Գ.Ֆ.Օ
Լոռին` ժամանակակից Հայաստանի կարեւորագոյն մարզէն մէկն է, խիտ լեռներով, կանաչ լանջերով աշխարհ մը, որ պահպանած է իր բնութեան անարատ դիմագիծը:
Խորհրդային իշխանութեան փլուզումէն ետք Լոռիի գործարանները դադրած են աշխատանքէ, իսկ մարզի Վանաձոր կեդրոնը (նախկին Կիրովականը) տնտեսական դժուարութիւններու մէջ մխրճուած եւ 1988-ի երկրաշարժին բաւական վնաս կրած էր:
Բայց` այս բոլորը մէկ կողմ, բարգաւաճման ուղին միշտ յստակ է հայերուն համար: Ամէն երկվայրկեան մեր կեանքէն առիթ մըն է ազգին օգտակար դառնալու:
Ամերիկահայ «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամը (ՔՈԱՖ) 2003 թուականէն մինչեւ օրս կը զբաղի նորոգելով Արմաւիրի եւ Արագածոտնի մարզերու գիւղական շրջաններու որոշ կառոյցներ` զանոնք դպրոցներու վերածելով եւ մանուկները ձրի դաստիարակելու վայրեր դարձնելով: Ոգեւորուած այս փոքր ծրագիրներու յաջողութեամբ, հիմնադրամը կ՛որոշէ աւելի համարձակ քայլի մը դիմել` հիմնելով ՍՄԱՐԹ կեդրոն մը Լոռուայ մարզի մէջ, Դսեղ, Դեբետ եւ Ձորագետ գիւղերուն միջեւ: ՍՄԱՐԹ կեդրոնը երեք տարուան ընթացքին մէջտեղ եկաւ Լոռուայ կանաչ դաշտերուն մէջ:
ՔՈԱՖ-ի պատուաւոր նախագահ Թոնի Շաֆրազեանը կը դիմէ ճարտարապետ Փոլ Գալուստեանին, որպէսզի ծրագրէ ՔՈԱՖ-ի նոր օրրանը: Գալուստեանը Շաֆրազեանին ուշադրութիւնը գրաւած էր ընկերային ցանցերուն միջոցով, ուր ան կը տեղադրէր զինք ներշնչող պատկերներ եւ իր գործերէն օրինակներ: Շաֆրազեան` ինքնին համբաւաւոր կալերիսթ եւ արուեստագէտ, հրապուրուած էր Գալուստեանով եւ վստահ էր, որ ան կրնար իրականացնել այն բարձր տեսլականը, որուն ինք կը ձգտէր` կանգնեցնելու մարդիկը ներշնչող շէնք մը, որուն շնորհիւ հայ մանուկը կրնայ ձգտիլ աւելիին եւ վեհին: Գալուստեանը, իր կարգին, լիբանանահայ ճարտարապետ, որուն կեանքը հեռու մնացած էր թէ՛ հայրենիքէն եւ թէ՛ հայկական միջավայրէն, մեծ մարմաջ ունէր իր հայկական արմատներուն հիմքը վերակենդանացնելու: Կառչելով այս առիթին, իսկոյն մեկնեցաւ հայրենիք առաջին անգամն ըլլալով: Եւ երբ հասաւ Հայաստան եւ մասնաւորաբար Լոռի, այդ ամբողջ զգացական բարդութեան մէջ ան հիացած էր բնութեան գեղեցկութեամբ: Բնականաբար այդ հմայքը ունեցաւ յստակ արդիւնք եւ մարմնաւորուեցաւ պարզ գաղափարով մը. շէնքը պէտք էր ըլլար օրհներգ մը այդ բնութեան:
Փոլ Գալուստեանին նախատեսած շէնքը, ի դէպ` ներկայիս կիսաւարտ, նման է ժապաւէնի մը, որ կը թառի գետնի մակերեսին վրայ` առանց եղծանելու զայն: Ժապաւէնը կը դառնայ մարգագետնին չորս կողմը եւ շրջանակ մը կը կազմէ: Շէնքը այնքան փոքր կ՛երեւի այդ 7500 մեթր տարածքով արտին յարաբերաբար, որ կարծես շէնքը կը խոնարհի հողին դիմաց: Համեմատութեամբ, շէնքը ինքնին միայն 3700 մեթր տարածք ունի: Եւ իսկապէս, երբ հասնիս ՍՄԱՐԹ կեդրոնը, կը տեսնես միայարկանի երկար պատ մը, եւ երբ անցնիս այդ պարզ պատէն անդին, իսկոյն ինքզինքդ կը գտնես հսկայ բակի մը դիմաց, որ իր տարածքով աւելի նման է մարգագետինի մը: ժապաւէնին հասակը մօտաւորապէս 600 մեթր է, որուն մէկ մասը կազմուած է 168 ապակեայ երեսիկներէ, որոնք 4 մեթր երկայնք եւ 1,5 մեթր լայնք ունին: Արտաքին պատերուն մէկ մասը թափանցիկ ապակի ըլլալուն շնորհիւ` ներքին եւ արտաքին եզրը կը կորսուի: Կեդրոն յաճախող աշակերտը այսպիսով ինքզինք միշտ կը գտնէ դէմ դիմաց հողին հետ, կապուած` իր հողին, իր հայրենիքին, իր դէմ ունենալով այն խորհրդանիշը, որ ներշնչած է մեր դարաւոր հայ մշակոյթը:
Այս կառոյցին մէջ ՔՈԱՖ-ի ՍՄԱՐԹ կեդրոնին աշակերտները, մեծ ու փոքր, կարելիութիւնը պիտի ունենան, իրենց հողին վրայ մնալով` իրենց գիւղերուն կապուած մնալով, հասնելու այն բոլոր կարելիութիւններուն, որոնք դիւրութեամբ հասանելի են միայն բարգաւաճ քաղաքներուն մէջ: Եւ արդէն իսկ ՍՄԱՐԹ կեդրոնը դարձած է շրջանի գիւղերուն հպարտանքի աղբիւր մը, որոնք սեփականացուցած են կառոյցը: Գիւղացիները հետիոտն կ՛այցելեն ՍՄԱՐԹ կեդրոնը:
27 մայիսին տեղի ունեցաւ ՍՄԱՐԹ կեդրոնին բացումը, որուն ներկայ գտնուեցան մօտ հազար այցելուներ, որոնց շարքին էին` փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանը, առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանը, կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանը, մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունցը, աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Մանէ Թանդիլեանը, ամերիկացի բեմադրիչ Երիք Հիլլը, Այբ դպրոցի համահիմնադիր Մեսրոպ Արամեանը, հայ համայնքի ժողովրդական դէմքեր` Էգոր Գլիւմովը եւ Յակոբ Պապիկեանը, քանատահայ բարերարներ` Նուպար եւ Լեւոն Աֆէեանները եւ այլ բազմաթիւ բարերարներ ու հիւրեր: Անոնք ծանօթացան կեդրոնին տարբեր ուսումնական ծրագիրներուն` «Անտրէա Մարթինի» լսարանին, որ կրնայ պարփակել 150 անձ, եւ ուր կարելի է նաեւ ներկայացնել թատերախաղեր եւ տեսերիզներ, մանկամսուր մը, որուն նպատակն է կերտել մանուկներուն նկարագիրը, ինքնաշարժներ կազմելու դասարան եւ արուեստի, պարի ու երաժշտական ձայնագրութեան դասարաններ: Կեդրոնի բացումին յաջորդեց ճաշկերոյթ, որուն հետեւեցաւ բացման խօսք եւ ապա` երաժշտական ելոյթ:
Լիբանանահայութիւնն ալ այս ամառ կարելիութիւնը պիտի ունենայ ցուցահանդէսի մը միջոցով վայելել մասնիկ մը ՍՄԱՐԹ կեդրոնի փորձառութենէն:
Նշենք նաեւ, որ ՍՄԱՐԹ կեդրոնի ծրագրման եւ իրագործման անձնակազմը կը բաղկանայ` ա) ճարտարապետական սթիւտիոյէն` Փոլ Գալուստեան, Շողակ Յովհաննէսեան, Նաթալի Ֆաթթէ, Ճիւլիա Պրեմպիլլա եւ Վիգէն Խաչերեան` Պէյրութէն, բ) կառոյցի ճարտարագէտէն` Տիգրան Խաչիեան Երեւանէն, գ) Մանկասարեան մեքենագիտական, ելեկտրական եւ ջրամատակարարման ճարտարագիտական հաստատութենէն` Սեդա եւ Ռուբէն Մանկասարեաններ եւ Կարապետ Մաքասեան Պէյրութէն ու վերջապէս դ) «Ըրպըն եունիթ»-ի տեղական ներկայացուցիչ ճարտարապետական գրասենեակէն` Գոհար Իսախանեան` Երեւանէն: