Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՆՇՄԱՐ. ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ, ԳՕՏԵՊՆԴՈՂ ԵՒ ՊԱՐՏԱՒՈՐԵՑՆՈՂ ԵՐԵՒՈՅԹ

November 21, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Շաբաթ 19, նոյեմբերի յետմիջօրէի ժամը 2:30-ն է: Տարբեր վարժարաններէ աշակերտներ կը հաւաքուին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահ` մասնակից դառնալու համար «Վէրք Հայաստանի» գիրքի մրցանքին:  Ինչպէս որեւէ մրցանքի նախօրէին, այս պարագային եւս աշակերտներուն մօտ կայ վախի բնական զգացողութիւն: Աշակերտները փոքր խումբեր կազմած կը փորձեն վերջին պահուն կարծիքներու եւ տեղեկութեանց փոխանակումով իրենց վերջին վերաքաղը կատարել: Պահը համակող է «Փիւնիկ» սրահին մէջ:

Հարց կու տամ աշակերտի մը, թէ ինչպէ՞ս պատրաստուած է մրցանքին, կը պատասխանէ, թէ երկու անգամ կարդացած եւ նաեւ ուսուցիչի հսկողութեամբ ամփոփումը կատարած է, որպէսզի հիմնական բովանդակութեան տիրապետէ: Այլ աշակերտ մը կը վկայէ, որ գիրքի բովանդակութիւնը քիչ մը բարդ է, այսուհանդերձ ուսուցիչի օժանդակութեամբ յաջողած է աւարտել եւ պատրաստուիլ մրցանքին: Երրորդ մը կը դիմէ խնդրելով կարգ մը լուսաբանութիւններ: Տարօրինակ զգացում մը կը պատէ զիս` գիրի, գրականութեան եւ ընթերցանութեան նահանջի այս ժամանակաշրջանին մէջ խումբ մը աշակերտներ, ամբողջական լրջութեամբ պատրաստուած են մասնակցելու գիրքի մրցանքի:

Դատական կազմի անդամներէն մէկը ժպտալով կ՛ըսէ, թէ երանի իրենց  ժամանակներուն, երբ գիրքերը ընթերցանութեամբ կը յափշտակուէին, այսպիսի մրցանքներու մասնակցութեան առիթ ընձեռուէր: Երկրորդ մը կ՛առաջարկէ, որ այս առաջին փորձէն ետք մտածուի մրցանքին տալու հետեւողական ու շարունակական բնոյթ: Այլ պատասխանատու մը արդարօրէն բաղձանք կը յայտնէ, որ այսպիսի մրցանքներուն տրուի համահայկական տարողութիւն:

Ժամանակը կարճ է, ժամը 3:00-ը կ՛անցնի եւ արդէն մրցանքը պէտք է սկսի: Պահը կրնայ պարզ թուիլ, բայց եթէ փորձենք յանձնառու կերպով մտածել, պիտի տեսնենք, որ իսկապէս մասնակցող աշակերտները, ինչպէս նաեւ այսպիսի նախաձեռնութիւններ նիւթապէս ու բարոյապէս քաջալերողները հաւաքաբար մեզ կը դնեն մեծ պատասխանատուութեան դիմաց, եւ մենք ուրախութեամբ ու գօտեպնդուած` իբրեւ կազմակերպիչներ կը մտածենք ու կը խորհրդակցինք ներկայացուած հարցերուն եւ առաջարկներուն մասին եւ կ՛եզրակացնենք, որ հաւաքական գործով անպայման կարելի կ՛ըլլայ այսպիսի ձեռնարկներ յաջողցնել, մթնոլորտ ստեղծել` ունենալով նաեւ այն իրապաշտ մօտեցումը, որ այդքան ալ դիւրին աշխատանք չէ, բայց անհրաժեշտ ու կենսական է եւ հայ կեանքի առաջնահերթութեանց մաս կը կազմէ: Պէտք է հաւաքաբար մտածենք այս եւ այլ նման առաջնահերթութեանց մասին: Անշուշտ նոյն պահուն, ամէն վայրկեան մեր նայուածքները կ՛ուղղուին աշակերտներուն, որոնք կեդրոնացած կը պատասխանեն հարցարաններուն:

 

Նախորդը

ՏԵՍԱԿԷՏ. ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՎԱՐՉԱԿԱԶՄԸ ԿԸ ՆԱՀԱՆՋԷ ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ԻՐ ԿԵՑՈՒԱԾՔԷՆ

Յաջորդը

«ԱԶԴԱԿ»-Ի ՖՈՆՏԻՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Դաշնակցական Ընկերոջ Օրինակը Ընկեր Մ. Պարոնեան

November 25, 2026
Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը` Հաստատութենական Հեռանկարով

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։