ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ այցելեց Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններու նախաշեմին այդ ուժերուն որդեգրած ապահովական քայլերը: