ՎԱՐՈՒԺԱՆ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ
Առաջին անգամ ըլլալով ներկայ կը գտնուէի Մայիս 28-ի տարեդարձին նուիրուած հանդիսութեան, որ տեղի կ՛ունենար Փարիզի վեցերորդ թաղամասի քաղաքապետարանի սրահին մէջ: Յայտագիրի վերջաւորութեան, փակման խօսքէն առաջ, հանդէսը կազմակերպող քանի մը երիտասարդներ եկան, առաջին շարքին նստող տարեց կնոջ մը թեւերը մտան, ոտքի հանեցին եւ օգնելով` զայն բեմ բարձրացուցին: Բեմավարը յայտարարեց, որ հիմա տիկին Տէր Մինասեանը ձեզի պիտի ըսէ իր խօսքը: Ան ըսաւ. «Կարճ պիտի խօսիմ. խօսքս երիտասարդներուն ուղղուած է. երիտասարդնե՛ր, դուք տունը իրարու հետ եւ ձեր երեխաներուն հետ պէտք է, որ միշտ հայերէն խօսիք. եթէ երեխաները հայերէն չեն գիտեր, սորվեցուցէք անոնց»:
Միայն այսքան ըսաւ տիկինը եւ բեմէն վար իջաւ նոյն անձերու օգնութեամբ: Ժողովուրդը բուռն եւ երկար ծափահարեց: Տեսնելով այս երեւոյթը` դարձած էի խիստ հետաքրքիր եւ կ՛ուզէի գիտնալ, թէ ո՛վ էր այդ կինը: Հանդէսի վերջաւորութեան գիտցայ, որ ան Ռուբէն Տէր Մինասեանին կինն էր, որ մահացաւ քանի մը տարի առաջ: Իմացայ նաեւ, որ այդ տիկինը հրեայ էր:
Ռուբէնը իր կնոջ ծանօթացած էր Ժընեւի մէջ, երբ ուսանող էր: Ամուսնանալէն ետք անոր սորվեցուցած է հայերէն, եւ այնուհետեւ տան մէջ միայն հայերէն խօսած են: Անոնց երկու տղաքը հայերէնը սորված են տունը եւ միշտ կարծած են, որ իրենց մայրը հայ է. իրենց մօր հրեայ ծագումը իմացած են, երբ մեծ տղան` Վահիկը, տասը տարեկան էր :
Յաջորդ տարին մայիս 28-ի հանդիսութիւնը կատարուեցաւ նոյն սրահին մէջ: Տիկին Տէր Մինասեանը եկած էր նորէն: Հանդիսութեան վերջաւորութեան նոյն ձեւով զինք բեմ բարձրացուցին, որ ըսէ իր խօսքը: Այս պատուարժան տիկինը տուաւ իր կարճ պատգամը, որ վերջինը պիտի ըլլար.«Խօսքս ձեզի է, երիտասա՛րդ տղաք, միայն հայ աղջկայ հետ ամուսնացէք»:
Տէր Մինասեաններուն որդիները լաւ կրթուած, շատ սահուն հայերէն կը խօսէին՛ առանց հայկական դպրոց յաճախած ըլլալու: Անոնք դարձան գիտնականներ: Կրտսերը՛ Լեւոնը ճանչցած եմ Պէյրութ եւ յետոյ Փարիզ, ուր միասին մաս կը կազմէինք «Ռուբէն» ուսանողական խումբին: Ան ամուսնացաւ Անահիտ Տէր Մինասեանին հետ, որ յետոյ դարձաւ շատ ծանօթ փրոֆեսոր: Լեւոնը նաեւ գործունեայ կուսակցական էր եւ շրջան մը եղաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ:
Ռուբէն Տէր Մինասեանը ճանչցողները պիտի չզարմանային բնաւ, որ ան ունեցած է հայկական բարձր ոգիով սնանած ընտանիք մը: Ան մեր յեղափոխական շարժման պատմութեան մէջ եղած է բացառիկ դէմք մը: ֆետայի, մասնակցած է շատ մը կռիւներու Մուշի, Սասունի եւ Կարսի մէջ. աջակցած է Արամ Մանուկեանին եւ Գէորգ Չաւուշին: Ան նաեւ մեծ մտաւորական մըն էր. յաճախած էր Էջմիածինի Գէորգեան ճեմարանը եւ Մոսկուայի Լազարեան ճեմարանը, աւելի ուշ իր համալսարանական ուսումը շարունակած էր Ժընեւի մէջ:
Հայաստանի Հանրապետութեան շրջանին Ռուբէն Տէր Մինասեանը դարձած էր կեդրոնական դէմք մը իր լայնածաւալ գիտութեամբ` քաղաքական, զինուորական, կազմակերպչական եւ տարբեր մարզերու մէջ: Ան նաեւ սքանչելի գրող մըն էր. հեղինակած է բազմաթիւ գիրքեր, յօդուածներ, ուսումնասիրութիւններ` պատմական, քաղաքական, աշխարհագրական եւ տարբեր նիւթերու մասին:
Հոս պիտի յիշեմ դրուագ մը` ընկեր Ռուբէն Տէր Մինասեանին հետ կապուած:
Աշնան օր մը, մայրամուտին, հինգ ուսանողներ եկած էինք Ժողովրդային Տուն, որ Պէյրութ քաղաքի մեր ակումբն էր, Սուրբ Նշան եկեղեցիէն ոչ շատ հեռու, տալու կուսակցական մեր երդումը եւ մտնելու Դաշնակցութեան շարքերը: Առաջնորդուեցանք սենեակ մը, ուր մէջտեղը մեծ սեղանի մը շուրջը շարուած էին աթոռներ: Սենեակը ունէր երկու պատուհաններ, որոնց տախտակէ դուրսի փեղկերը գոցուած էին եւ ներսը ելեկտրական լոյսը վառած էր, թէեւ կարելի էր այդ փեղկերը բաց պահել եւ լոյսը չգործածել, օրը տակաւին բաւական լուսաւոր էր:
Քիչ յետոյ սենեակ մտան Ռուբէն Տէր Մինասեանը, որ Լիբանան կը գտնուէր այդ շրջանին, եւ երիտասարդ մը. այս վերջինը սեղանին վրայ բացաւ կարմիր դրօշակը, դրաւ վրան ատրճանակ մը եւ յետոյ դուրս ելաւ սենեակէն: Ռուբէնը կատարեց երդման արարողութիւնը եւ ապա տուաւ հակիրճ պատգամ մը, որուն միտքը այն էր, որ այս ուխտովը մենք կը դառնայինք դաշնակցական` նուիրուելու համար հայ ժողովուրդին:
Այս արարողութեան աւարտին, երբ բոլորս դուրս եկանք սենեակէն, մեծ սրահին մէջ գտնուող միւս ընկերներէն ոչ ոք մօտեցաւ մեզի շնորհաւորելու համար մկրտութիւնը, որովհետեւ տեղեակ չէին, որ երդման արարողութիւն մը կատարուած էր եւ նորեկներ անցած էին շարքերը . թերեւս անոնք մտածեցին, որ ժողով մը տեղի ունեցած էր ներսը:
Վերջին շրջաններուն, ընդհանրապէս երդման արարողութիւնները կը կատարուին աւելի մեծ հանդիսութեամբ, բազմաթիւ ընկերներու ներկայութեան եւ յաճախ կը վերջանան խրախճանքով: Այս մէկը տարբեր էր. շատ պարզ եւ համեստ, հաւանաբար ընկեր Ռուբէնը այդպէս փափաքած էր եւ կարելի է ենթադրել նաեւ, որ ան ուզած էր վերյիշել եւ վերապրիլ անցեալի այն օրերը, երբ յաճախ կ՛այցելէր տարբեր գաւառներ, ուր հայ գիւղացին եւ քաղաքացին կը սպասէին Ռուբէն փաշայի գալստեան, որպէսզի լուծեն իրենց անձնական, ընտանեկան եւ այլ հարցերը: Նոյն ատեն, եթէ կարիքը ըլլար, ան կը կատարէր նաեւ պարզ եւ թաքուն երդման արարողութիւններ:
Ժամանակ մը ետք Ռուբէնը ընտանիքով փոխադրուեցաւ Փարիզ եւ քանի մը տարի ետք, 1951-ին, փակեց իր աչքերը 69 տարեկանին: