Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աւստրալիոյ Ռայտի Քաղաքապետարանը Կը Ճանչնայ Արցախի Հանրապետութիւնը

Մայիս 23, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբը յայտարարեց, թէ Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքին մէջ գտնուող Ռայտի քաղաքապետարանը ճանչցաւ Արցախի Հանրապետութիւնն ու անոր ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը, երեքշաբթի, 22 մայիս 2018-ի երեկոյեան տեղի ունեցած քաղաքապետարանի նիստին ընթացքին:

Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման օրէնքի նախագիծը, որ միաձայնութեամբ վաւերացուած էր, ներկայացուցած էր քաղաքապետարանի անդամ հայազգի Սարգիս Ետէլեանը, եւ անիկա երկրորդուած էր Ռայտի քաղաքապետ Ճերոմ Լաքսալի կողմէ: Այսպիսով, Ռայտի քաղաքապետարանը եղաւ Աւստրալիոյ մէջ երկրորդ օրէնսդիր մարմինը, որ կը ճանչնայ Արցախի Հանրապետութիւնը Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի խորհրդարանէն ետք, որ 2012-ին արդէն ճանչցած էր Արցախի Հանրապետութիւնը:

Ներկայացուած օրէնքի նախագիծը կը ճանչնայ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը, կը քաջալերէ անոր մասնակցութիւնը միջազգային ընտանիքին մէջ եւ կոչ կ՛ուղղէ Աւստրալիոյ դաշնակցային կառավարութեան պաշտօնապէս ճանչնալու Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնն ու զօրացնելու Աւստրալիոյ կապերը Արցախի Հանրապետութեան եւ անոր ժողովուրդին հետ:

Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբը, որ Աւստրալիոյ մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցչութեան գրասենեակին հետ աշխատանք տարած է այս նախագիծին կապակցութեամբ, բարձր գնահատեց Ռայտի քաղաքապետարանի որոշումը:

Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Հայկ Գայսէրեան ըսաւ. «Ռայտի շրջանը Աւստրալիոյ ամէնէն հայաբնակ շրջանն է, առ այդ զարմանալի չէ, որ այդ շրջանի քաղաքապետարանը ըլլայ Արցախի Հանրապետութիւնը իբրեւ հայկական հանրապետութիւն ճանչցող առաջին տեղական կառավարման մարմինը, որովհետեւ շրջանի մէջ ապրող հազարաւոր հայորդիներու նախահայրերը ապրած էին Հայաստանի մէջ 1915 թուականի Ցեղասպանութենէն առաջ»:

«Շնորհակալութիւն կը յայտնենք քաղաքապետարանի անդամ Սարգիս Ետէլեանին, որ առաջարկած էր այս օրէնքի նախագիծը, ինչպէս նաեւ երախտապարտ ենք նաեւ քաղաքապետ Լաքսէյլին, որուն հետ մարտ ամսուան ընթացքին տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին ներկայացուցինք մեր առաջարկները, եւ ան հասկնալով այս հարցին անհրաժեշտութիւնը Ռայտի շրջանին մէջ ապրող բազմահազար հայորդիներուն համար, անհրաժեշտ եղած քայլերուն նախաձեռնեց», աւելցուց Գայսէրեան:

Նշենք, որ Լաքսէյլն ու Ետէլեանը մարտ ամսուան ընթացքին հանդիպում մը ունեցան Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի պատուիրակութեան հետ, որուն մաս կը կազմէր Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արա Յարութիւնեան:

Աւստրալիոյ մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Քայլար Միքայէլեան ըսաւ. «164.000 բնակչութիւն ունեցող Ռայտի շրջանի քաղաքապետարանի կողմէ միաձայնութեամբ տրուած որոշումը բարձր գնահատուեցաւ 150.000 բնակչութիւն ունեցող Արցախի Հանրապետութեան խաղաղասէր բնակչութեան կողմէ»:

«Յանուն ազատ Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ ժողովուրդին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Ռայտի քաղաքապետարանին, որուն որոշումով Աւստրալիան քայլ մը եւս մօտեցաւ ճանչնալու Արցախի Հանրապետութիւնը: Ճանաչում մը, որ կրնայ խաղաղութիւն բերել Լեռնային Ղարաբաղի շրջանին», եզրափակեց Միքայէլեան:

 

 

 

Նախորդը

Կիպրոսի Պատուիրակութիւնը Յարգանքի Տուրք Մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին

Յաջորդը

Կարօ Փայլան Երեսփոխանի Թեկնածու Պիտի Առաջադրուի Տիգրանակերտէն

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը
Հայկական

Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»
Հայկական

Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?