Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (31 Մայիս 1968)

Մայիս 31, 2018
| Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ուրիշին Համար

Սկսած դիցաբանական կին տիպարներէն, տիկին Ս. Զէյթլեան, կարելի բոլոր աղբիւրները օգտագործելով, ընդհանուր ակնարկի մը մէջ բնութագրած է հայ կնոջ հասարակական դերը եւ կանգ առած է մեր վերջին հարիւրամեակին մէջ, ուր այր մեծերու փաղանգին հետ աճեցաւ նաեւ ազգին ծառայութեան նուիրուած կիներուն թիւը` յեղափոխական բազմաթիւ ճակատներու վրայ, հաւատքի, զոհաբերութեան, նահատակութեան սրտառուչ հազար պատկեր պարզելով:

Խղճամիտ պրպտումներու եւ երկարատեւ ճիգի արդիւնք գեղեցիկ աշխատանք մըն է «Հայ կնոջ դերը հայ յեղափոխական շարժման մէջ» անուն այս գործը, յեղափոխական հայուհիներու դէմքերը վերակազմելու առաջին փորձը, որ իր տեղը ունի, դե՛րը ունի եւ անկասկած պիտի գնահատուի ըստ արժանւոյն:

Բայց դիտեցէք քովի պատկերին ամբողջ շարքը: «Գ. Մելիտինեցի» եւ «Հայկ Սէրէնկիւլեան» մրցանակներուն նիւթական միջոցներով լոյս ընծայուած են առաջին չորսը եւ սովորական տպագրութեամբ լոյս ընծայուած չեն, բարձրորակ թուղթ է գործածուածը, լաթակազմ է կողքը: Ոչինչ խնայուած է անոնց գեղեցկութեան համար: Մրցանակներուն ծնունդ տուող անձնաւորութիւնները յաւելուածական զոհողութիւններ յանձն առած են այդ առնչութեամբ, եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի տպարանին վարիչները զգալի գուրգուրանք մը տածած են գործին հանդէպ:

Բախտաւոր գիրք մը եղաւ նոյնպէս շարքին հինգերորդը` Արամ Հայկազի «Պանդոկ»-ը, որ ուրիշ երկու հատորներու հետ պարգեւատրուեցաւ «Հայկաշէն Ուզունեան» գրական մրցանակի դատակազմին կողմէ: Խրախուսիչ է երեւոյթը:

Աւելցնենք իսկոյն, որ իր մեկնակէտին ու յղացումի պահերուն որքան ալ զուտ անհատական հաճոյքի մը դրդիչ պատճառը ունենայ իւրաքանչիւր գիրք, այսուհանդերձ, անհատական երեւոյթ մը չէ գիրքը, ընկերային է անոր բնոյթը: Ապրում մը, գեղեցկութիւն մը, ճշմարտութիւն մը փոխանցելու անդիմադրելի մղում մը ունի իւրաքանչիւր գիրք, գիրքը կը գրուի ուրիշին համար:

Ուրիշի՛ն համար…

Այս գիտակցութիւնը չէ՞ր արդէն, որ ազնուարիւն մարդոց թելադրեց գրական մրցանակներ հաստատել, մօտեցնել գրողը ընթերցողին, ծառայել հայ գրականութեան…

Պ. Ս.

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Երեխայի «Առողջ» Ննջասենեակի Մը Նախապայմանները

RelatedPosts

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Մարտ 18, 2020
Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Մարտ 17, 2020
Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In