալ ընդգծեց, որ ամբողջ աշխարհը տեղեակ է, թէ հայ ժողովուրդը ոչնչացնելու փորձ տեղի ունեցած է: «Անատոլուի մէջ ամէն հինգէն մէկն էինք, իսկ հիմա անգամ հազարէն մէկը չենք: Մեր հազարաւոր եկեղեցիները, դպրոցները, մշակութային ժառանգութիւնը, ամէն բան կորսնցուցած ենք: Մենք կ՛առաջարկենք` դուք անուանեցէք տեղի ունեցած դէպքերը: Կ՛ըսենք` արդար յիշողութեան վրայ հիմնուած անուն դրէք կատարուածին: Սակայն, մեզի տրուող պատասխանը մշտապէս հետեւեալն է. «Դուն չես կրնար այս բոլորին մասին խօսիլ»: Ու նմանօրինակ պայմաններու մէջ պարզ կը դառնայ, թէ կը վիրաւորես թրքութիւնը: Պարզուած է այնպէս, որ թուրքերը աշխարհի մէջ կ՛ընկալուին իբրեւ Ցեղասպանութիւնը հերքողներ: Իսկ ես, հակառակը, կը պայքարիմ թուրքերու դէմ այդ անարդարութիւնը վերացնելու համար», ըսաւ խորհրդարանի հայ երեսփոխանը:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի 301-րդ յօդուածը կ՛ենթադրէ քրէական պատասխանատուութեան ենթարկել այն անձերը, որոնք կը վիրաւորեն թուրք ժողովուրդը, պետական կառոյցները, զինուորներն ու իրաւապահները: Հայոց ցեղասպանութեան մասին խօսելու պատճառով, նոյն յօդուածով հետապնդումներու ենթարկուած են «Ակօս»-ի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինք, թուրք պատմաբան Թաներ Աքչամ, գրականութեան Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր Օրհան Փամուք եւ ուրիշ բազմաթիւ անձեր:

 

Նախորդը

Հայանպաստ Երկու Առաջարկներ Կը Ներառուին Քալիֆորնիոյ Ամավարկին Մէջ

Յաջորդը

Ազգային Ժողովի ՀՅԴ Խմբակցութիւնը Ձեռնպահ Քուէարկեց Կուտակային Համակարգի Պարտադիր Բաղադրիչը Ուժի Մէջ Մտցնող Նախագիծին

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.