Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Լէոնարտօ տա Վինչիի նշանաւոր գեղանկարը` Ժոքոնտը (Մոնա Լիզա) կը գտնուի Փարիզի Լուվր թանգարանին մէջ եւ ան այդ վայրը բնաւ պիտի չլքէ…
Ինչո՞ւ:
Ժոքոնտին առաջին ճամբորդութեան միջոցը եղած է ջորի մը: 1516 թուականին, աշխարհի ամէնէն հռչակաւոր գեղանկարին հեղինակը` իտալացի գեղանկարիչ Լէոնարտօ տա Վինչի զայն հետը կը փոխադրէ` անցնելով Ալպեան լեռնաշղթան եւ հասնելով Ֆրանսա, ուր ան իր գործը կը նուիրէ Ֆրանսայի թագաւոր Ֆրանսուա առաջինին:
19-րդ դարուն գեղանկարը կը դրուի Լուվրի թանգարանին մէջ, ուրկէ ան կը գողցուի 1911-ին: Անոր վերագտնումէն ետք, Բ. Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին ան կը պահուի Շամպորի եւ Ամպուազի պալատներուն մէջ: Ապա, 1963-ին, ան կը կտրէ Ատլանտեան ովկիանոսը` ցուցադրուելու համար Ուաշինկթընի եւ Նիւ Եորքի մէջ, Միացեալ Նահանգներ: Անոր վերջին պաշտօնական ճամբորդութիւնը կ՛ըլլայ դէպի Թոքիօ, Ճափոն, 1974-ին:
Այդ թուականէն ի վեր Ժոքոնտը Լուվրէն բնաւ դուրս չէ ելած: Ֆրանսայի մշակոյթի նախարարութիւնը մտածած է կարճ ժամանակի մը համար զայն ցուցադրել Ֆրանսայի ուրիշ շրջանի թանգարանի մը մէջ: Այս ծրագիրը իրականացնելու համար կատարուած են ուսումնասիրութիւններ: Եզրակացութիւն` այդ գործողութիւնը պիտի կարօտի 30-35 միլիոն եւրոյի: Սակայն ինչո՞ւ գծանկարը տեղափոխելու գործողութիւնը այդքան սուղ պիտի արժէ:
Նախ եւ առաջ պէտք է ապահովել անոր պահպանումը: Այսինքն պէտք է նախատեսել պահպանող ցուցափեղկ մը եւ յատուկ պատ մը, որոնք կայուն ջերմաստիճան մը կրնան հայթայթել. ծախս` 2-3 միլիոն եւրօ: Ապա պէտք է շինել ծրարումի յատուկ միջոց մը, որ պիտի արժէ 3 միլիոն եւրօ: Եւ վերջապէս, քամերաներ եւ պահակներ` հսկելու համար. ծախս` 1-2 միլիոն եւրօ:
Ասոր կողքին, պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ եթէ Ժոքոնտը Լուվր թանգարանին մէջ չգտնուի, թանգարանը նուազ այցելուներ պիտի ունենայ… Ասիկա կրնայ մօտաւորապէս 20 միլիոն եւրոյի կորուստ արձանագրել թանգարանին համար: Ժոքոնտը տակաւին պատրաստ չէ ճամբորդելու…
Աշխարհի Ամէնէն
Լաւ Ուսուցչուհին
Անոր անունը Անտրիա Զաֆիրաքու է: Ան կերպարուեստ կը դասաւանդէ Լոնտոնի (Անգլիա) աղքատ թաղամասերէն մէկուն մէջ գտնուող դպրոցի մը մէջ: Այս տարի ան ստացաւ աշխարհի ամէնէն լաւ ուսուցիչի տիտղոսը, որ հիմնուած է 4 տարիներ առաջ:
Տարբեր երկիրներէ եկած իր աշակերտներուն հետ հաղորդակցելու համար Անտրիա սորված է 35 տարբեր լեզուներ: Ան աշխատած է նաեւ դպրոցի ծրագիրներուն վրայ, որպէսզի աշակերտներուն սորված գիտելիքները աւելի մօտ ըլլան իրենց ամէնօրեայ կեանքին:
Իբրեւ վարձատրութիւն` անոր տրուած է մէկ միլիոն տոլար: Այս գումարը անոր պիտի ծառայէ զարգացնելու համար իր այդ աշխատանքը: Միակ պայմանը այն է, որ ան պէտք է տակաւին դասաւանդէ նուազագոյնը հինգ տարի: Անտրիա Զաֆիրաքու արդէն խոստացած է, որ պիտի շարունակէ աշխատիլ նոյն ձեւով եւ պիտի շարունակէ այցելել իր աշակերտներուն տուները` զանոնք աւելի լաւ հասկնալու եւ անոնց հետ աւելի լաւ աշխատելու համար:
Կատուներ` Դասարանին Մէջ
Աշխարհի մէջ գոյութիւն ունին սրճարաններ, ուր կան կատուներ, բուեր կամ նոյնիսկ ոզնիներ:
Այս գաղափարը ներշնչած է ֆրանսական փոքրիկ դպրոցի մը տնօրէնուհին: Որպէսզի իր հաստատութեան 6-15 տարեկան 70 աշակերտները ըլլան աւելի հանդարտ, նուազ ջղային, դպրոցին մէջ կամ աշխատանքի ընթացքին, ան որոշած է դպրոցին մէջ ընդունիլ նաեւ կատուներ:
Անասունները ազատօրէն կը շրջին դպրոցին եւ դասարաններոււն մէջ, կը մռմռան, աշակերտներուն փաղաքշանքներ կը բաժնեն…
Սակայն կատու մը վերջին հաշուով կը մնայ կատու: Այս ձեւով, կը պատահի, որ կատու մը դասի ընթացքին երկննայ աշակերտներուն գրասեղաններուն վրայ: Անշուշտ ասիկա աշակերտին նեղութիւն կրնայ պատճառել, որովհետեւ կատուն երկնցած կ՛ըլլայ անոր տետրակին վրայ, եւ աշակերտը ստիպուած է զայն հեռացնելու:
Դպրոցին տնօրէնուհին ուզած է հարազատ ընտանեկան մթնոլորտ ունեցող վայր մը ստեղծել, որպէսզի աշակերտները ուրախ ըլլան կատուներուն շնորհիւ: Ըստ անոր, այս անասունները գրեթէ կախարդական կարողութիւններ ունին` հանդարտեցնելու եւ սթրէսը նուազեցնելու:
Ո՞վ Կտրած Է Սֆինքսին Քիթը
Մարդիկ երկար ժամանակ հաւատացած են, որ Նափոլէոնն է, որ թնդանօթի հարուածով մը Եգիպտոսի Կիզէի սֆինքսին քիթը կոտրած է.. Սակայն այս ենթադրութիւնը սխալ է:
15-րդ դարու եգիպտացի պատմաբան մը իր գրութիւններուն մէջ արդէն կը խօսէր այդ կոտրուած քիթին մասին: Ապա 1737 թուականին դանիացի հետախոյզ մը զայն կը գծէ… առանց քիթի: Գիտնալով, որ Նափոլէոն Եգիպտոս հասած է 1798 թուականին, ուրեմն առաջին ենթադրութիւնը սխալ պէտք է ըլլայ:
Հետեւաբար, ո՞վ կտրած է Սֆինքսին քիթը: Ըստ կարգ մը ենթադրութիւններու, Մոհամետ Սայիմ Էլ-Տահր անունով անձ մըն է, որ 1378-ին քիթը փճացուցած է, որպէսզի եգիպտացիները զայն չպաշտեն: Իսկ ըստ ուրիշ աղբիւրներու, արաբ նուաճողներ են, որոնք քիթը փճացուցած են 7-րդ դարուն: Գաղտնիքը տակաւին կը շարունակուի անպատասխան մնալ:
Ինչո՞ւ Մարդիկ Բնաւ Չէին Խնդար
Հին Նկարներուն Մէջ
Ո՛չ, ասիկա չի նշանակեր, որ անոնք դժբախտ էին: Հին նկարներուն մէջ մարդիկ գրեթէ բնաւ չէին խնդար… պարզապէս թեքնիք պատճառով մը:
19-րդ դարու կէսերուն նկարահանումը իր առաջին քայլերը կ՛առնէ, եւ նկարելը դիւրին գործողութիւն մը չէր, ինչպէս որ է ներկայիս:
Որպէսզի նկարը պղտոր չըլլայ, մարդիկ պէտք էր ամբողջովին անշարժ մնային մէկ վայրկեանի ընթացքին:
Մէկ վայրկեանը կրնայ շատ կարճ թուիլ մեզի. սակայն փորձենք ժպիտը մեր դէմքին մէկ վայրկեան անշարժ մնալ… առանց աչքերնիս թարթելու: Դիւրին չէ:
Առաւ՛ել, մէկ նկարը այնքան սուղ էր, որ մարդիկ յաճախ միայն մէկ նկար կը նկարուէին իրենց ամբողջ կեանքին ընթացքին: Հետեւաբար նախընտրելի էր շատ լուրջ կենալ:
Արդեօք Լեռները Կ՛աճի՞ն
Այո՛, սակայն` ոչ բոլորը: Ինչպէս գիտենք, լեռները կը յայտնուին հոն, ուր ցամաքամասերը իրարու կը բախին: Սկիզբը անոնք շատ արագ կը բարձրանան. պրո՜ւում: Երկրաշարժ, հրաբուխ եւ այլն: Ապա անոնք կ՛աճին կամաց կամաց, որովհետեւ ցամաքամասերը կը շարունակեն շարժիլ:
Օրինակի համար, Ալպեան լեռնաշղթային լեռները տարեկան 1-2 մմ կը բարձրանան: Իսկ Հիմալայեայի ամէնէն բարձր լեռները կրնան աճիլ տարեկան մինչեւ 1 սմ:
Ապա անոնք կը սկսին նեղնալ, յատկապէս` հովին պատճառով, որ կը կրծէ գագաթի հողէն: Սակայն այս գործողութիւնը շատ երկար կը տեւէ, մօտաւորապէս 3 մմ նուազում` ամբողջ դարի մը ընթացքին:
Ինչո՞ւ Ծովը Աղի Է
Որովհետեւ ան աղ կը պարունակէ… Ան կը պարունակէ աղի փոքրիկ բիւրեղներ, որոնք ծով կը հասնին գետերուն միջոցով: Գետերը այդ բիւրեղները «քաղած» կ՛ըլլան ճամբուն վրայ:
Հետեւաբար, ինչո՞ւ գետերը աղի չեն: Որովհետեւ անոնց ջուրը անդադար շարժումի մէջ է եւ կը նորոգուի անձրեւին պատճառով:
Հակառակը` ովկիանոսները աւելի կայուն են. ջուրը աւելի դիւրութեամբ կը շոգիանայ, եւ աղի քանակը աւելի շատ է:
Ո՞ւր Կը Գտնուի Մարդկային
Մարմնին Ոսկորներուն Կէսը
Մեր առաջին պատասխանը կրնայ ըլլալ ողնայարը: Սակայն ասիկա սխալ պատասխան մըն է:
Մեր մարմնին ոսկորներուն կէսը կը գտնուի… մեր ձեռքերուն եւ ոտքերուն մէջ միասին:
Հաշուենք.
Մեր ձեռքին մէջ դաստակը ունի 8 ոսկոր + 5 ոսկոր ափին մէջ + 14 ոսկոր` 5 մատներուն մէջ:
Մեր ոտքի կոճը ունի 7 ոսկոր + 5 ոսկոր ոտքին տակը + 14 ոսկոր` մատներուն մէջ:
Գիտնալով, որ մենք ունինք 2 ձեռք եւ 2 ոտք, պատասխանը պիտի ըլլայ 106 ոսկոր:
Իսկ գիտէի՞ր, որ մեր ծնունդին մեր մարմինը կը պարունակէ մօտաւորապէս 300 ոսկոր. սակայն երբ մենք կը մեծնանք, կարգ մը ոսկորներ իրարու կը փակին եւ չափահաս տարիքին մեր ոսկորներուն թիւը կը հասնի 206-ի:ն ոսկորներուն կէսը կը գտնուի… մեր ձեռքերուն եւ ոտքերուն մէջ միասին:
Ժամանց


