Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԽՕՍՔԸ. «ՀԵՌԱՑԷ՜Ք ԻՆՁՄԷ, ԱՆՕՐԷՆՈՒԹԵԱ՛Ն ԳՈՐԾԻՉՆԵՐ»…

November 21, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Սիրելի՛ ընթերցող, տխրաթախիծ ներաշխարհով վերադարձած ժապաւէնի մը ցուցադրութենէն‘ ճիշդ հիմա կը գրեմ այս տողերը, որոնք թուղթին յանձնելու կամ չյանձնելու հոգեմաշ տուայտանքով ապրեցայ վերջին ամիսը, քանի հեռացած եմ Հայաստանէն…

Թ. Յակոբեանի «Հայերը Մռաւից Արաքս» վերտառութեամբ վաւերագրականն էր, որ կը ներկայացնէ Արցախ-Ղարաբաղի վերաբնակեցուած շրջաններէն քանի մը գիւղեր` անոնց մարդերով, դժուարութիւններով, տեսութիւններով եւ ակնկալութիւններով, ինչպէս ալ` անոնց գեղեցիկ բնութեամբ եւ «ունեցած-չունեցած» արջառով:

Այնճարի «Մուսա լեռ» սրահին մէջ ժամը 6:00-ին կազմակերպուած ձեռնարկը վերջացաւ «հարցում-պատասխան» ընկալեալ դրութեամբ, որուն չուզեցի մասնակցիլ իմ հարցադրումներովս, քանի բարկաճայթ դսրովանքով պիտի պոռթկայի‘ մատնանշումներ ընելով ամէն օր դիպած հակասութեան դէմ…

Սխալ չհասկցուինք: Ժապաւէնը դրական է, ինչպէս նաեւ դիտաւորութիւնը` անոր հեղինակին, որուն մեր օրաթերթին մէջ գրած վերջին յօդուածէն կը մէջբերեմ այս ահազդու, բայց իրական վկայութիւնը. «Սերժ Սարգսեանի նախագահութեան չորս տարիների ընթացքում Հայաստանը գրանցել է տնտեսական անկում, արտաքին պարտքը աւելացել է շուրջ երկուսուկէս անգամ, աղքատութիւնը անցնում է 30 տոկոսից եւ գների բարձրացումը անտանելի վիճակի մէջ է դրել յատկապէս անապահով խաւին, իսկ արտագաղթը նոր թափ է հաւաքում» («Ազդակ», 9 նոյեմբեր 2011, էջ 7): Հակասութիւնն ի՞նչ եւ ո՞ւր է…:

Մէկ կողմէն, օրինակի համար, այս մարդասիրական ու հայասիրական մարզին մէջ մեծ գովասանքի արժանի լիբանանահայութեան կազմած Արցախ-Ղարաբաղի օգնութեան ֆոնտը ինչե՜ր կատարեց եւ կը շարունակէ կատարել ի նպաստ քսան տարի առաջ ազատագրեալ գիւղերուն վերաբնակեցումին եւ անոնց հողերուն վերամշակումին:

Միւս կողմէն, օրինակի համար, Հայաստանի իշխանութիւնները ինչե՜ր կատարեցին եւ կը շարունակեն կատարել` վերանկախացած հայրենիքը մարդաթափուր ընելուն համար…

Լիբանանի ժողովուրդը, ընդհանրապէս, եւ լիբանանահայութիւնը, մասնաւորապէս, տարիներէ իվեր մատնուած է անտանելի տնտեսական ու անապահովական կացութեան, եւ սակայն միշտ կը մասնակցի դրամական հանգանակութեան, որով օգնութեան կը հասնի թէ՛ Հայաստանի ու թէ՛ Արցախ-Ղարաբաղի կարիքներուն եւ ծրագիրներուն:

Վիեննայի մեր Մխիթարեան մենաստանը քաշուած` համացանցային կայքէջի մը մէջ դիպուածօրէն տեսայ իննսունական տարիներու ազատագրական շարժումի ժամանակաշրջանէն խմբանկար մը, որուն առաջին շարքին վրայ քով-քովի կեցած էին Լեւոն Տէր Պետրոսեան եւ Ռոպերթ Քոչարեան, իսկ երրորդ շարքէն կը տեսնուէր Սերժ Սարգսեան:

Այսօր, երեկոյին, լաւատեղեակ լրագրողին բացայայտ, թէեւ մեղմ հաստատումը, թէ «Ռ. Քոչարեան եւ Ս. Սարգսեան ամենահարուստ ընտանիքներն են Հայաստանի», հաստատեց այն իմ ընդվզեցուցիչ հարցադրումս, որ բռնկեցուցած էր ներաշխարհս, հազիւ թէ տեսած էի խմբանկարը.«Արցախ-Ղարաբաղէն ՇԱՊԻԿՈՎ եկած այս երիտասարդները ինչո՞ւ, ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս դիզեցին այսքան միլիոններ…»: Կամ` միլիառնե՞ր…

Այո՛, հակասութեան մէջ կը կատարուի թիավարումը «յորձանքն ի վեր»: Դեռ աւելի սարսափելի է իրավիճակը, երբ պատրանքի ու մակերեսայնութեան յաշտեր դարձած` անհատնում գովք եւ դարպասում կը շռայլեն ճիշդ անոնց, որոնք պատճառներն են թէ՛ հայրենի ժողովուրդին չքաւորութեան ու թէ՛ հայաստանեան արտագաղթին…

Սակայն ընդհակառակն դիպելու էր: Հասարակութենէն վստահուած իրենց պաշտօններուն մէջ ու սահմանադրական իրենց տուած երդումով, անոնք` Հայաստանի իշխանութիւնները, մեծէն մինչեւ փոքրը, ամէն բան ընելու էին եւ ամէն ինչ ընելու են կասեցնելու համար Հայաստան-ասպան արտագաղթը…

Անո՛նց կը յիշեցնեմ ինքնամոռաց Մարդասէրին սահմանումը, զոր ճիշդ այսօր լսեցինք Աւետարանէն. «Ով որ ձեր մէջ ամէնէն փոքրն է, ա՛ն է մեծը» (Ղկ. 9,48): Հասարակութեան բարիքն անտեսողներու եւ յատկապէս խոնարհներու բարօրութեան չնպաստողներու բթացած խիղճը կը խարանէ ու կեղծանուշ ժպիտին կը շպրտէ դարերու մեծագոյն Ընկերաբանը. «Չէք կրնար ծառայել Աստուծոյ եւ Մամոնային» (Մտթ. 6,24):

Բայց անո՛նք կը շարունակեն ստունգանել Աստուածային Իմաստունը, որ, ի վերջոյ, անոնց Դատաւորը պիտի ըլլայ, երբ անյետսկոչելի արդարամտութեամբ պիտի վճռէ անոնց յաւիտենական դատապարտումը. «Երբեք ձեզ չեմ ճանչցած, հեռացէ՛ք ինձմէ, անօրէնութեա՛ն գործիչներ» (Մտթ. 7,23):

Հոկտեմբեր 14-ին մայր հայրենիքէս վերադարձին արդէն կազմած էի իմ առարկայական տեսութիւնս: Ներկայ պայմաններուն մէջ բարեփոխումի ու փրկութեան ելակէտը կրնայ սկսիլ սփիւռքէն լոկ: Սփիւռքահայութեան հոգեւորականութիւնը, մտաւորականութիւնը, մամուլը, կուսակցութիւններն ու կազմակերպութիւնները` միասի՛րտ, միախո՛հ եւ միակա՛մ, ծրագրումով, հետեւողականութեամբ ու անընդհատումով ահազանգօրէն ո՛չ միայն յիշեցնելու, անդրադարձնելու եւ սթափեցնելու են Հայաստանի իշխանութիւնները, այլ նաեւ անոնց նկատմամբ դիմելու են խաղա՛ղ ձեռնարկումներու եւ խաղաղարա՛ր միջոցառումներու, որոնց շնորհիւ անո՛նք պարտադրուին շահագրգռուիլ իրենց յանձնուած հայրենակիցներու կենսամակարդակին բարձրացումով ու տեւական բարօրութեամբ…:


Այնճար, 13 նոյեմբեր  2011  

Նախորդը

7-21 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ, 2011. ԹԱՐՄ ՏՊԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԷՆ

Յաջորդը

ԿԱՐՈ՞Ղ Է ԱՐԴԵՕՔ ԵՐԿԻՐԸ ԿՈՉՈՒԵԼ ՍՈՑԻԱԼԱԿԱՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Դաշնակցական Ընկերոջ Օրինակը Ընկեր Մ. Պարոնեան

November 25, 2026
Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը` Հաստատութենական Հեռանկարով

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։