Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նեթանիահու Քնեսեթի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Քննարկումները Յետաձգած Է Մինչեւ Թուրքիոյ Նախագահական Ընտրութեան Աւարտը

June 4, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի վարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Պենիամին Նեթանիահու ընդունած է երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան` Քնեսեթի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին օրինագիծի քննարկումները մինչեւ Թուրքիոյ մէջ 24 յունիսին նախատեսուած արտակարգ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններու աւարտը յետաձգելու խորհուրդները: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, որ այս մասին 3 յունիսին հրապարակուած հաղորդագրութեամբ յայտարարած է Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:

«Վարչապետ Նեթանիահու ընդունած է արտաքին գործոց նախարարութեան խորհուրդները` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին օրէնքի վերաբերեալ խորհրդարանական քննարկումները յետաձգելու մինչեւ Թուրքիոյ մէջ 24 յունիսին նշանակուած ընտրութիւններու աւարտի պահը, որովհետեւ այդ հարցի` նախապէս նշանակուած ժամկէտին քննարկումը կրնար Էրտողանի կողմէ օգտագործուիլ նախընտրական արշաւին ընթացքին», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:

Իսրայէլի պետական «Քան» ձայնասփիւռի կայանին տուեալներով` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին հարցի քննարկումը նախատեսուած էր 3 յունիսին: «Տը Թայմզ աֆ Իզրայէլ» կը հաղորդէ, որ Նեթանիահու յետաձգած է նախարարական օրէնսդիր յանձնախումբին մէջ նախատեսուող Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին օրինագիծին քննարկումը` խնդրելով, որ այդ նիւթը հեռացուի երէկ կայանալիք նախարարական յանձնախումբի հանդիպումի օրակարգէն, որուն ընթացքին պէտք էր քննարկուէր երկու օրինագիծ` Քնեսեթի մէջ անոնց վերաբերեալ քուէարկութենէն առաջ:

Քնեսեթի նախագահ Եուլի Էտըլշթայն 28 մայիսին անորոշ ժամանակով յետաձգած էր Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով նոյն օրը ծրագրուած քուէարկութիւնը:

Իսրայէլեան «Տը Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթին պնդումով` Էտըլշթայն այդ քայլը առած է անվստահ ըլլալով, որ փաստաթուղթը պիտի ապահովէ ձայներու մեծամասնութիւնը: 14 փետրուարին Իսրայէլի խորհրդարանը արդէն մերժած էր ընդդիմադիր «Եշ աթիտ» կուսակցութեան ղեկավար Եայիր Լափիտի առաջարկած` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին օրինագիծը:

Նախորդը

Պասիլ Եւ Սէյիտ Նասրալլա Քննարկեցին Քաղաքական Ներքին Եւ Արտաքին Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Իր Մտահոգութիւնն Ու Զօրակցութիւնը Կը Յայտնէ Արցախի Նախագահին

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.