Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հանրապետութեան Եւ Խորհրդարանի Նախագահները Կը Մերժեն Լիբանանի Մէջ Սուրիացի Տեղահանուածներուն Մասին Միջազգային Հաղորդագրութիւնը

April 27, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահական պալատի տեղեկատուական գրասենեակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձաւ Պրիւքսելի մէջ ՄԱԿ-ի եւ Եւրոպական Միութեան հրապարակած միացեալ հաղորդագրութեան, որ կը վերաբերէր Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներուն:

Նախագահական պալատէն բխած հաղորդագրութիւնը ընդգծեց, որ մեկնելով երկրին գերիշխանութիւնը եւ անկախութիւնը պահպանելու միջազգային օրէնքներէն, երկրին սահմանադրութիւնը եւ օրէնքները յարգելու երդման արարողութենէն եւ Լիբանանի անկախութիւնը եւ կայունութիւնը պաշտպանելու հանրապետութեան նախագահի պատասխանատուութենէն, նախագահ Միշել Աուն կը մերժէ ՄԱԿ-ի եւ Եւրոպական Միութեան միացեալ հաղորդագրութիւնը, որ կը հակադրուի իր երդման, սահմանադրութեան եւ կը վտանգէ Լիբանանի ապահովութիւնը` քօղարկուած բնակեցում ապահովելով տեղահանուած սուրիացիներուն:

Նախագահական պալատի հաղորդագրութիւնը խստիւ մերժեց ՄԱԿ-ի եւ Եւրոպական Միութեան միացեալ հաղորդագրութեան մէջ օգտագործուած «ըստ նախընտրութեան վերադարձ», «ժամանակաւոր վերադարձ», «գոյատեւման կամք» եւ «աշխատանքի դաշտի համարկման իրաւունք» արտայայտութիւնները, որոնք կը հակադրուին Լիբանանի պետութեան գերիշխանութեան եւ լիբանանեան օրէնքներուն:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին նկատմամբ Լիբանան եղբայրական մօտեցում եւ մարդկային վարուելակերպ ցուցաբերեց` հաստատելով, որ Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներուն միակ լուծումը անոնց ապահով տունդարձն է, յատկապէս Սուրիոյ ապահով շրջանները:

Հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ նաեւ, որ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը պէտք չէ անպայման կապել Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծման:

«Լիբանան կառչած կը մնայ Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծման եւ անոր վերակայունացման, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ միասնականութեան: Այս իմաստով Լիբանան կոչ ուղղած էր ՄԱԿ-ի եւ Եւրոպական Միութեան` անյապաղ քաղաքական բանակցութիւններու դիմելու` վերջ տալու համար Սուրիոյ պատերազմին, որովհետեւ Սուրիոյ եւ անոր դաշնակիցներուն կողմէ գետնի վրայ արձանագրուած նուաճումները երկրին մէջ խաղաղութիւն չեն կրնար հաստատել», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Իր կարգին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հաստատեց, որ իր եւ Լիբանանի խորհրդարանին անունով կը մերժէ միջազգային եւ եւրոպական հաղորդագրութիւնը, որ կը վերաբերի Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներուն:

Պըրրի շեշտեց, որ իրենք բազմիցս պահանջած են սուրիական կառավարութեան հետ գործակցիլ` դէպի ազատագրուած շրջաններ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը ապահովելու առումով: «Այս մասին կը վկայեն Շեպաայէն իրենց բնակարանները վերադարձած սուրիացի տեղահանուածները», ըսաւ ան:

Պըրրի խստիւ քննադատեց ՄԱԿ-ի եւ Եւրոպական Միութեան միացեալ հաղորդագրութիւնը, որ կը բովանդակէ տեղահանուածները Լիբանանի մէջ բնակեցնելու եւ սուրիացի ժողովուրդը ցիր ու ցան դարձնելու վտանգները:

Պըրրի իր եւ խորհրդարանին անունով հաստատեց, որ կտրականապէս կը մերժէ Պրիւքսելի միացեալ հաղորդագրութիւնը:

Միւս կողմէ, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ Պրիւքսելի մէջ պատահածին մասին կարելի չէ լուռ մնալ` աւելցնելով, որ Լիբանան միջազգային ընտանիքէն կը պահանջէ վերջ տալ սուրիացի տեղահանուածները երկրին մէջ պահելու քաջալերանքին:

Պասիլ շեշտեց, որ Լիբանան աւելի քան ութ տարիէ ի վեր կը հանդուրժէ սուրիացի տեղահանուածները, որոնք աւելի քան մէկուկէս միլիոն են:

«Միջազգային ընտանիքը չի կրնար մեզի մարդասիրութեան դասեր տալ: Միջազգային ընտանիքէն մեր միակ խնդրանքը այն է, որ անոնք չքաջալերեն տեղահանուածներուն Լիբանան կեցութիւնը», ըսաւ Պասիլ` աւելցնելով, որ իրենք կ՛ուզեն պահպանել լիբանանեան ինքնութիւնը եւ արգիլել բնակեցումը:

 

Նախորդը

Այսօր Վեհաժողով` Հարաւային Քորէայի Եւ Հիւսիսային Քորէայի Ղեկավարներուն Միջեւ

Յաջորդը

«Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակին Առիթով Կը Յիշենք Հայ Ժողովուրդին Արհաւիրքները Եւ Կը Գնահատենք Անոր Գոյատեւումը, Քաջութիւնն Ու Վճռակամութիւնը» Շեշտեց Նախագահ Աուն

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.