Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ցեղասպանութիւն» Ըսելուն Համար Փայլանի Դէմ Հետաքննութիւն` Քրէական Օրէնսգիրքի 301-րդ Յօդուածով

May 18, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ երեսփոխան Կարօ Փայլանի դէմ քրէական օրէնսգիրքի տխրահռչակ 301-րդ յօդուածով հետաքննութիւն սկսած է: Հետաքննութեան ծիրին մէջ կազմուած է զայն անձեռնմխելիութենէն զրկելու պահանջագիր: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին կը յայտնէ թրքական «Էվրենսել» օրաթերթը:

Անգարայի հանրապետական դատախազութեան կողմէ կազմուած պահանջագիրին մէջ կը նշուի, որ Փայլան Քանատայի հայկական «Հորիզոն» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է. «Թուրքիոյ մէջ ցեղասպանութիւն կատարուած է եւ անիկա տակաւին կը շարունակուի»:

Այս յայտարարութեան հետ կապուած հայ օրէնսդիրին դէմ բողոք ներկայացուցած է թուրք փրոֆ. Այկիւն Աթար: Բողոքին ընթացք տրուած է եւ սկսած հետաքննութիւն:

Փայլանը անձեռնմխելիութենէ զրկելու մասին պահանջագիրին մէջ կը նշուի, թէ ան «հրապարակայնօրէն նուաստացուցած է Թուրքիոյ Հանրապետութիւնն ու Թուրքիոյ կառավարութիւնը, վիրաւորած է հանրապետութեան նախագահը»:

Թուրքիոյ սահմանադրութեան 83-րդ յօդուածը կ՛ենթադրէ, որ յանցանք գործած երեսփոխանը չի կրնար հարցաքննուիլ, ձերբակալուիլ կամ կալանաւորուիլ առանց խորհրդարանի համապատասխան որոշումին: Հետեւաբար, դատախազութիւնը պէտք է յատուկ դիմում ուղարկէ Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարութեան, որպէսզի վերջինն ալ դիմէ խորհրդարանի նախագահութեան:

Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահութեան ներկայացուելէ ետք հարցը քննարկման կը դրուի  յատուկ յանձնախումբի մէջ, որուն կազմին մէջ են խորհրդարանի սահմանադրական եւ արդարադատութեան հարցերով յանձնախումբերու անդամները: Յանձնախումբը հարցը ուսումնասիրելէ ետք կը պատրաստէ համապատասխան զեկուցում, որ վերջնական քուէարկութեան կը դրուի խորհրդարանի նիստին ընթացքին:

Հարցը կրնայ բողոքարկուիլ Սահմանադրական դատարանին մէջ:

Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի 301-րդ յօդուածը կ՛ենթադրէ քրէական պատասխանատուութեան ենթարկել այն անձերը, որոնք կը վիրաւորեն թուրք ժողովուրդը, պետութիւնը, թրքականութիւնը, երկրի պետական կառոյցները, զինուորներն ու իրաւապահները:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի 301-րդ յօդուածով դատապարտուած էր նաեւ Հրանդ Տինք:

 

Նախորդը

Պետական Եկամուտներու Կոմիտէն Նոր Նախագահ Ունի

Յաջորդը

Կառավարութեան Ծրագիրը Պիտի Քննարկուի 7 Յունիսին

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.