Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Անի Սարգսեան` «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան հետ զրուցած է Պաքուի արձագանգին մասին` Արցախի մէջ ժողովրդավարական գործընթացներուն եւ հանրապետութեան իշխանութիւններուն կողմէ իրականացած բարեփոխումներուն մասին` դիտել տալով, որ ասիկա կը վկայէ, թէ Ազրպէյճանի մէջ գոյութիւն ունի այլ արժէքային համակարգ, ուր ժողովուրդը զրկուած է իր ճակատագիրն ու երկրի կառավարման ձեւը ազատ եւ ինքնուրոյն որոշելու սահմանադրական իրաւունքէն:
«Արմէնփրես»-ի թղթակիցը հարցուցած է. «Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղարին արժեւորումները` Արցախի մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններուն վերաբերեալ եւ անոր յայտարարութիւնը այն մասին, որ Արցախի բնակիչները «Ազրպէյճանի քաղաքացիներ են»:
Անի Սարգսեան պատասխանած է. «Արցախի բնակիչները կը հանդիսանան անկախ ինքնիշխան պետութեան` Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիներ եւ երբեք չեն եղած անկախ Ազրպէյճանի քաղաքացիներ:
«Աւելի՛ն, Ազրպէյճան չունի բարոյական իրաւունք` Արցախի բնակիչները նկատելու քաղաքացիները այն պետութեան, որ իր ստեղծման օրէն ահաբեկման, ցեղային զտումներու, զանգուածային սպանութիւններու նպատակաուղղուած քաղաքականութիւն վարած է` ձգտելով Արցախի ժողովուրդը զրկել ո՛չ միայն կեանքէն, այլ նաեւ հայրենիքէն:
«Արցախի քաղաքացիներուն նկատմամբ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն ցուցաբերած իրական վերաբերմունքի վերջին արտայայտութիւններէն մէկն է 2016-ի ապրիլին Արցախի դէմ ռազմական յարձակման ընթացքին Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան նոյն պաշտօնական ներկայացուցիչին յայտարարութիւնը այն մասին, որ Արցախի մէջ «քաղաքացիական բնակչութիւն չկայ» եւ «այն կողմը միայն դաշտ է եւ զինուորականներ»` փորձելով արդարացնել Արցախի խաղաղ բնակչութեան սպանութիւնները:



