Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Յունիս 7, 2018
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան
100-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկներ

Սպահան

Հովանաւորութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրման 100-ամեակի կեդրոնական յանձնախումբին, նախաձեռնութեամբ Փերիոյ Կրթ. միութեան Շահինշահրի մասնաճիւղի վարչութեան, Հայաստանի անկախութեան 100-ամեակին առթիւ, 24-26 մայիսին «Սրբոց Վարդանանց» դպրոցի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Փերիոյ գաւառի հին լուսանկարներու եւ իրերու ցուցահանդէս, ուր ներկայացուած էին մօտաւորապէս 300 լուսանկարներ` գիւղերէ եւ առօրեայ կեանքէ, ինչպէս նաեւ` այդ շրջանին պատկանող կենցաղային իրեր, մանրակերտեր, հին գրութիւններ ու նամակներ:

Ցուցահանդէսի բացումը տեղի ունեցաւ 24 մայիսին: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ կազմակերպիչ վարչութեան անդամ Գայեանէ Վարդանեան, որ անդրադառնալով ցուցահանդէսի բնոյթին` նշեց, թէ Փերիոյ գաւառի ժողովուրդը կապուած է իր արմատներուն, հպարտ է իր անցեալով եւ սոյն ցուցահանդէսի կազմակերպումը այդ կապուածութեան վառ ապացոյցն է:

Մասնաճիւղի վարչութեան նախագահ Ջանիկ Թահմազեանը իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ ձեռնարկի կազմակերպման նպատակը նախնիներու աւանդոյթներն ու ապրելակերպը նոր սերունդին յիշեցնելն ու սորվեցնելն է:

Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Սիփան եպս. Քեչեճեանը իր պատգամին մէջ գնահատելով կազմակերպիչներուն տարած աշխատանքը` նշեց, որ դպրոցին սրահը վերածուած է փոքրիկ թանգարանի, որ իւրաքանչիւրին մէջ կրնայ գեղեցիկ յուշեր արթնցնել: Սրբազան հայրը քաջալերեց նման ձեռնարկներու կազմակերպումը` շեշտելով, որ անոնք կամուրջներ են անցեալի եւ ներկայի միջեւ:

Նոր Ջուղա

Նախաձեռնութեամբ ՀՄՄ «Արարատ» միութեան Շահինշահրի մասնաճիւղի վարչութեան, համագործակցութեամբ Շահինշահրի Հայ դատի գրասենեակի, Հայաստանի հիմնադրման 100-ամեակի առիթով, 17 մայիսին  նոյն մասնաճիւղի սրահը անուանակոչուեցաւ հայոց նորագոյն պետականութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի անունով:

Օրուան հանդիսավար Մարիա Խուտավերտեանի բացման խօսքէն ետք ցուցադրուեցաւ Արամ Մանուկեանի կեանքի ու գործունէութեան մասին տեսերիզ մը:

Օրուան բանախօսն էր Սպահանի հայոց թեմի Պատգամաւորական ժողովի դիւանի եւ ՀՀ հիմնադրման 100-ամեակի կեդրոնական յանձնախումբի ատենապետ Թաթուլ Օհանեանը: Ան բացատրութիւններ տուաւ Արամ Մանուկեանի իւրայատուկ նկարագրի մասին` անդրադառնալով անոր պահը ճիշդ ըմբռնելու յատկութեան, յեղափոխական նկարագրին եւ կազմակերպչական ընդունակութեան, աւելցնելով, որ ան յատուկ տաղանդ ունէր իր շրջապատի անձնաւորութիւնները ճանչնալու:

Օհանեանը Արամ Մանուկեանը ներկայացուց որպէս ՀՅԴ-ի հաւատաւոր զինուոր` աւելցնելով, որ ան ամէնուրեք հայ ժողովուրդին մէջ կը դնէր պայքարի ոգին, որուն շնորհիւ ժողովուրդը ձեռք բերաւ իր կորսուած ու ոտնահարուած իրաւունքները:

Թաթուլ Օհանեանը իր խօսքի աւարտին յանուն թեմի հոգեւորականաց դասուն եւ ազգային մարմիններու` սրահը կոչեց «Արամ Մանուկեան», որմէ ետք տեղի ունեցաւ ցուցատախտակի քողազերծումը:

Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Սիփան եպս. Քեչեճեանը իր խօսքին մէջ Արամ Մանուկեանի ազգային գերագոյն արժէքներէն մէկը նշելով` ըսաւ, որ ան իր պողպատեայ կամքով կերտեց անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Սրբազան հայրը գնահատեց սրահի անուանակոչութեան մտայղացումը` շեշտելով, որ 100-ամեակը լաւագոյն առիթն էր այս սրահը Արամի անունով կոչելու համար:

Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

Նշենք, որ նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ «Ռուբէն» երիտասարդական միութեան, պատրաստուած էին եռագոյն դրօշներ եւ «Մայիս 28-ով նուիրականացուած Հայաստանի Հանրապետութիւնը` մեր անցեալի, մեր ներկայի ու ապագայի հպարտութիւնն ու երաշխիքը» խորագիրով գրքոյկներ, որոնք տրամադրուեցան ժողովուրդին:

Քուէյթ

Հովանաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Մասիս Եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ Քուէյթի Ազգային վարչութեան, 25 մայիսին Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ:

Ազգային վարժարանի փոխտնօրէն Կարօ Արսլանեանը իր խօսքին մէջ յորդորեց ներկաները յարգանքով խոնարհելու Սարդարապատը կերտողներու սրբազան շիրիմներուն առջեւ եւ բարձր գիտակցութեամբ գործադրելու անոնց կտակը` իրար կողք կողքի կանգնած, աւելի ամուր, աւելի հաստատ եւ աւելի հանդուրժողութեամբ, որովհետեւ պատմութեան մեր բոլոր լուսաւոր էջերը մենք արձանագրած ենք հաւաքական ճիգերով, հաւաքական քրտինքով ու հաւաքական արիւնով:

Քուէյթի մէջ Հայաստանի դեսպան Մանուէլ Բադէեանը շնորհաւորելէ ետք ներկաները շեշտեց, որ Սարդարապատի ճակատամարտը հայ ժողովուրդի փայլուն էջերէն է, աւելցնելով, որ 1918 մայիս 28-ին վերականգնուեցաւ հայկական պետականութիւնը եւ հռչակուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը:

Այնուհետեւ  գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

Oրուան բանախօս ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամ Արթուր Եղիազարեանը կամրջեց օրուան պատգամը հայաստանեան ներկայ իրավիճակին հետ` յատկապէս անդրադառնալով Հայաստանի քաղաքական վերջին իրադարձութիւններուն մասին, շեշտելով, որ այսօր Հայաստանի մէջ կը տիրէ նոր իրավիճակ, որուն յաջողութեան համար բոլորս պատասխանատու ենք համահաւասար:

Ձեռնարկին եզրափակիչ  խօսքը արտասանեց առաջնորդ սրբազանը, որ ըսաւ, թէ 28 մայիս 1918-ին հայութիւնը կրցաւ փշրել ստրկութեան շղթան, թօթափել սրտկութեան զգացումը եւ կերտել իսկական յաղթանակ, որուն խորհուրդը փոխանցուած է սերունդէ սերունդ եւ պիտի շարունակէ ներշնչման աղբիւր հանդիսանալ:

Ռուսիա

29 մայիսին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցաւ հայոց պետականութեան վերականգման 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ:

Հայաստանի հիւպատոս Հրայր Կարապետեանը Ելոյթ ունենալով ներկայացուց պատմական իրավիճակը` 100 տարի առաջ: Ապա ան անդրադարձաւ ներկայ օրերուն` մէջբերելով Նիկոլ Փաշինեանի այն խօսքը, որ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները անփոփոխ են եւ այդ հարցով Հայաստանի մէջ այլ կարծիք չկայ:

Ձեռնարկի ընթացքին ելոյթ ունեցան նաեւ այլ անձնաւորութիւններ, որոնք ջերմ խօսքեր արտասանեցին Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի նկատմամբ:

Վրաստան

30 մայիսին, մասնակցութեամբ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Թիֆլիսի Երիտասարդութեան տունին մէջ տեղի ունեցաւ բացումը Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 100-ամեակին նուիրուած յուշատախտակին:

Այնուհետեւ Թիֆլիսի Քաղաքային խորհուրդի շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ, որուն ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան Նիկոլ Փաշինեանը եւ Վրաստանի կառավարութեան ղեկավար Կիորկի Քվիրիքաշվիլին:

Ֆրանսա

Իսի Լէ Մուլինոյի Քաղաքապետարանը Իր Նամակներուն Վրայ Կը Նշէ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակը

Փարիզեան արուարձան Իսի լէ Մուլինօ քաղաքի քաղաքապետ Անտրէ Սանթինիի հայկական համայնքի հարցերու կցորդ Արթիւր Խանճեան կը տեղեկացնէ, թէ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով քաղաքապետարանը որոշած է իր բոլոր նամակներու պահարաններուն վրայ` մայիս 28-էն մինչեւ տարեվերջ, զետեղել Հայաստանի զինանշանը եւ քովն ալ հետեւեալ արձանագրութիւնը. «Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հարիւրամեակ. 1918-2018. Իսի լէ Միւլինօ: Բարեկամ քաղաք»:

Իսիի քաղաքապետարանը նման նախաձեռնութիւն ունեցած էր նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով:

***

Իրան

ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Ճրտգ. Վիգէն Բաղումեանի Ելոյթը

22 մայիսին ՀՄ «Սիփան» միութեան յարկին տակ տեղի ունեցաւ հասարակական հանդիպում` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ճրտգ. Վիգէն Բաղումեանի հետ: Հանդիպումին հիմնական թեմաներն էին` Հայաստանի վերջին իրադարձութիւններու զարգացման ընթացքը, կուսակցութիւններու դերակատարութիւնը, շարժման դրդապատճառները եւ արդիւնքները:

Դասախօսը իր ելոյթին մէջ ընդգծեց, որ այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ, հետեւանքն էր երկու հիմնական հարցերու. ա) ժողովուրդի մօտ ներկայ էր այն ընդհանուր զգացումը, թէ հասարակութեան հասանելի չեն երկրի ներկայ հնարաւորութիւնները, եւ բ) հասարակութեան մտաւոր եւ ուսանողական խաւը կը բողոքէր տիրող անարդարութեան նկատմամբ եւ գոյութիւն ունեցող կարելիութիւններու հաւասար բաժանման կապակցութեամբ: Ժողովուրդը դժգոհ էր, որ բոլորը օրէնքի դիմաց համահաւասար չեն եւ նոյն հաւասարութեամբ պարտաւորութիւններու դիմաց չեն կանգնած: Ճրտգ. Վիգէն Բաղումեանը կարեւորութեամբ անդրադարձաւ այն հանգամանքին, որ ծայր առած շարժումը բռնութիւններու չենթարկուեցաւ եւ ընթացաւ առանց արիւնահեղութեան ու քաղաքակիրթ ձեւով, շեշտելով, որ Նիկոլ Փաշինեանը իր վստահութեան քուէն ստացաւ Ազգային ժողովի կողմէ` ձեւաւորելով նոր կառավարութիւն, որուն մաս կը կազմեն տարբեր կուսակցութիւններու անդամներ: Ան ընդգծեց, որ շուտով պիտի նշանակուին նաեւ մարզպետները, եւ կառավարութիւնը Ազգային ժողովին պիտի ներկայացնէ իր ծրագիրը: Ան մանրամասնօրէն բացատրեց բոլոր այն գործընթացները, որոնք կը սպասեն իրենց տրամաբանական լուծումներուն:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը անդրադարձաւ կուսակցութեան դերակատարութեան եւ մօտեցումներուն, որոնք եղած են ռազմավարական բնոյթով, նպատակ ունենալով երկիրը հեռու պահել ներքին ցնցումներէ, ապահովելով երկրի անվտանգութիւնը: Ան նաեւ անդրադարձաւ նորընտիր կառավարութեան կողմէ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան` կապուած Արցախի հակամարտութեան հիմնախնդրին, Ռուսիոյ, Իրանի եւ այլ երկրներու հետ յարաբերութիւններուն:

Բաղումեան ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է ժամանակի ընթացքին բարեփոխել սխալ բարքերը եւ քայլ առ քայլ արդիւնաւորել շարժումին գաղափարական նպատակները: Ան կարեւոր նկատեց նաեւ Հայաստանի Ընտրական օրէնսգիրքին մէջ տեղ գտած որոշ փոփոխութիւններու անհրաժեշտութիւնը, խորհրդարանական ընտրութիւններու կայացումը` շեշտելով, որ այդ փոփոխութիւնները աւելի արդար կը դարձնեն ընտրութիւնները: Բաղումեան յոյս յայտնեց, որ Հայաստանի նոր կառավարութիւնը ընթանայ Հայաստանի անվտանգութեան եւ ազգային գերագոյն խնդիրներու իրականացման ճամբով:

Միացեալ Նահանգներ

Ազգ. Առաջնորդարանի «Լուսաւորիչ» Երգչախումբը Մասնակցեցաւ «Ուղղափառ Փառաբանութեան Օր»-ուան Հաւաքին

19 մայիսին Սանթա Մոնիքայի Ս. Պօղոս եւ Ս. Պետրոս Ղըպտի ուղղափառ եկեղեցին հիւրընկալեց «Ուղղափառ փառաբանութեան օր»-ուան 11-րդ տարեկան հաւաքը: Հիւրընկալ համայնքին կողքին, ներկայ էին հայ, Մալապար, Եթովպիոյ, յոյն, Ուքրանիոյ եւ Սերպիոյ ուղղափառ եկեղեցիներէն ներկայացուցիչներ, որոնք ունեցան աղօթքի եւ միացեալ արարողութիւններու պահ մը:

Առաւօտուն մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, որմէ ետք տեղի ունեցաւ ճաշի հիւրասիրութիւն. մասնակիցները առիթ ունեցան իրարու ծանօթանալու: Այնուհետեւ, իւրաքանչիւր համայնքի երգչախումբ իր լեզուով ներկայացուց քանի մը շարական:

Թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի տնօրինութեամբ, Ազգ. առաջնորդարանի «Լուսաւորիչ» երգչախումբը, խմբավարութեամբ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեանի, այս տարի եւս մասնակցեցաւ հաւաքին եւ հնչեցուց հայկական երգեր ու շարականներ: Երգչախումբի անդամներէն Գարեգին Քիրազեան առաջին հերթին փոխանցեց առաջնորդ սրբազանին ողջոյնները, ապա հակիրճ բացատրութիւններ տուաւ ներկայացուելիք շարականներուն ու երգերուն մասին: Այնուհետեւ երգչախումբը մեկնաբանեց «Ո՜վ հայոց աշխարհ», «Մինչ օրրանէս», «Տէր, ողորմեա՛», «Օրհնեալ է Աստուած» երգերն ու շարականները:

Նախորդը

«Խօսքս Ձեզի Է, Երիտասա՛րդ Տղաք»

Յաջորդը

Տեսակէտ. Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի` 28 Մայիս 2018-ի Ոչ Համարժէք Տօնակատարութիւնը Հայաստանի Մէջ

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 8, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 6, 2025
Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի այցը՝ Ֆիլատելֆիոյ Հայ Քոյրերու վարժարան
Գաղութէ Գաղութ

Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի այցը՝ Ֆիլատելֆիոյ Հայ Քոյրերու վարժարան

Մայիս 5, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?