Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սլաք. Հեմպըրկըրի Դիւանագիտութիւն…

June 6, 2018
| Յօդուածներ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, 30 մայիսի երեկոյեան իր լրատուութեան մէջ, Պի.Պի.Սի.-ի լրագրող հաղորդավարը խօսեցաւ հիւսիսքորէացի բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը` Քիմ Եոնկ Չոլի Միացեալ Նահանգներ այցելութեան եւ արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ հանդիպումին մասին, հաւաստելով, որ բանակցութիւնները դրական մթնոլորտի մէջ կ՛անցնին, եւ թէ` երկու ներկայացուցիչները կրնան նոյն երեկոյ միասին ընթրել: Լրագրողը աւելցուց, որ մթնոլորտը դրական է, որովհետեւ սեղանի վրայ դրուած են երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական-առեւտրական գործակցութեան ծրագիրներ, եւ ընդհանրականի բառամթերքէն անդին անցնելով` իբրեւ օրինակ յիշատակեց, որ կարելի է գործակցութիւն ստեղծել… հեմպըրկըրի վաճառքի մարզին մէջ:

Հը՜մ.. Ուրեմն ամիսներէ ի վեր Ուաշինկթընի եւ Փիոնկ Եանկի միջեւ տագնապը ուրիշ բան չէ եղեր, եթէ ոչ` պիզնեսի կռիւ: Կը յիշէ՞ք. Հիւսիսային Քորէան, Քիմ Չեն Ընի գլխաւորութեամբ, հեռահաս հրթիռներ փորձեց, սպառնաց կորիզային ռումբերով հարուածել ամերիկեան քաղաքներ, Թրամփ զայն որակեց «հրթիռներու մարդ», յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ ունին շատ աւելի մեծ թիւով ու շատ աւելի մեծ կորիզային հրթիռներ, սպառնաց Հիւսիսային Քորէան ոչնչացնել…: Այլ խօսքով, աշխարհը կորիզային պատերազմի մը «զբօսավայրերուն» մէջ շրջագայութեան հանող փոխադարձ սպառնալիքները կարճ ատեն ետք հրապարակ բերին նոր խաղ մը` Թրամփ-Քիմ գերաստիճանը «պիտի գումարուի-պիտի չգումարուի» յայտարարութիւնները: Այդ բոլորը, ուրեմն, միայն ու միայն «պարապ վախտի խաղալիք» են եղեր: Հիմա, մեր աչքերուն առջեւէն մառախուղը կը փարատի արդէն եւ անգամ մը եւս կրնանք համոզուիլ, որ հակադրութեանց, հակամարտութեանց եւ պատերազմի սպառնալիքներուն ետին կան միայն ու միայն պիզնեսի հաշիւներ, այսինքն` այսօրուան աշխարհին տիրապետող շահու տրամաբանութիւնը: Վկա՛յ` Չինաստանի եւ Եւրոպական Միութեան հետ «առեւտուրի պատերազմ»-ի նշանները: Հիւսիսքորէացի ներկայացուցիչին հետ Թրամփի տեսակցութիւնն ու յառաջիկայ բանակցութիւնները ա՛լ կրնան մնալ ընդհանրական տեղեկութիւններու ոլորտին մէջ, Ճոն Պոլթընի կողմէ Քիմի ուղղուած քողարկուած սպառնալիքն ու Թրամփը Նոպէլեան մրցանակով մը պատուելու եւ նման խօսքերը կրնան վերածուիլ ստորակէտի, որովհետեւ Պի. Պի. Սի.-ի բացած փոքր պատուհանը ճաշակ մը կու տայ էութեան մասին:

…Պի. Պի. Սի.ի լրագրողը չըսաւ, թէ Փոմփէօ եւ Քիմ Եոնկ Չոլ իրենց ընթրիքին արդեօք հեմպըրկը՞ր կերած են, կամ` Հիւսիսային Քորէայի ու Միացեալ Նահանգներու միջեւ բանակցութիւնները պէտք է դնել «հեմպըրկըրի դիւանագիտութի՞ւն» խորագիրին տակ:

Աստուած հոգին լուսաւորէ Ռիչըրտ Նիքսընի, որ աւելի քան 45 տարի առաջ Չինաստանի հետ «մարզական ոգի»-ով մշակեց փինկ-փոնկի դիւանագիտութիւնը: Այսօրուան աշխարհի ուղեղները ստամոքսներուն մէջ տեղադրուած են…

31 մայիս 2018

Նախորդը

Գրողի Անկիւն. Մտորումներ Դպրոցական Տարեվերջի Առիթով

Յաջորդը

Ակնարկ. Արցախի Պետութիւնն Ու Հասարակութիւնը Համակողմանիօրէն Կը Լուծեն Բոլոր Խնդիրները

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.