Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին (ԵԽԽՎ) մէջ փտածութեան դէպքերու եւ նմանատիպ խախտումներու հետաքննութեամբ զբաղող փորձագիտական խումբի անդամ Փեթրա տէ Սութեր յայտարարած է, որ ԵԽԽՎ-ի մէջ փտածութեան փաստերը անվիճելի են: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»:
«Ակնյայտ է, որ անոնք պարզապէս հասարակական կազմակերպութիւններու կամ լրատուամիջոցներու կողմէ մեղադրանքներ չեն, այժմ կան փաստեր, անհերքելի փաստեր: Ճիշդ է նաեւ այն, որ զեկուցումը հիմնականին մէջ կը վերաբերի Ազրպէյճանի առնչուած մեղադրանքներուն եւ փաստերուն», յայտարարած է Տէ Սութերը քննարկման ընթացքին:
Ծանօթ է, որ փտածութեան հետաքննութեան խումբը 22 ապրիլին ներկայացուցած է զեկուցում մը, ուր հաստատած է Ազրպէյճանի լոպիիստական գործունէութեան վերաբերեալ կասկածները եւ հրապարակած է անունները երեսփոխաններու, որոնք խախտած են խորհրդարանականներու վարքագիծի կանոնները:
ԵԽԽՎ-ի զեկուցումին մէջ նշուած է, որ ԵԽԽՎ-ի յատուկ քննչական խումբը հաստատած է ԵԽԽՎ-ի փաստաթուղթերու պատրաստման եւ որոշումներու կայացման վրայ համակարգային արտաքին ազդեցութիւնը, ինչպէս նաեւ անհատ երեսփոխաններու գործունէութեան` բարոյագիտական չափանիշներուն չհամապատասխանելը:
Կը նշուի, որ «խումբը նաեւ բացայայտած է, որ լուրջ կասկածներ կան ԵԽԽՎ-ի որոշ ներկայ եւ նախկին անդամներուն առնչութեամբ, որ անոնք Ազրպէյճանի ի նպաստ փտածութեան բնոյթի գործունէութիւն վարած են»:



