Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եթէ Կողմերը Որեւէ Ատեն Համաձայնին, Որ Լեռնային Ղարաբաղը Վերադառնայ Բանակցային Սեղան, Ապա Ատիկա Իրենց Որոշումը Պիտի Ըլլայ, Եւ Մենք Պէտք Է Յարգենք Զայն» Կ՛ըսէ Սերկէյ Լաւրով

June 8, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսական դիրքորոշումը ղարաբաղեան հիմնախնդիրի լուծման հարցին մէջ կը մնայ անփոփոխ. Մոսկուայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի հետ բանակցութիւններէ ետք միացեալ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:

Ան այդ կեցուածքը յայտարարեց` պատասխանելով ռուսական լրատուամիջոցներէն մէկուն լրագրողին նշման, թէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կատարած է «հնչեղ յայտարարութիւն»` Արցախը բանակցային սեղան վերադարձնելու մասին, եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներն ալ, մասնաւորաբար, Ռուսիան ներկայացնող Ալեքսանտր Փոփովը ժամանակին յայտարարած էր, որ որոշ փուլի Լեռնային Ղարաբաղը պէտք է վերադառնայ բանակցային սեղան: Լրագրողը նաեւ Լաւրովին հարցուցած է, թէ արդեօք մօ՞տ է այդ «որոշակի ժամանակաշրջանը»:

«Ռուսիան կողմ է, որ ղարաբաղեան հիմնախնդիրը լուծուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն միջոցով, հիմնախնդիրի, որուն կողմերէն են թէ՛ Ազրպէյճանը եւ այլ երկիրներ, թէ՛ ալ Հայաստանը:

«Մենք վստահ ենք, որ ատիկա բարենպաստ ձեւաչափ է: Եւ մենք` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը համանախագահող երկիր, մեր գործընկերներուն` Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու հետ, կը տանինք ընդհանուր շահերու, առանց հակասութիւններու գիծ մը, որ կարելիութիւն պիտի ստեղծէ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ համաձայնութիւններ ձեռք բերելու: Ատիկա տարիներ շարունակ կատարուած է», ըսաւ ան:

Լաւրով յիշեցուց, որ եղած են ժամանակներ, երբ Լեռնային Ղարաբաղը մասնակցած է բանակցութիւններուն, յետոյ ձեւաչափը փոխուած է: Ան նաեւ սրբագրեց իրեն հարց տուող լրագրողը` նշելով, որ Փոփով չէ յայտարարած, թէ Արցախը «պէտք է» վերադառնայ բանակցային սեղան:

«Ան ըսած է, որ եթէ կողմերը որեւէ ատեն համաձայնին, որ Լեռնային Ղարաբաղը վերադառնայ բանակցային սեղան, ապա ատիկա իրենց որոշումը պիտի ըլլայ, եւ մենք պէտք է յարգենք զայն», ըսաւ ան:

 

Նախորդը

Պաքուն Կը Քննադատէ Ստեփանակերտը Բանակցային Սեղան Վերադարձնելու Փաշինեանի Դիրքորոշումը

Յաջորդը

Ալիեւ Հայաստանի Նոր Իշխանութիւններուն Կոչ Ուղղած Է Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծման Համար Ձեռնարկելու «Իսկական Քայլերու»

RelatedPosts

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ

November 4, 2026
Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի,  Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը  Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»
Հայկական

Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի, Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»

November 4, 2026
Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի  Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի  Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»
Հայկական

Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.