Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) խմբակցութեան պատգամաւոր Սամուէլ Ալեքսանեան լքած է խմբակցութիւնը: Այս տեղեկութիւնը Ազգային ժողովի լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին հաստատած է ինք` Ալեքսանեանը:
Նշենք, որ ան կուսակցական չէ եւ միայն խմբակցութեան անդամ է:
ՀՀԿ խմբակցութիւնը լքած են նաեւ պատգամաւորներ Ֆելիքս Ցոլակեան, Արտակ Սարգսեան, Շիրակ Թորոսեան, Արման Սահակեան եւ Արթուր Գէորգեան: