ՄԱՀԱԶԴ
ՀՅԴ Քրիստափոր կոմիտէն կը գուժէ իր շրջանի հաւատաւոր ընկերներէն
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 16 մայիս 2018-ին:
—————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը կը գուժէ իր շրջանի հաւատաւոր անդամներէն
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 16 մայիս 2018-ին:
—————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Համազգայինի «Ռուբէն Զարդարեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը կը գուժէ մասնաճիւղի հիմնադիրներէն եւ վաստակաշատ նախկին ատենապետին`
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 16 մայիս 2018-ին:
—————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի վարչութիւնը կը գուժէ իր շրջանի անդամներէն
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 16 մայիս 2018-ին:
—————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Սեդա Վարժապետեան
Տէր եւ տիկին Հրաչ եւ Անուշ Վարժապետեան եւ դուստրը` Մանէ
Տէր եւ տիկին Սեւակ եւ Մարալ Վարժապետեան եւ զաւակները` Կարօտ, Շահէն եւ Արիանէ
Տիար Յովհաննէս Վարժապետեան
Տիկին Աղաւնի Սնապեան
Օրդ. Շուշան Վարժապետեան
Տէր եւ տիկին Սագօ եւ Կարինէ Փանոսեան եւ զաւակները` Միրօ եւ Սանան
Տէր եւ տիկին Յարութ եւ Թամար Սուրճեան եւ զաւակները` Նարօտ եւ Սարօ
Տէր եւ տիկին Գալէ եւ Լիլիթ Սնապեան եւ զաւակը` Արամ
Տէր եւ տիկին Յարութիւն եւ Ալիս Մխճեան եւ զաւակները` Յակոբ, Երան եւ Ծովիկ
Տիկին Եւնիկէ Եագուպեան եւ զաւակները` Յակոբ եւ Հրակ
Եագուպեան, Պարսումեան, Չիլինկիրեան ընտանիքներ
Այվազեան եւ Պասթաճեան ընտանիքներ
Պախչաճեան եւ Մանուկեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր, քեռիին, քեռայրին եւ հարազատին`
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 16 մայիս 2018-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի ուրբաթ, 18 մայիսին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, ապա հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ «Տիրան Պապիկեան» սրահին մէջ, յետ յուղարկաւորութեան արարողութեան, ինչպէս նաեւ շաբաթ, 19 եւ կիրակի, 20 մայիսին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00, նոյն վայրին մէջ:
—————————————-
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՅԱԿՈԲ ԹԷՆՊԷԼԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 20 մայիս 2018-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————
ՍՐԲՈՒՀԻ ՌԻԹԱՅԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ՈՒԽՏԻ ՕՐ
Մխիթարեան հայրերը հաճոյքով կը ծանուցեն մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ կիրակի, 20 մայիս 2018-ին, Սրբուհի Ռիթայի տարեկան ուխտի օրն է:
Այս տօնախմբութեան հոգեպարար առիթով, այդ օր ձայնաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Ռաուտայի ուխտատեղիին մէջ: Պատարագին պիտի յաջորդէ աւանդական նշխարհամբոյրն ու վարդերու օրհնութիւնը:
Կը պատարագէ եւ յաւուր պատշաճի քարոզէ`
ՀՈԳՇ. Հ. ՄԵՍՐՈՊ Թ. Ծ. ՎՐԴ. ՍԻՒԼԱՀԵԱՆ
Մեծաւոր Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի Մխիթարեան միաբանութեան
Յաւարտ սուրբ պատարագին ներկայացում պիտի կատարուի Ռաուտայի Մխիթարեան վարժարանի վերանորոգ շէնքին եւ նոր տնօրէնութեան:
ԾԱՆՕԹ.- Դիւրացնելու համար հաւատացեալներուն երթեւեկը, տրամադրուած են փոխադրամիջոցներ, որոնք կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն սկսեալ պիտի շարժին հետեւեալ հաւաքավայրերէն.
1) Պուրճ Համուտ – Քաղաքապետարանի մարզադաշտ
2) Պուրճ Համուտ – «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահ
3) Զալքա – Ս. Խաչ եկեղեցւոյ կից
ԴԻՒԱՆ ՈՒԽՏԱՏԵՂԻԻ
—————————————-
ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
3 մայիս 2018-ին Մայրերու օրուան առիթով «Թռչնոց Բոյն»-ի տիկնանց յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկէն գոյացած հասոյթ
15.600.000 լիբ. ոսկի (տասնհինգ միլիոն վեց հարիւր հազար լիբանանեան ոսկի)
—————————————
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
Խաչերեան եւ Պոյաճեան ընտանիքներ շնորհակալութիւն կը յայտնեն բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ծաղկեպսակով, նուիրատուութեամբ, հեռաձայնով, ե-նամակով կամ այլապէս մասնակից եղան իրենց հարազատին` ՇԱՔԷ ԽԱՉԵՐԵԱՆի (ծնեալ` ՊՈՅԱՃԵԱՆ) մահուան սուգին:
—————————————-
ԿԸ ՓՆՏՌՈՒԻ
3 զաւակներու հայր մը անմիջականօրէն եւ յոյսով կը փնտռէ անձ մը, որ կարենայ նուիրել իր երիկամներէն մէկը (A կամ O արեան խմբաւորումով):
Կը խնդրուի հեռաձայնել 03-790698 թիւին:
—————————————-
ԾԱԽՈՒ ՇԷՆՔ
Այնճարի Մէջ, 3 Յարկանի, Գին` 225000$: Դիմել` Հեռ. 03-321252:
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ-Ի ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ
ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԵՒ
ԽՄԲԱՊԵՏԱԿԱՆ ԿԱԶՄ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
19 ՄԱՅԻՍ 2018
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԱՂՔԱՏԱԽՆԱՄ ՄԱՐՄԻՆ
ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ
15 ՅՈՒՆԻՍ 2018
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆ
ՔԵՐՄԵՍ-ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ
23 ՅՈՒՆԻՍ 2018
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԳԱՅԵԱՆԷ» ՊԱՐԻ ԴՊՐՈՑ
25 ԵՒ 26 ՅՈՒՆԻՍ 2018

