Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեմիրթաշ. «Քիւրտ Զինեալները Պէտք Է Վար Դնեն Զէնքը»

June 1, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան նախկին համանախագահ, այժմ նախագահի թեկնածու Սելահաթթին Տեմիրթաշ յայտարարած է, որ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) զինեալները պէտք է վար դնեն զէնքը եւ քրտական հարցի լուծումը փնտռեն երկխօսութեան միջոցով: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Տիքեն» կայքը:

Տեմիրթաշ նոյն ատեն հերքած է իր կուսակցութեան ու ՔԱԿ-ի միջեւ կապի մասին մեղադրանքները: Նախագահական քիւրտ թեկնածուն ընդգծած է, որ իրենք եւ իրենց կուսակցութիւնը չեն ձգտիր արդարացնել կամ օրինականացնել քիւրտ զինեալներու կողմէ ուժի կիրարկումը:

Ըստ Տեմիրթաշի, Թուրքիոյ իշխանութիւնները քրտական հարցի լուծումը այլեւս պէտք է ընկալեն ոչ թէ իբրեւ զուտ ահաբեկչութեան դէմ պայքար, այլ տնտեսական, մշակութային ու շարք մը այլ հարցերէ բխող հիմնախնդիր:

«Մենք կը պնդենք, որ պէտք է իրականացուի ընկերային-ժողովրդավարական քաղաքականութիւն: Մենք դէմ ենք զէնքի կիրարկման, ասիկա շատ յստակ է: Ի հարկէ, քիւրտերուն մէջ ալ կրնան տարբեր հայեացքներու տէր մարդիկ ըլլալ, պիտի ըլլան նաեւ այլ կուսակցութիւններու ձայն տուողներ, ասիկա ժողովրդավարութեան պահանջն է: Մենք կը հաւատանք, որ ընտրութիւններուն քիւրտերէն բացի, մեզի աջակցութիւն պիտի ցուցաբերեն նաեւ թուրքեր: Քիւրտ եւ թուրք ընտրողը ունի խելք ու խիղճ եւ իր ազատ մտածողութեամբ որոշում պիտի կայացնէ», ըսած է նախագահական թեկնածուն:

Յիշեցնենք, որ նախապէս Տեմիրթաշ յայտարարած էր, որ նախագահ ընտրուելու պարագային պիտի բանայ Հայաստան-Թուրքիա սահմանը:

Ինճէ Կը Խոստանայ Լուծել Քրտական Հարցը

Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդ կուսակցութենէն նախագահի թեկնածու առաջադրուած Մուհարրեմ Ինճէ յայտարարած է, որ ունի քրտական հարցը լուծելու իր բանաձեւը` պնդելով, որ այս հիմնախնդիրի լուծման համար Թուրքիոյ մէջ իրական ոչ մէկ խոչընդոտ կայ:

«Քրտական հարցի լուծման համար ես ունիմ ծրագիրս: Այս պահուս հարցը մտած է փապուղի, քանի որ ահաբեկչութեան վտանգը կը շարունակէ բարձր մնալ: Շատ բարդ է վերջնականապէս լուծել այս հարցը, մինչ ահաբեկչութեան ի սպառ վերացումը: Քրտական հարցը ազատութեան ու ժողովրդավարութեան կապուած խնդիր է: Սակայն Թուրքիան չունի որեւէ խոչընդոտ այս ներքին հարցը լուծելու համար», ըսած է Ինճեն «Սփութնիք»-ի թրքական ծառայութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին:

Ան նաեւ անդրադարձած է ռուս-թրքական յարաբերութիւններուն ու խոստացած, որ նախագահ ընտրուելու պարագային Մոսկուայի հետ յարաբերութիւններն ու ձեռքբերուած տնտեսական, ուժանիւթային եւ ռազմական բոլոր համաձայնութիւնները ո՛չ միայն պիտի պահպանուին, այլ աւելի զարգանան:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Հետեւեցաւ Պաալպեք-Հերմելի Ապահովական Իրադարձութիւններուն

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Ներքին Գործոց Նախարարը Լաւատես Է Թուրք-Ամերիկեան Յարաբերութիւններու Բարելաւումով

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.