Յատուկ քննչական ծառայութեան կարեւորագոյն գործերէն մէկը պէտք է ըլլայ մարտ 1-ի ոճրագործութեան բացայայտումը: Այս մասին յայտարարած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան` Յատուկ քննչական ծառայութեան աշխատակիցներուն ներկայացնելով նորանշանակ պետ Սասուն Խաչատրեանը:
«Երբ կ՛ըսենք չկան եւ գոյութիւն չունին սահմանափակումներ, նկատի ունինք, որ չկան եւ գոյութիւն չունին սահմանափակումներ», ըսած է վարչապետը:
Ան ընդգծած է, որ եթէ նախապէս եղած են այնպիսի դատեր, որոնք տարբեր պատճառներով, քաղաքական, մերձքաղաքական, կամ այլ առարկայական պատճառներով յառաջ չեն գացած այժմ, սակայն, անդրադարձ պիտի կատարուի այդ բոլոր դատերուն:
«Յոյսով եմ, որ քննիչները` Յատուկ քննչական ծառայութեան նոր պետին ղեկավարութեամբ` պիտի անդրադառնան բոլոր այդ գործերուն Հայաստանի մէջ լիարժէք իրաւակարգ ապահովելու նպատակով», ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:



