Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը 1 մայիսին հաղորդած է, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նամակ մը յղած է Ազրպէյճանի իր պաշտօնակից Իլհամ Ալիեւին: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Նիուզ»-ը:
Նամակին մէջ Թրամփ կը նշէ, որ մտադիր է Ազրպէյճանի նախագահին հետ գործակցիլ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը ոլորտներու մէջ:
«Միասնաբար կրնանք յառաջդիմութիւն արձանագրել` ահաբեկչութիւնը պարտութեան մատնելու, նոր աշխատատեղեր ստեղծելու եւ Եւրոպայի մէջ ուժանիւթի ապահովութիւնը բարելաւելու ջանքերուն մէջ: Զեղծարարութեան դէմ պայքարին եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման գծով յառաջդիմութիւնները պիտի նպաստեն այդ ջանքերուն», գրած է Թրամփ` ըստ «Էյ.Փի.Էյ.»-ի:
Յատկանշական է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի մամլոյ ծառայութեան կայքին վրայ այդպիսի նամակի մը մասին հաղորդագրութիւն հրապարակուած չէ:



